Ընկերա-մշակութային

ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ. ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յիսուն տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ մահացաւ հայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուր (Շահնուր Քէրէսթեճեան, ծնած՝ 1903-ին, Սկիւտար):
Ինչպէս ծանօթ է՝ գրողը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Սէն-Ռաֆայէլի ծերանոցին մէջ՝ համեստ պայմաններու ներքոյ եւ հրաժարած է նիւթական օգնութիւններէ: 

ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐ

Մեծայարգ Տիար Արա Գօչունեան
Գլխաւոր խմբագիր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ համացանցի ճամբով կ՚ընթերցենք՝ 28 հոկտեմբեր 1908-ին հիմնուած եւ ամբողջ հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ լոյս տեսած Ձեր յօդուածները։ 

ԱՐԵՒԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

ամէն առաւօտ
արեւը կը բարձրանայ լեռներու գագաթներէն
կը քալէ աշխարհի քաղաքակրթութեան փոշիներուն մէջէն
կը դիտէ մարդոց ողբերգութիւններն ու գռեհկութիւնները
կը տեսնէ անոնց տառապանքէն ծնած արցունքները

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ, ՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայոց պատմական դպրոցներէն մէկը՝ Ներսիսեան դպրոցը, օրերս կրկին յիշուեցաւ Երեւանի մէջ. հոկտեմբերի 17-18-ը տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովը նուիրուած էր Թիֆլիզի այդ նշանաւոր դպրոցին, որու հիմնադրման 200-ամեակը լրացաւ այս տարի: Գիտաժողովը կազմակերպած էին Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանն ու Թիֆլիզի «Կովկաս» համալսարանը:

ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴԳԾՈՒՄ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու իրաւունքները էապէս պէտք է ընդգրկեն բոլոր անհատները՝ տղամարդիկ եւ կիներ: Այս հիմնարար իրաւունքները, որոնք կրնանք կոչել նաեւ հաւասար, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունք, անխափան կը շարունակեն մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անօտարելի են եւ չեն կրնար փոխուիլ որեւէ պարագային։

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑԸ՝ ՆԱԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իր մահէն երկու տարի առաջ արեւմտահայ անուանի գրող Միսաք Մեծարենց սկսած է թարգմանութիւններ կատարել: Սակայն անոր գործունէութեան այս կարեւոր մասը այնքան չէ լուսաբանուած, որքան որ հռչակուած է անոր գրականութիւնը:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԻ ԱՌԹԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Համաշխարհայնացումը այսպէս կամ այնպէս, ընդունինք կամ մերժենք, հրաւիրենք կամ չհրաւիրենք, շատոնց արդէն մուտք գործած է մեր առօրեայ, առանց իսկ մեզի հարցնելու կամ մեր արտօնութիւնը առնելու:

ԸՆԴՈՒՆԻԼ. ՄԻԹԷ ԱՄԵՆԱԴԺՈՒԱ՞ՐԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ կը հանդիպինք իրադարձութիւններու եւ փաստերու, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր կամքէն անկախ եւ կը դժուարանանք ու չենք կրնար ընդունիլ, կը մտնենք անօգնական, անհանգիստ, ընկճուած տրամադրութիւն։ Միթէ կեանքի ամենամեծ հնարքներէն մէկը ընդունիլ սորվիլը չէ՞։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻՋԱՏԸ ԵՒ ԻՐ ԵՂԱՆԱԿԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տարուան այս եղանակը Հայաստանի պատմական խորհրդանիշներէն մէկուն՝ որդան կարմիր միջատի հարսնեակ դառնալու շրջանն է:
Ամէն տարի սեպտեմբերի 20-էն յետոյ Հայաստանի մէջ հողի տակէն դուրս կու գան պզտիկ այդ միջատները, որոնց պահպանութեամբ կը զբաղուի խումբ մը՝ կազմուած բնութեան պահակ-մասնագէտներէ:

Էջեր