ՈՒԵԼՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Ուելսի Լորտ Կլաթսոնի անունը կրող գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական հերթական նիստը։ Թիւով չորրորդ այս նիստը նուիրուած էր Անկլիքան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութիւններուն մէջ Ս. Հոգիի դերին եւ աստուածաբանական նշանակութեան ընկալման։
Յանձնախումբը, ներկայացուած զեկոյցներու ու բանախօսութիւններու հիման վրայ մօտ ապագային պիտի հրապարակէ միջեկեղեցական փաստաթուղթ մը։ Յանուն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ժողովին մասնակցեցան Տ.Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Շահէ Վրդ. Անանեան, Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։