ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Երուսաղէմի հայոց նախորդ պատրիարք հոգելոյս Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ՝ իր վախճանման երրորդ տարելիցին կապակցութեամբ։
Օրուան պատարագիչն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ իր քարոզին մէջ ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց՝ աղօթքով յիշել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորը։
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հայրապետական տնօրինութեամբ վերջին օրերուն կատարուեցան նոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան ազատուեցաւ Հոլանտայի մօտ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդի պաշտօնէն։ Նոյեմբերի 1-ի դրութեամբ ան ծառայութեան պիտի վերադառնայ Գերմանահայոց Թեմին մօտ, ուր մինչեւ մօտաւոր անցեալը պաշտօնավարած էր երկար տարիներ։
Տ. Առէն Վրդ. Շահինեան ազատուեցաւ Անգլիոյ Հայոց Թեմին մօտ ստանձնած պարտականութիւններէն եւ Նոյեմբերի 1-ի դրութեամբ հոգեւոր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ Հոլանտայի հայոց եկեղեցական համայնքներուն մօտ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի իշխանութեան ներքեւ։ Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեան Մայր Աթոռի դիւանատունէն ներս զբաղեցուցած ժամանակաւոր պարտականութիւններէն ազատուեցաւ՝ ուսումնառութիւնը շարունակելու նպատակով Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ մօտ։ Իրմէ վերջ Մայր Աթոռի դիւանատան եկեղեցական-ժողովական կառոյցներու գրասենեակի տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Արսէն Քհնյ. Միրզոյեան։