ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՍԱՆՈՂ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ: