Եկեղեցական

ՍՈՒՐԲ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը ամէն տարի կը կատարուի Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն կ՚այցելէ Եւրոպա։ Դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս երէկ առաւօտ ան մասնակցեցաւ Լիէժի մէջ մատուցուած հայածէս Ս. Պատարագին, որուն նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Հունգարիոյ Արեւելքի քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համագումար մը։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւս մասնակցեցաւ համագումարի բացման։

ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքի «Մարթին Լութհեր» համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէէն պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար դասախօսներէ եւ ուսանողներէ։

ԹԵՄԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 122-ՐԴ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հերթական՝ 122-րդ թեմական պատգամաւորական ժողովը վերջերս գումարուեցաւ Մասաչուսեցի մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ ծաւալուած աշխատանքներուն ներկայ էր նաեւ Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։

ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշուի Պատրիարքութեան հաստատումը։

Էջեր