ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, որ մաս կազ­մեց 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու շրջագ­ծին։ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ «Գաղ-­թա­կա­նու­թիւն» քան­դա­կին օրհ­նու­թիւ­նը եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ըստ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան, Հոկ­տեմ­բեր 6-ին, Նիւ Եորք քա­ղա­քի սըր-տին վրայ գտնուող ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ գե­ղա­կերտ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի շրջա­փա­կին մէջ՝ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան, իր շուր­ջը ու­նե­նա­լով Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­նը, Ա­ռաջ­նոր­դի Փո­խա­նորդ Տ. Սի­մէոն Ա­բե­ղայ Օ­տա­պա­շեա­նը, Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Մա­մի­կոն Վրդ. Քի­լէ­ճեա­նը, Ս. Ներ­սէս ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Տ. Մար­տի­րոս Ա. Քհնյ, Չե­ւեա­նը եւ Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի սա­ներ, մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ օրհ­նեց եւ բա­ցու­մը կա­տա­րեց հան­րա­ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ Մայ­քըլ Ա­րա­մի «Գաղ­թա­կա­նու­թիւն» քան­դա­կին:

Ներ­կայ էին շուրջ չորս հա­րիւր հրա­ւի­րեալ­ներ:

Բազ­մա­թիւ պա­տուա­բեր մրցա­նակ­ներ շա­հած  ա­րուես­տա­գէտ Մայ­քըլ Ա­րա­մի մեծ ծնող­նե­րը Մեծ ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րող­ներ են: Հայ­կա­կան զար­դե­րով պատ­րաս­տուած ա­նոր ըն­տա­նե­կան ա­ռար­կա­նե­րը մի­ջա­գա­յին ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցած են եւ Ա­մե­րի­կա­յի յի­սուն նա­հանգ­նե­րու ծա­նօթ վա­ճա­ռա­տու­նե­րու մէջ փնտռուած ի­րեր են: Մեծ ե­ղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին եւ ա­նոնց նա­հա­տա­կու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով Մայ­քըլ Ա­րամ «Գաղ­թա­կա­նու­թիւն» խորհր­դան­շա­կան քան­դա­կը պատ­րաս­տած է: Փայ­լուն պող­պա­տեայ պա­տուան­դան մը՝ ո­րուն մէջ­տե­ղը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի   շրջան­նե­րու ձե­ւով բա­ցուածք մը կայ եւ ուր­կէ հա­րիւ­րա­ւոր ա­ղաւ­նի­ներ, ե­րամ առ ե­րամ, կը գաղ­թեն դէ­պի օ­տար շր­­ջան­ներ: Այս ա­ղաւ­նի­նե­րը ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին եւ ի­րար­մէ տար­բեր ձե­ւե­րով պատ­րաս­տուած են ա­րուես­տա­գէ­տին կող­մէ: Ո­մանց շար­ժու­մին մէջ կա­րե­լի է նշմա­րել զգա­ցուած ցա­ւը, կո­րուս­տի տխրու­թիւ­նը եւ ո­մանք ալ տա­րա­ծուած թե­ւե­րով՝ ի նշան Յի­սուս Քրիս­տո­սի խա­չե­լու­թեան եւ տա­ռա­պան­քին: Ա­նոնց թռիչ­քը կը խորհր­դան­շէ ի­րենց ծննդա­վայ­րէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ցրուած ժո­ղո­վուր­դի մը պատ­մու­թիւ­նը: Սա­կայն այս ա­ղաւ­նի­նե­րու գաղ­թին մէջ յու­սա­լից ե­րե­ւոյթ մը կայ՝ ա­ռի­թը վե­րապ­րե­լու եւ խոս­տու­մը՝ նոր կեան­քի Նոր Աշ­խար­հին մէջ:

Օ­րուան ձեռ­նար­կին հան­դի­սա­վարն էր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Թե­մա­կան խոր­հուր­դի նախ­կին ան­դամ, բա­րե­րա­րու­հի եւ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Սանտ­րա Շա­հի­նեան Լայթ­նըր, որ հա­կիրճ կեր­պով պատ­մա­կա­նը ը­րաւ Մեծ ե­ղեռ­նին իր խօս­քը ա­ւար­տեց ը­սե­լով, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ սրբա­ցու­ցած է մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­րուես­տա­գէտ Մայ­քըլ Ա­րա­մին եւ շնոր­հա­ւո­րեց զինք այս գե­ղե­ցիկ եւ խոր ի­մաստ ներ­կա­յաց­նող քան­դա­կին հա­մար եւ ի մէջ այ­լոց ը­սաւ. «Մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րապ­րու­մը  բա­րո­յա­կան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներշն­չու­մի աղ­բիւր է: Այս տա­րուան հա­րիւ­րա­մեա­կին  առ­թիւ ան­հա­ւա­տա­լի եւ հա­մա­տա­րած կեր­պով Մեծ ե­ղեռ­նը ճա­նա­չում գտաւ: Այս կը նշա­նա­կէ, որ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպք մը չէ մոռ­ցուած եւ տա­կա­ւին բո­լո­րը կը յի­շեն: Երբ կը գտնուին «Գաղ­թա­կա­նու­թիւն» քան­դա­կին դի­մաց եւ ա­նոր մա­կե­րե­սին ընդ­մէ­ջէն մեր ար­տա­ցո­լա­ցու­մը կը տես­նենք՝ պար­տինք ցոյց տալ մեր սի­րա­լիր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը մէկզ­մէ­կու հան­դէպ եւ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց հան­դէպ՝ ո­րոնք տա­ռա­պած են, եւ մին­չեւ այ­սօր այդ ցա­ւը կը կոտ­տայ ա­նոնց սրտե­րուն մէջ»։

Ա­րուես­տա­գէտ Մայ­քըլ Ա­րամ իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Այս­քան եր­կար ժա­մա­նակ ան­հա­ւա­տա­լի կեր­պով ծանր եւ լուռ տխրու­թիւն մը հա­մա­կած էր մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը: Այս քան­դա­կը պատ­րաս­տե­լով ես ի­րա­պէս հա­ղոր­դա­կից ե­ղայ մեր նա­հա­տակ­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու խոր վշ­­տին: Այս գործս դժուար կեր­պով պատ­րաս­տե­ցի, սա­կայն երբ  այ­սօր շուրջս կը նա­յիմ՝ իմ սիրտս խոր յու­զու­մով կը լե­ցուի, որ մենք հոս ենք: Մենք այն հուն­տերն ենք՝ ո­րոնք ծլան ու ծաղ­կե­ցան այդ թա­ղուած հո­գի­նե­րէն»։

100-րդ տա­րե­լի­ցին  ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած այս յու­զում­նա­լից եւ նոյն ա­տեն խան­դա­վա­ռիչ ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նիի նուա­գով (Կո­մի­տաս եւ Խա­չա­տու­րեան)  եւ օ­փե­րա­յին ծա­նօթ եր­գիչ Ե­ղի­շէ Մա­նու­չա­րեա­նի կա­տա­րու­մով:

Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն, եւ մին­չեւ ուշ ե­րե­կո­յեան ներ­կա­նե­րը ե­ղան Մայր տա­ճա­րի շրջա­փա­կին մէջ, մօ­տէն դի­տե­ցին «Գաղ­թա­կա­նու­թիւն» քան­դա­կը եւ ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին ա­րուես­տա­գէ­տին եւ ստա­ցան Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր օրհ­նու­թիւն­նե­րը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015