ԷՐԵԲՈՒՆԻԻ ԴԷՊՔԵՐԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԽՆԴՐԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՓՈՒԼԸ
Վարդան Օսկանեանի կարծիքով՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը չեն կրնար ժխտական ազդեցութիւն ունենալ արցախեան շփման գիծի ընդհանուր իրավիճակին վրայ: «Համախմբում» կուսակցութեան հիմնադիր՝ Օսկանեան, որ այսպէս արտայայտուած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին՝ նաեւ ըսած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական որեւէ վտանգալից զարգացում ըլլայ, ապա բոլորը պատրաստ պիտի ըլլան ճակատ երթալու:
Օսկանեան օղակը կը սեղմէ: Ան առանց նախաբաններու կը մտնէ բուն նիւթին մէջ եւ լռելեայն կ՚ուզէ բացատրել, որ Էրեբունի զինուորական կեդրոնին շուրջ երեւելի դարձող խմորումները անմիջական կապ ունին արցախեան հիմնախնդրին հետ:
Անոր մօտեցումին մէջ թոյլ օղակ մըն ալ կայ, որովհետեւ ան կը գերադասէ այն կարծիքը, թէ նման արարքներ չեն թուլացներ Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայութեան ներքին ճակատը:
Իրօք, ի՛նչ կը կատարուի Էրեբունի զօրակայանին շուրջ: Կիրակի օրուընէ սկսեալ ՊՊԾ զօրակայանը դարձած է «պատանդ» եւ յանձնուած է խումբ մը զինեալներու, որոնց գլխաւոր պահանջն է պէյրութահայ գործիչ՝ Ժիրայր Սէֆիլեանին ու միւս բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:
Զինեալները, որ հանրութեան ներկայացած են «Սասնայ ծռեր» անունով, Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակելու պահանջէն բացի, ունին այլ պահանջ մը, որն է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաժարումը:
Առաջին օրերու բուռն քննարկումներէն ետք, այսօր երկրորդական թեմա դարձած է զինեալներու արարքին իրական գնահատականը: Այս առումով նաեւ քիչ չէ այն մարդոց տեսակէտը, ըստ որուն այս խմբակը ահաբեկիչներու խմբակ մը չէ, այլ անոնք «գաղափարի մը համար» նախաձեռնած են այս քայլին: Հայաստանի մէջ իշխանութեան հանդէպ առկայ դժգոհութիւնը նորութիւն մը չէ: Ցարդ պարզ ալ չէ, որ այդ դժգոհութիւնը ընկերաբանական երեւոյթ է կամ ոչ, բայց եւ այնպէս փաստացի երեւոյթ է, որ Հայաստանի մէջ ամէնուրեք ու ամէն տեղ իշխանութեան դէմ համաժողովրդային դժգոհութիւն մը գոյութիւն ունի: Բացի անկէ, որ նոյն քաղաքացիները կը մոռնան, թէ այսօրուան իրադրութիւնը՝ արտագաղթ, անգործութիւն, աղքատութիւն եւ այլն պայմանաւորուած չեն մէկ անձի մը որոշումներէն կամ գործելաոճէն, բայց եւ այնպէս յստակօրէն կ՚երեւի, որ գործող իշխանութեան եւ հասարակ ժողովուրդին միջեւ կապի խզում մը կայ: Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ուզեր խօսիլ ժողովուրդին հետ: Եւ այս վարկածը աւելիով կը հիմնաւորուի, որեւէ դէպքի մը պարագային ժողովուրդի հատուածներուն փողոց իջնելուն հետ:
Այդպէս եղաւ անցեալ տարուան Յունիսին, ու այդպէս է այսօր:
Մտահոգիչը սակայն այդ փողոց իջնելը չէ, այլ առկայ խնդիրներու շատ յաճախ երկարաձգումը կամ իշխանութեան կողմէ յաճախ կարեւոր միջամտութեան մը ուշացումը:
Մինչ ցայսօր իբրեւ պատանդ կը պահուին չորս ոստիկաններ, որոնց մէջ գնդապետներ Օսիպեանն ու Եղիազարեանը, զօրանոցի տարածքին մօտ տեղի կ՚ունենան ուշադրութեան արժանի դէպքեր:
Չեմ ըսեր տրամաթիք դէպքեր, որովհետեւ հաւաքներուն մինչեւ այս տողերուն գրուիլը հանրութեան ընդհանուր թիւը գետնի վրայ նոր հարթութիւն մը ստեղծելու ուժը չունի:
Վերադառնալով քաղաքական գետին, յստակ է նաեւ, որ գործընթացներուն մասնակից հիմնական կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր «տաշտը» լեցնել: Այսպէս, մինչեւ հիմա անիրականանալի թուացող Փաշինեան-«Հիմնադիր խորհրդարան» ամուսնութիւն մը կը գոյանայ, որուն դիմաց բացայայտօրէն կ՚երեւի, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն (Հայ ազգային գոնկրէս) ու իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) քաղաքական նոր շրջանագիծ մը կը կազմեն:
Եթէ ճիշդ վերլուծենք, պէտք է ամէն պարագայի դրական գնահատել Նիկոլ Փաշինեանի հաւաքի ժամերն ու օրակարգը դասաւորելու մօտեցումները, որովհետեւ առանց այդ տինամիզմին, յստակ էր, որ Երեւանի Էրեբունի շրջանին մէջ 21 Յուլիսին ոստիկանութեան եւ բողոքարարներուն միջեւ եղած բախումները կրնային տարածուիլ ամբողջ երկրէն ներս:
Բացի այս բոլորէն, Ուրբաթ գիշեր Էրեբունիի շուրջ գոյացած ընդհանուր մթնոլորտը կը յուշէ, որ նոր ձեւաւորուող իշխանութիւնը կը պատրաստուի երկարատեւ պայքարի: Տակաւին պարզ չէ, որ մինչեւ այս պահը այս դաշինքներուն երանգապնակին մէջ իրենց տեղը չգտած (օրինակ՝ ԲՀԿ-ն) կուսակցութիւնները ի՛նչ պիտի ընեն, սակայն յստակ է, որ Փաշինեան-Սէֆիլեան դաշինքը ծրագրուած աժանտայով մը հանդէս պիտի գայ:
Դէպքերը կրնան ծանր եւ վտանգաւոր զարգացումներու անցնիլ հակառակ անոր, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ օր իր հրաւիրած խորհրդակցութեան նիստին ընթացքին շեշտը դրած է ամէն գնով արիւնահեղութենէ խուսափելու մասին: Նախագահը, որ ճիշդ դիտարկում մը ընելով հաստատած է, բռնի ուժի օգտագործման անյուսալիութեան եւ փակուղի տանելու մասին, երբեք պիտի չուզէ կտրուկ քայլերու դիմել:
Այսօր պատանդ-զինեալ-ոստիկան օղակը սկսած է դառնալ երկրորդական: Ընդդիմադիրները, որոնք պիտի փորձեն ամէն գնով յառաջիկայ օրերուն Երեւանի փողոցները աննախընթաց քանակութեամբ ցուցարարներով լեցնել, պատրաստ են ամէն պարագայի այդ խաղաքարտը քաղաքական միաւորի վերածելով՝ գետնի վրայ նոր իրադրութիւն ստեղծել: Անոնք նոյնպէս կը խուսափին բռնութենէ, որովհետեւ ինչպէս իրենց, նոյնպէս Հայաստանի հանրութեան յիշողութեան մէջ թարմ կը մնայ 1 Մարտի արիւնալի բեմագրութիւնը:
Բացի ատկէ, յստակ է նաեւ, որ բռնի ուժով, զօրակայան գրաւելով, պատանդ վերցնելով խնդիր առաջադրող «Սասնայ ծռեր» խումբի տղաքը վաղն իսկ ընդհանրումի մէջ կրնան մտնել փողոցը պահել փորձող նոր դաշինքի ուժերուն հետ:
«Հիմնադիր խորհրդարան»ը, որ բաւական արմատական մօտեցումներով եւ զինեալ պայքար տանելու սկզբունքին հաւատացող ուժ մըն է, անցնող տարիներուն չյաջողեցաւ քաղաքական իրական ուժ մը դառնալ: Ու իշխանութեանց կողմէ այդ խմբաւորման զէնք ու զինամթերք ունենալու վերաբերեալ վարկածներն ու յաճախ տեսանելի կամ ոչ-տեսանելի ամբաստանութիւնները այսօր կամաց-կամաց սկսած են տեղ գտնել:
Ի վերջոյ, ուրկէ՞ եկած է «Սասնայ ծռեր» տղոց ունեցած զէնքն ու զինամթերքը: Կամ այս բոլորին դիմաց ի՞նչ կարծիք ունի «Հիմնադիր խորհրդարան»ի հիմնական դէմքը՝ Ժիրայր Սէֆիլեանը: Սէֆիլեան, որ մինչեւ այս պահը լռութիւն կը պահէ, պիտի ընդունի՞, որ իր դատին համար արիւն թափուի Երեւանի մէջ: Կամ վաղը, երբ այս խնդիրը հանգուցալուծուի, իշխանութիւնը պիտի չփորձէ։ Ամէն գնով զէնք կրելու կանխավարկածը փուշ դարձնել ու մխրճել «Հիմնական խորհրդարան»ի մարմնին մէջ:
Այստեղ պէտք է նաեւ շեշտադրել Հայաստանի բարեկամ երկիրներու կեցուածքները եղած դէպքերուն առընթեր ու յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան բռնի ուժի կիրառումը մերժելու մասին եղած յայտարարութիւնները:
Ճիշդ է, որ արտաքին ազդակները շատ տեղ կրնան չունենալ յառաջիկայ զարգացումներուն մէջ, բայց եւ այնպէս յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ Միացեալ Նահանգներու «Սասնայ ծռեր», հետեւաբար՝ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի հանդէպ ունեցած մերժողական կեցուածքը նոյնը չէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ անոր գլխաւոր առաջնորդին՝ Նիկոլ Փաշինեանին հանդէպ:
Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Հայաստանի համար, ու այդ օրերուն ընթացքին է նաեւ, որ յստակ պիտի դառնայ Հայաստանի հասարակութեան իրական կեցուածքը քաղաքական այս զարգացումներուն առջեւ:
Պիտի վստահի՞ Հայաստանի քաղաքացին նոր ծնունդ առնող այս շարժումին, կամ հերթական անգամ պիտի գոհանայ իր տան համակարգիչին առջեւ նստելով եւ ֆէյսպուքեան գրառումներ կատարելով:
Այս հարցադրումը կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանի համար յառաջիկայ հանգրուանը պիտի ըլլայ շատ աւելի վճռորոշ, ուր շրջանային իր գործընկերներուն հետ Հայաստան պիտի նստի Արցախի հարցի հանգուցալուծումը պատրաստող բանակցութեանց սեղանին:
Ու շատ ճիշդ պիտի ըլլար, որ մեր երկիրը այդ բանակցութիւններուն երթար միակամ, կազդուրուած ու պատրաստ:
Բայց այդպէս չեղաւ:
Վերադառնալով յօդուածին սկիզբը արծարծուած մտքին, այն մասին, որ այս զարգացումները ժխտական անդրադարձ չեն կրնար ունենալ արցախեան հիմնահարցին վրայ, պէտք է յստակօրէն դիտարկել ու ըսել, որ Էրեբունիի շուրջ տիրող մթնոլորտը այսօր իսկ իր վատ ազդեցութիւնները ձգած է Հայաստանի պետականութեան ընդհանուր տրամագծին վրայ:
Ճիշդ է, որ վիճակը անելանելի չէ:
Ճիշդ է նաեւ, որ այս իրադրութեան դարմանման համար, իշխանութիւնները նոյնպէս պէտք է երթան զիջումներու:
Տխուր է սակայն, որ պատմութեան կենսափորձէն սորվիլ չուզող մեր ժողովուրդը կրնայ անգամ մը եւս իյնալ պառակտումի քանդիչ թակարդին մէջ:
Յուսանք, որ այդպէս չ՚ըլլար ու ... սպասենք:
Յ.Գ. Մինչ այս յօդուածը իր աւարտին կը հասնէր, «ԳԱԼԱ» կայքը կը յայտնէր Էրեբունիի խնդրին հանգուցալուծման մասին առաջին տեղեկութիւնը: Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւնները, ըստ երեւոյթին դրական աւարտ մը պիտի շնորհեն խնդրին: Պատանդները ազատ պիտի արձակուին ու պիտի բացուի մամուլի կէտ, ուր «Սասնայ ծռեր» խմբակը հանդէս պիտի գայ մամլոյ ասուլիսով: Յառաջիկայ զարգացումները խիստ կարեւոր են, ու ցոյց պիտի տան, թէ Բալասանեանի ճիշդ ժամանակին եղած միջամտութիւնը ինչքանով դրական է: Բացի այս բոլորէն, խնդրի հանգուցալուծումին հետ կարեւոր հարցադրումներ կան տրուելիք այն քաղաքական ուժերուն, որոնք աճապարանքով եւ փութկոտ քայլերով փորձեցին բոլոր քարտերը իրարու խառնել եւ հարթակ ստեղծելու ճիգ ընելով իշխանափոխութիւն պահանջել: Հարցումը, որ կը դրուի այս պահուն՝ ո՞ւր էին անոնք մինչեւ հիմա եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ փորձեցին փողոցը «գրաւել»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան