Թրքահայ կեանք

ՎԱԳԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ՖԵՍՀԱՆԷ»Ի ՄԷՋ

«Ֆես­հա­նէ»ի հա­մա­լի­րէն ներս այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան «Հա­թա­յի օ­րեր»։ Ե­րէկ սկսած այս ձեռ­նար­կը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ։ Այս շրջագծով տա­ղա­ւար մըն ալ յատ­կա­ցուած է Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Քրիստո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քո­յթին ըն­թաց­քին ստեղծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Գալ­ֆաեան Տան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ լու­սան­կար­չու­թեան դա­սըն­թացք մը, ո­րուն խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին դպրո­ցի բարձ­րա­գոյն ե­րեք դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը։ Լու­սան­կար­չա­կան հիմ­նար­կի վար­չա­յին­նե­րէն Թայ­լան Պաղ­ճը այս առ­թիւ այ­ցե­լեց վար­ժա­րան եւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տանք տա­րաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։

ԱՊՐԻԼԻ 24-ԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէ­կուան Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ինչ կար­գադ­րու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սած է յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին հա­մար, մինչ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը պի­տի նշէ 2015-ի տա­րե­լի­ցը։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի յար­կէն ներս Ս. Զատ­կուան նա­խոր­դող շրջա­նին ապ­րուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Բան­կալ­թիի Մխի­թա­րեան վար­­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆ՝ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ

ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը ե­րէկ պահ­քի սե­ղա­նով մը պա­տուեց փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս­պէս, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­ցին հայ, յոյն եւ ա­սո­րի հա­մայնք­նե­րէն դէմ­քեր։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր Ս. Զատ­կուան։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը այս առ­թիւ ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԸ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րուան առ­թիւ, Մար­տի 27-ին, այ­ցե­լե­ցին մե­ծա­նուն դե­րա­սան Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի (1849-1891) շի­րի­մը։

Էջեր