Եկեղեցական

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՅԱՏԱԿԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որ միշտ համաքրիստոնէական ուշադրութեան առարկայ է, այս շրջանին յաւելեալ հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ՝ վերանորոգման աշխատանքներու բերումով։ Արդարեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյս գերեզմանին վրայ կառուցուցած հոյակերտ սրբավայրի յատակի նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է տեւական ժամանակէ ի վեր։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց կ՚ուղեկցէր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պէշիկթաշի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններով։ Թաղի համանուն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։

ԽԱՂՈՂԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ԴԷՊԻ ՕԾՈՒՄ…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտը արդէն անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մօտալուտ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ Միւռոնօրհնէք։

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՄԱՍՏՐԻԽՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ այցելեց Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքը։

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աշխարհասփիւռ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներու հոգեւոր միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ՝ խաղողօրհնէքի խորհուրդով։

ԴԻ­ՄԵ­ԼՈՎ ՍՔԱՆ­ՉԵ­ԼԻ ԼՈՅ­ՍԻ ՄՕՐ ԲԱ­ՐԵ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Մայր Սուրբ սքան­չե­լի լու­սոյն,
որ զԱս­տուած ա­մե­նայն յա­ւի­տեանց
յո­րո­վայ­նի քում կրե­ցեր.
եւ ցնծու­թիւն աշ­խար­հի ծնար զԲանն Աս­տուած»
(Ժա­մա­գիրք)

Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տա­ղա­ւա­րը ան­գամ մը եւս ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռէ անդ­րա­դառ­նա­լու եւ ին­չու չէ նաեւ վեր­յի­շե­լու «Տի­րոջ ա­ղա­խին»ը, ո­րուն ար­տա­սա­նած մեծ «Ե­ղի­ցի»ին կը պար­տինք Հօր Աս­տու­ծոյ մշա­կած փրկա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին՝ մեծ եւ սքան­չե­լի խոր­հուր­դին յայտ­նու­թիւ­նը։ 

ՊԱՇ­ՏԱ­ՄՈՒՆ­ՔԻ ՎԵ­ՐԱ­ԲԱ­ՑՈՒՄ

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

ՀԲԸՄ-Ի «ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։

Էջեր