Նորօրեայ Հեքիա՞թ, Թէ՞ Իրականութիւն
Լիբանանի մէջ երէցները կը պատմեն, թէ հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Սլէյման Ֆրենժիէ (1970, երեսփոխան Ս. Ֆրենժիէի մեծ հայրը) նախագահ ընտրուելով՝ յայտարարած է, որ օր պիտի գայ, երբ լիբանանցիները այլեւս դռները պիտի չկղպեն (այնքան ապահով պիտի ըլլայ): Եկած են քաղաքացիական պատերազմի օրերը, եւ մարդիկ իսկապէս պէտք չեն ունեցած կղպելու դռները, որովհետեւ ո՛չ դուռ մնացած է, ո՛չ ալ պատուհան: Այսպէս կ՚ըսեն: Կատակը՝ կատակ, կարդացէ՛ք…
*
ԳԻՒՂԸ, ՈՐ ՉԻ ԿՂՊԵՐ ԴՌՆԵՐ
Ամէն օր 40 հազար ջերմեռանդ բարեպաշտներ Շանի Շինկնափուր կ՚այցելեն՝ հրապուրուած անոր 300 տարուան նշանաւոր առասպելով:
Երեւակայեցէ՛ք գիւղ մը, ուր բնակարաններուն մուտքի դուռ չկայ, խանութները չեն կղպուիր, եւ տեղւոյն բնակիչները միշտ ապահով կը զգան: Ասիկա պատմութիւնն է Շանի Շինկնափուրի, Հնդկաստանի Մահարաշտրա նահանգի, ուր գիւղացիները զերծ են վտանգներէ, ապահովական հարցերէ, գիւղի պահապանը նկատուող Շանի աստուծոյ՝ Երեւակ աստուծոյ հանդէպ ունեցած իրենց անվախճան հաւատքին շնորհիւ:
Ըստ առասպելին, շուրջ 300 տարի առաջ, տեղատարափ անձրեւներէ եւ հեղեղէ ետք, ծանր ժայռի կտոր մը յայտնաբերուեցաւ ժամանակին գիւղին մէջէն հոսող Փանասնալա գետի ափին: Երբ գիւղացիները փայտով դպան 1.5 մեթրնոց սալաքարի բեկորին, արիւն սկսաւ ծորիլ անկէ: Աւելի ուշ, այդ գիշեր, Շանի յայտնուեցաւ գիւղապետի երազին մէջ՝ յայտնելով, որ այդ սալաքարը իր սեփական պատկերն է՝ կուռքը, հրամայելով, որ սալաքարը պէտք է պահել գիւղին մէջ, ուր ինք պիտի բնակի: Բայց Շանի պայման մը ունէր. սալաքարը եւ անոր վիթխարի զօրութիւնները պէտք չէ պատսպարել, ծածկել, որպէսզի կարենայ անարգել հսկել գիւղը: Շանի ապա օրհնեց առաջնորդը եւ խոստացաւ գիւղը պաշտպանել վտանգէ: Գիւղացիները հսկայ սալաքարը երբ տեղադրեցին գիւղին կեդրոնը գտնուող անկտուր սալայատակի մը վրայ, անոնք որոշեցին թափել բոլոր դռները եւ կղպանքները: Անոնք այլեւս պէտք չունէին ատոնց, որովհետեւ Տէրը կը հսկէր, կը պահպանէր զիրենք:
Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի սերունդներու համար: Տեղացիները երբեմն փայտէ բարակ վահանակներ կը հաստատեն իրենց տան առջեւի դրան շրջանակին մէջ, որպէսզի թափառական շուները դուրս պահեն, բայց մնայուն դռներ չունին, եւ իրենց արժէքաւոր զարդեղէնն ու դրամը անպաշտպան կը ձգեն՝ հաստատապէս հաւատալով, որ իրենց սուրբ խնամակալը որեւէ անյաջողութենէ պիտի պաշտպանէ զիրենք: Նոյնիսկ գիւղի կեդրոնական հրապարակի հանրային արտաքնոցները մուտքին միայն բարակ վարագոյր մը ունին:
Նոր կառոյցները այս աւանդութիւնը պէտք է յարգեն: Ոստիկանատունը, որ միայն Սեպտեմբեր 2015-ին բացուեցաւ եւ գիւղացիներէն ցարդ ոչ մէկ բողոք ստացած է, մուտքի դուռ չունի:
«Եունայթըտ քոմերշըլ» դրամանատունը 2011-ին Շանի Շինկնափուրի մէջ բացաւ Հնդկաստանի առաջին «առանց կղպանքի» մասնաճիւղը, թափանցիկութեան ոգիով տեղադրելով ապակեայ մուտք մը եւ հազիւ նշմարելի՝ հեռուէն կառավարուող կղպանքով մը, յարգելով գիւղացիներուն համոզումներն ու հաւատքը:
Տեղացիները այնքան ապահով կը զգան եւ մտահոգ չեն, որ գիւղէն որոշ ժամանակ մը հեռանալու ատեն չեն ալ խնդրեր իրենց դրացիներէն հսկելու իրենց տունը: Գիւղացիները կը հաւատան, որ գողերը անմիջապէս պիտի պատժուին աչազրկութեամբ, եւ թէ՝ անպարկեշտ ոեւէ անձ 7.5 տարուան անբախտութիւն պիտի դիմակայէ:
Ի դէպ, ըստ գիւղին մէջ տարածուած տեղեկութեան մը, երբ գիւղացի մը իր տան մուտքին փայտէ վահանակներ տեղադրած է, յաջորդ օրն իսկ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած է: Այս տարօրինակ պատմութեան շնորհիւ՝ ամբողջ Հնդկաստանէն ամէն օր առ նուազն 40 հազար ջերմեռանդ բարեպաշտներ կ՚այցելեն տեսնելու համար երբեմնի խոնարհ սրբավայրը, որ վերածուած է խոշոր մեհեանի՝ ընդարձակուող կալուածով եւ նուիրատուութեամբ:
Թէեւ Շանի Շինկնափուր դարերով պաշտօնապէս զերծ մնաց գողութիւններէ, 2010-ին այցելու մը տեղեկացուց, թէ իր ինքնաշարժէն գողցուած են 35 հազար րուպի գնահատուող արժէքաւոր իրեր եւ կանխիկ գումար: Ոսկիի այլ գողութեան մը մասին (70 հազար րուպի) հաղորդուեցաւ 2011-ին: Սակայն մեղադրանքները չհաստատուեցան, որովհետեւ գիւղացիները կը պնդէին, թէ գողութիւնները գիւղէն դուրս տեղի ունեցած են:
Թերահաւատները կը պնդեն, թէ շրջանին մէջ ցած յանցագործութեան մակարդակը պայմանաւորուած է գիւղերուն հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուելու հանգամանքով, այլ ոչ թէ՝ լորտ Շանիի զարմանահրաշ զօրութիւններով: Ինչ որ ալ ըլլայ իրականութիւնը, ժամանակները կը փոխուին, կարգ մը գիւղացիներ առարկութիւններ ունին այս հինցած սովորութիւններուն հանդէպ՝ արտօնութիւն պահանջելով կրամ-փանչայաթէն (տեղական ինքնակառավարման մարմինէն) դռներ եւ կղպանքներ տեղադրելու, իրենց ընտանիքներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Բայց Շանի Շինկափուրի բնակիչներուն մեծ մասը կը յուսայ, որ աւանդութիւնը կը շարունակուի, որ՝ Շանի կը շարունակէ զիրենք բոլոր չար աչքերէ պաշտպանել գալիք բազմաթիւ դարերուն:
ԳԻՒՂԻՆ ՄԵՀԵԱՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ Է
Շանի Շինկնափուր գիւղը այս տարեսկիզբին իր վրայ կեդրոնացուց լուսարձակները, երբ հարիւրաւոր կին գործիչներ փորձեցին Սուփա գիւղէն ուղղուիլ մեհեան՝ բողոքելու համար մեհեանի ներքին առանձնարան կիներու մուտքի արգելքին դէմ: Ապահովական ուժեր չարտօնեցին կիներուն յառաջանալ:
Ստորեւ հակիրճ տեղեկութիւններ՝ գիւղին եւ մեհեանին մասին.
ԳԻՒՂԸ
Շանի Շինկնափուր գիւղը կը գտնուի Մահարաշթրայի Ահմետնակար շրջանին մէջ: Գիւղը կը ճանչցուի հռչակաւոր մեհեանով Շանիի` Հինտու աստուածը, որ կ՚առընչուի Երեւակ մոլորակին:
ԱՌԱՆՑ ԴՈՒՌԻ ԵՒ ԿՂՊԱՆՔԻ
Շանի Շինկնափուր ճանչցուած է աշխարհի միակ գիւղը, ուր տուները դռներ եւ կղպանքներ չունին, իսկ գիւղը գողութենէ զերծ կը մնայ: Նոյնիսկ ազգային դրամանատան Շանի Շինկնափուրի մասնաճիւղը դռներուն վրայ կղպանքներ չունի: Մարդիկ կը հաւատան, որ աւազակները չեն կրնար գողնալ կամ կողոպտել գիւղը, որ պաշտպանուած է Շանի աստուծոյ կողմէ, եւ թէ` փորձանքի կը մատնուին, երկնային պատիժի կ՚ենթարկուին անոնք, որոնք կը փորձեն գողնալ:
ՄԵՀԵԱՆԸ
Իւրայատուկ բացօթեայ մեհեանը պատեր կամ տանիք չունի: Բնութեան մէջ յառաջացած շուրջ 1.5 մեթր բարձրութեամբ սեւ սալաքարը (սուայամպհու) կանգնած է հարթակի մը վրայ եւ կը պաշտուի իբրեւ Շանիտեւ աստուած:
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ
Մեհեանին հարթակը կանգնած է գիւղին կեդրոնը, ուր կ՚այցելեն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ եւ բարեպաշտներ՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն եւ Հնդկաստանէն:
ԿԻՆԵՐՈՒՆ՝ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ
Բարեպաշտ կիներուն, սակայն, արտօնուած չէ պաշտամունք կատարել այս մեհեանին մէջ: Շանի Շինկնափուր կ՚արգիլէ կիներուն մտնել մեհեանի հիմնական տարածքի կեդրոնը՝ պնդելով, թէ կիները անմաքուր են: Ըստ հին աւանդութեան, կիներուն արտօնուած չէ բարձրանալ մեհեանի աստիճաններէն եւ իւղ թափել եւ աղօթել Շանիտեւի:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ»