Ընկերա-մշակութային

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ՝ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ ԵՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԱԾ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկար դադարէ յետոյ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ցուցադրութեան բաժին վերադարձած է հայ եւ համաշխարհային արուեստի գանձերէն մէկը՝ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի «Սալոմէ» հանրայայտ ստեղծագործութիւնը։

ՅԵՏՑՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդ յաճախ հոգեբանական անհանգստութիւն կը զգայ, երբ դուրս կու գայ համակերպուած, յարմարուած իրավիճակէ մը։ Այս համակերպութեան համատեսքին մէջ երջանկութեան արցունքներու, յետհոգեցնցումի ճնշուածութեան խանգարման եւ ցուրտէն տաք վայր մը անցնելէ յետոյ պահ մը մսելու պատճառները գրեթէ նոյնն են։

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պոլսոյ Հայոց 82-րդ պատրիարքը: Աւազանի անունով Արշակ: Ծնած է 27 սեպտեմբեր 1913-ին, Եոզղատի Իյտէլի գիւղը:
Զաւակը եղած է Միհրան Գալուստեանի, որ իր գիւղի ամենէն հարուստ մարդոցմէ մէկը եղած է: 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կ՚ըսուի, թէ մարդ էակը միայն միսէ ու ոսկորէ կազմուած չէ, այլ ունի նաեւ հոգի եւ միտք։ Մարդ ինչպէս իր մարմնաւոր էութիւնը պահպանելու համար կարիքն ունի սնունդի, այնպէս ալ միտքն ու հոգին կարիքն ունին սնունդի՝ իմացական եւ զգացական առողջութիւնը պահելու համար։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրը կը նշուի ամէն տարի՝ մարտի 21-ին, սկսած 1999 թուականէն, երբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 30-րդ նստաշրջանի բանաձեւի համաձայն ընդունուեցաւ տօնը որպէս ամէնամեայ մասնագիտական օր։

ԴԻԼԱՔԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ՏԱՂԱՆԴԱՇԱՏ ԱՇԽԱՐՀԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանցի տաղանդաւոր արուեստագէտ-նկարիչներ Դիլաքեան եղբայրներուն՝ Յովհաննէս եւ Գագիկ Դիլաքեաններուն, Հայաստանի մէջ մեծ-փոքր գրեթէ ամէն մարդ գիտէ: 1976 թուականին անոնց ստեղծած մէկ գործը՝ «Գտնուած երազ» մանկական շարժապատկերը, մինչեւ հիմա կը ցուցադրուի եւ դարձած է ամենասիրուած հայկական մանկական շարժանկարը:

ՄԱՐԴԻԿ ԱՆԳՈ՞ՒԹ՝ ԹԷ ԳԹԱՍԻՐՏ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկութեան սրընթաց զարգացման ներկայ դարուն յաճախ ականատես կ՚ըլլանք այնպիսի ցաւալի դէպքերու, իրադարձութիւններու, որոնք մեզ յուսահատութեան կը մատնեն՝ մարդ արարածի բարեփոխման եւ անոր ապագայի մասին։

ԱՅՍՕՐ ՄԷԿ ԱՂԱՂԱԿ ՄԸ ԿԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ. «ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2005-2022 թուականներուն Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» չորս հատորեակը, որուն մէջ տեղ գտած է սփիւռքահայ արձակագիր, սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին համարոուղ Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան)՝ հիմնականը անծանօթ գրութիւնները:

Էջեր