ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան նոր պաշտօնի մը կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ իր պարագային կատարուած նշանակումը ուժի մէջ է անցեալ յուլիսի 1-էն ի վեր։