ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆՔ
Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի Ս․ Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան։ Ներկայ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններն ու հոգեւորականաց դասու անդամները, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան։
Արարողութենէն վերջ յարակից «Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ Միջինքի աւանդական ընթրիքը։ Այս տարուան սեղանը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Երիտասարդ գործարարներու միութեան (TÜGİAD) հովանաւորութեամբ։ Բացի մեր հոգեւորականաց դասէն, ներկայ էին Իսթանպուլի Միւֆթիւ Փրոֆ․ Տքթ․ Ռահմի Եարան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, Սարըյէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնճ, երեսփոխաններ՝ Սէզկին Թանրըքուլու, Էրտէմ Էօզսիւնկէր, ինչպէս նաեւ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, Պագըրգիւղի քաղաքապետարանէն փոխ-քաղաքապետ Մարգրիտ Տիքմէ եւ Նուրհան Չէթինգայա, TÜGİAD-ի նախագահ Պաշաք Իլիսուլու, փոխ-նախագահ Ռուբէն Մխճեան, ինչպէս նաեւ համայնքային հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ մեր համայնքի զանազան հաստատութիւններու պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ սեղանակից եղան հիւրերուն հետ՝ զրուցելով հոգեւոր ուրախութեան պայմաններու ներքեւ, ներկայ նուիրական շրջանին։
Ընթրիքը բացուեցաւ Ընդհանուր Փոխանորդին աղօթքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ Միջինքի խորհուրդին շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ TÜGİAD-ի անդամները կը բաժնեն իրենց քրիստոնեայ դրացիներու հոգեւոր ուրախութիւնը եւ որպէս արտայայտութիւն իրենց այդ զգացումներուն՝ միացած էին այս սեղաններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց TÜGİAD-ի վարչութեան ու անդամներուն։
Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Պաշաք Իլիսուլու, որ փոխադարձեց Սրբազան Հօր խօսքերուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ իրենց կազմակերպութեան մասին՝ նշելով, թէ անդամներու շարքին կան նաեւ հայ գործարարներ։ Ան մաղթեց պահքի բարեբեր շրջան մը եւ երջանիկ Ս․ Զատիկ։ Ընթրիքի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։