ԷԱԿԱՆԸ
Կարեւոր է եւ շատ կարեւոր՝ զանազանել էականը թէականէն: Վերջերս Դիմատետրէն երկու անձեր մականունիս մասին ակնարկութիւն ըրին եւ նոյնիսկ... առաջարկեցին, որ փոխեմ, ի հարկէ հայեցիութենէ բխած հոգիով: Ինծի համար երբեք նորութիւն չեղաւ, ոչ ալ անա-կնկալ, քանի որ դպրոցական օրերէն մենք վարժ էինք զիրար ածականով բնորոշելու, ընդհանրապէս հիմ ունենալով կամ անունը, կամ ալ ազգանունը: Այսպէս Արմուտեանը կ՚ըլլար Տանձ, Սալիպեանին եանը կը թռէր... իսկ իմս ալ կ՚ըլլար Փոշ կամ ընդհանրապէս Պոշ (թրքերէնով պարապ). չէ՞ որ տեսանկիւնը կարեւոր է... ո՞վ ըսաւ, որ պարապը իր տեղին՝ լեցունին չափ արժէք կրնայ չունենալ: Լաօ Ցէ կ՚ըսէ. «Սենեակ մը կը գործածուի իր պատուհանին եւ դրան պատճառաւ»... այլապէս սենեակ ըլլալէ կը դադրի: Արդէն ես աւելի կը զուարճանայի «նոր» կնունքովս. դարձեալ տեսանկիւնի հարց: Օրինակ՝ երբ տարիները գլորեցան եւ Տանձը համալսարանական դարձաւ, առիթով մը երբ իրարու հանդիպեցանք, հին յուշերու իր ածականով զինք բնորոշեցի, «ինծի այլեւս տանձ մի՛ ըսեր» ըսաւ, եւ անկէ ետք արդէն առիթ ալ չունեցանք զիրար հանդիպելու... ի՜նչ բախտաւորութիւն: Իսկ Սալիպն ալ, որ համալսարանի արժանացած էր, մնաց ինչպէս որ էր մինչեւ վերջ, ինչպէս նաեւ այլ դասընկերներ, ներառեալ ես:
Անցան տասնեակ տարիներ ու ոմն մի, առիթով մը մականունս ըրած էր մատի փաթթոց՝ հրապարակաւ. այսինքն՝ թերթով, բայց այս պարագային՝ առաջին վանկը ի մտի ունէր ու զիս «փոշի»ացուցած էր վառօդով... ինչ եւ է: Շատ լսեր եմ նման փոխյարաբերութիւններ «Մեծ» կոչուած միջազգային եւ... ազգային անձերու փոխյարաբերութեան մէջ: Վերջապէս մարդը մարդ է իր վերիվայրումներով ալ:
Յառաջանալով դառնանք Դիմատետրին...։ Մի ոմն Ֆերտինանտ խորհուրդ կու տայ ինծի փոխել մականունս, քանի որ... թրքերէն է: Իսկ ուրիշ մը՝ Ագտեմ անունով, մականունս կտրատելով խծբծանքի նիւթ ըրեր էր, եւ ոչ հայատառ գիրերով: Ուրեմն անպատասխան չձգելու համար եւ քիչ մըն ալ լուսաբանելու (որ հարկաւոր էր իրենց համար, որպէսզի իրենք ընէին, եթէ լուրջ էին...) ըսի, հայրս որդեգրուած է, ու այդ մականունով ալ ապրած. իսկ ես ժառանգորդն եմ եւ իբրեւ պարտք չեմ կրնար զայն փոխել, անկախ անկէ, որ Լիբանանի մէջ տառ մը իսկ փոխելը երկար-բարակ դատավարութեան կը կարօտի: Ես հօրս չեմ դաւեր... եւ որպէս սփոփանք, ըսի. «կ՚արտօնե՞ս, որ երբ ներգաղթեմ Ֆերտինանտեան ըլլամ... իսկ երկրորդին՝ Ագտեմին (որ իր մականունէն հրաժարած է սովետաբոյր ըլլալուն) ըսի, երբ Հայաստան գամ, մականունս պիտի ուզեմ, որ Բագրամեան ըլլայ. այս ալ հօրս հետ ջերմ առընչութիւն ունի»:
Կարեւոր է զատորոշել...։ Եթէ մէկը Իշխանեան է, կը նշանակէ՞ թէ իշխանական ընտանիքէ է... յիշենք Շիրազը. «Ինքն է թաղել իշխանը ու խանը, բայց գրւում է դեռ՝ իշխանեան»...։
Կարեւորը զատորոշել է էականը թէականէն:
Ոմն մի Ֆերտինանտ եւ ոմն մի Ագտեմ, մականունովս հետաքրքրուած են եւ կ՚ուզեն զայն ուղղել, ի՜նչ հայասիրութիւն. միթէ՞ անձս իմ մականունս է...:
Սակայն վերջերս հակառուսութեան հետ ցեղակրօնութիւն մը թափ առած է եւ երկաթաքայլ (Աստուած վերջը բարին ընէ) այս էլեկտրոնիկ դարուն մէջ, երբ ցեղ բառն իսկ դարերու ծանրութենէն կը հեւայ... եւ աշխարհ այլ է, ունի ՄԱԿ-ը, ունի ԵՄ-ը եւ աշխարհ պէտք ունի լայնախոհութեան, իրատեսութեան, փոխադարձ յարգանքի, երբ մանաւանդ ունինք Արարատի նման ծանր հարցեր, կը զբաղինք բառերով, տառերով, որոնք անպայման ցուցանիշ չեն մեր ինքնութեան: Դառնալով դարձեալ Շիրազին, ըսենք. «Եւ թող այնտեղ Ճեմման Ճեմմա, Աստղիկն այստեղ Աստղիկ մնայ», որ փայլի մեր վրայ ու համայն հայութեան աշխարհի:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»