Հարթակ

ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ

ՄԱ­ՐԻԱ ԳԱԲ­ՐԻԷ­ԼԵԱՆ

Վս­­տա­հա­բար Քա­րէն Եփ­փէն, Միս Պիւ­լը եւ Մար­իա Ճէ­քըպ­սը­նը քսա­նե­րորդ դա­րու սկիզ­բը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ լա­ւա­պէս կր­­ցած էին օգ­տա­գոր­ծել հա­մա­ցան­ցը, յատ­կա­պէս Դի­մա­տետ­րի (Facebook) է­ջե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց գոր­ծած բա­րիք­նե­րուն մա­սին աշ­խար­հով մէկ տե­ղե­կանք սփռէին, թէ ինչ­պէ՞ս ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին այս­քան ա­ռատ տե­ղե­կանք փո­խանց­ուած եւ ի­րենց մա­սին հաս­տա­փոր մատ­եան­ներ հրա­պա­րակ­ուած պի­տի ըլ­լա­յին:

ԷԱԿԱՆԸ

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂԼԵԱՆ

Կա­րե­ւոր է եւ շատ կա­րե­ւոր՝ զա­նա­զա­նել էա­կա­նը թէա­կա­նէն: Վեր­ջերս Դի­մա­տետ­րէն եր­կու ան­ձեր մա­կա­նու­նիս մա­սին ակ­նար­կու­թիւն ը­րին եւ նոյ­նիսկ... ա­ռա­ջար­կե­ցին, որ փո­խեմ, ի հար­կէ հա­յե­ցիու­թե­նէ բխած հո­գիով:

Նո­րօ­րեայ Հե­քիա՞թ, Թէ՞ Ի­րա­կա­նու­թիւն

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի մէջ ե­րէց­նե­րը կը պատ­մեն, թէ հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Սլէյ­ման Ֆրեն­ժիէ (1970, ե­րես­փո­խան Ս. Ֆրեն­ժիէի մեծ հայ­րը) նա­խա­գահ ընտ­րուե­լով՝ յայ­տա­րա­րած է, որ օր պի­տի գայ, երբ լի­բա­նան­ցի­նե­րը այ­լեւս դռնե­րը պի­տի չկղպեն (այն­քան ա­պա­հով պի­տի ըլ­լայ): Ե­կած են քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րը, եւ մար­դիկ իս­կա­պէս պէտք չեն ու­նե­ցած կղպե­լու դռնե­րը, ո­րով­հե­տեւ ո՛չ դուռ մնա­ցած է, ո՛չ ալ պա­տու­հան: Այս­պէս կ՚ը­սեն: Կա­տա­կը՝ կա­տակ, կար­դա­ցէ՛ք…

ՈՒՂՂԱՄԻՏ ՄԱՆՉՈՒԿԸ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

911-ը շտապ օգ­նու­թեան թիւն է բո­վան­դակ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին։ Հր­­դե­հի, զի­նուած ա­ւա­զա­կու­թեան, ինք­նա­շա­րի ար­կա­ծի, փո­ղո­ցա­յին կռիւ­նե­րու, ո­ճի­րի գոր­ծադ­րու­թեան եւ կամ յան­կար­ծա­կի հի­ւան­դու­թեան պա­րա­գա­յին, երբ հե­ռա­ձայ­նես այդ թի­ւին՝ ոս­տի­կան­ներ, հրշէջ­ներ եւ հի­ւան­դա­պահ­ներ ան­մի­ջա­պէս կը փու­թան տուեալ վայ­րը, օգ­նու­թեան ի­րենց ձեռ­քը եր­կա­րե­լու ա­ղէ­տեա­լին։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

​14-րդ դա­րու գեր­մա­նա­ցի միս­թիք փի­լի­սո­փայ քա­րո­զիչ Մէյս­դըր Էք­հարտ ի մի­ջի այ­լոց կ՚ը­սէ. «Աս­տուած Սէր է. Իր էու­թիւ­նը Սէր է. ուս­տի ես շնոր­հա­կալ չեմ ըլ­լար, որ զիս կը սի­րէ, քան­զի չի կրնար տար­բեր ըլ­լալ ինք իր բնու­թե­նէն: Ան զիս ստեղ­ծեց ին­ծի հա­մար»:

«ՉԱՐ­ՉԱ­ՐՈ­ՒՈՂ» Ա­ՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԸ ԵՒ ԶԱՅՆ… «ՉԱՐ­ՉԱ­ՐՈՂ­ՆԵ­ՐԸ»

ՊԱ­ՐՈՅՐ Յ. ԱՂ­ՊԱ­ՇԵԱՆ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ո՞ր հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ կա­րե­լի է զե­տե­ղել, այ­սօ­րուան իր տա­տա­նուող վի­ճա­կով ու վա­ղուան ա­նո­րո­շու­թեամբ։

ՄԵՐ ԼԵ­ԶՈՒՆ, ՄԵՐ Ա­ՒԱՆ­ԴԸ

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դի­պու­մը ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ ու­նի իր անց­եալն ու ներ­կան. անց­եա­լին, մաս­նա­ւո­րա­բար Մեծ Ե­ղեռ­նէն ետք, երբ դար­ձանք Սփիւռք, մեր երկ­րին հո­ղը կորսն­ցու­ցինք, սա­կայն կա­րո­ղա­ցանք մե­զի հետ բե­րել մեր հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը, մեր լե­զուն, մշա­կոյ­թը, մեր կեն­ցա­ղը, մէկ խօս­քով, ա­մէն ինչ որ կա­րե­լի էր փո­խադ­րել միտ­քով եւ հո­գի­ով:

Յակոբ Պարոնեան. Հայու Երգիծական Հանճարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​1878-ին, նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ­Պա­րո­նեան դադ­րե­ցուց «Թատ­րոն»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, բայց շա­րու­նա­կեց մշա­կել եր­գի­ծա­կան նոր գոր­ծեր, ո­րոնք լոյս տե­սան ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն կամ ա­ռան­ձին պրակ­նե­րով։ ­Մին­չեւ 1884 եր­կա­րած այդ շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն ե­ղան «Պ­­տոյտ մը ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ» եւ «Ծի­ծաղ» գոր­ծե­րը, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քի եր­գի­ծա­կան քննա­դա­տու­թեան կող­քին՝ քա­ղա­քա­կան բուռն խա­րա­նու­մի են­թար­կե­ցին, այ­լա­բա­նա­կան պատ­կեր­նե­րով, օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ քայ­լերն ու ճնշում­նե­րը։

Էջեր