«ՇԻՐԱԿ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՍԱՅԵԱԹ-ՆՈՎԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳԱՐԱՆԸ
Վերջերս՝ 28 Յունիսին ստացանք Պէյրութի նշանաւոր «Շիրակ» հրատարակչատան լոյս ընծայած՝ «Շիրակ Երգարան 2016»ի յատուկ թողարկումը, որ նուիրուած է մեր մեծագոյն աշուղ, անզուգական Սայեաթ-Նովայի կեանքին եւ մանաւանդ անոր անմահ երգերուն ու տաղերուն, որոնք առանց չափազանցութեան կ՚երգուին աւելի քան տասնամեակներէ ի վեր, մեր ժողովուրդին գրեթէ բոլոր ազգային թէ ժողովրդական առիթներուն:
«Շիրակ» հրատարակչատունը քանի մը տասնամեակներէ ի վեր հրապարակ կ՚իջեցնէ «Շիրակ» երգարաններու շարքը, իւրաքանչիւր անգամ անոր մէջ տեղ յատկացնելով հայկական նորագոյն երգերուն՝ հայաստանեան թէ սփիւռքեան: Նոյնիսկ դպրոցականներու յատուկ, ինչպէս նաեւ նօթաներով օժտուած երգարան լոյս տեսած է նոյն հրատարակչատունէն:
Այս իմաստով հսկայական գործ տեսած են Հաննէսեան եղբայրները՝ Կարապետն ու Յովհաննէսը, որոնք ջանք չեն խնայած հայ արուեստասէրին եւ մանաւանդ երգարուեստի սիրահարներուն՝ հրամցնելու հայկական գրեթէ բոլոր մարզերուն պատկանող երգեր՝ սիրային, ժողովրդային, աշուղական-գուսանական, ազգային-հայրենասիրական թէ այլ բնոյթի: եւ այս շնորհաշատ աւանդութիւնը շարունակուած է երկար տարիներ:
Այժմ հրապարակ իջած է «Շիրակ Երգարան 2016»ը, որ ինչպէս նշեցինք վերը, յատկացուած է մեծն Սայեաթ-Նովայի կեանքին ու անոր բազմապիսի տաղերուն եւ երգերուն, որոնք միշտ ընդունելութիւն գտած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ:
Գունաւոր եւ գեղատիպ երգարանին կողք ընտրուած է՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Սուրէն Սաֆարեանի «Սայեաթ Նովա» խորագրեալ գործը, ուր մեր մեծանուն աշուղը մտածումի մէջ ինկած է, իսկ անդին կ՚երեւին հայ գեղանի աղջիկները:
Երգարանը մտայղացումն ու իրագործումն է հրատարակչատան պատասխանատու Կարապետ Հաննէսեանին, երգերու արեւմտահայերէնի վերածելը՝ Աբրահամ Ալիքեանին, իսկ երկրորդ հրատարակութեան խմբագիրն է Երուանդ Տէր Խաչատրեանը: Նշուած է երկրորդ բարեփոխուած հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2016:
Երկու խօսքին մէջ կ՚ըսուի.
«Այս գիրքին առաջին տպագրութիւնը իրականացուցինք 1992 թուականին: Մեր ժողովուրդին սէրն ու հիացումը Սայեաթ-Նովայի եւ անոր երգերուն հանդէպ միշտ եղած է ջերմ եւ անվերապահ, այնպէս որ մեր ամբողջ տպաքանակը սպառեցաւ շատ կարճ ժամանակի մէջ: Սայեաթ-Նովայի սիրահարներուն շարունակուող հարցումներն ու մշտական պահանջները մեզ մղեցին իրագործելու այս երկրորդ հրատարակութիւնը:
«Մեր այս հրատարակութիւնը զգալիօրէն կը տարբերի նախորդէն:
«Նախ, մեծապէս ճշտուած ու ճշգրտուած են Սայեաթ-Նովայի խաղերու բնագիրներուն ուղղութիւնն ու կէտադրութիւնը:
«Եւ ապա, հրատարակչութիւնս անհրաժեշտ համարեց գիրքը օժտել Սայեաթ-Նովայի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող համառօտ խօսքով:
«Հրատարակչատունս անցնող տասնամեակներու ընթացքին եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ հրատարակելով գիրքեր, բառարաններ, ձայնագրեալ երգարաններ, որոնք կը ծառայեն հայ գրականութեան, հայերէն լեզուի եւ հայ երգի տարածման կենսական գործին»:
Ապա տրուած է առաջին հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած Կարապետ Հաննէսեանի կողմէ 1992-ին, որ երգարանի առաջին տպագրութեան թուականն է:
Երուանդ Տէր Խաչատուրեան կու տայ Սայեաթ-Նովայի կենսագրութիւնը, ուր կը կարդանք.
«Սիրոյ մեծ երգիչ Սայեաթ-Նովան հայ գրականութեան ու մշակոյթի փառքերէն է:
Իր մասին կենսագրական շատ քիչ տեղեկութիւններ կան:
«Սայեաթ-Նովան (բուն անունով՝ Յարութիւն Սայաթեան, Սայեաթ-Նովան իր աշուղական ծածկանունն է) ծնած է 1722 թուին Կովկասի Տփղիս (Թիֆլիզ) քաղաքը: Հայրը Հալէպէն Տիփղիս հասած Մահտեսի Կարապետն էր, մայրը՝ Տփղիսի հայկական Հաւլաբար թաղամասի բնակչուհի Սառան: Քսան տարեկանին Յարութիւնը դարձեր է աշուղ, սկսեր է ստեղծագործել։ Դատելով իր երգ-բանաստեղծութիւններէն (ինքը զանոնք կը կոչէ խաղ), Սայեաթ-Նովան անշուշտ որոշ կրթութիւն մը ստացեր է. ե՞րբ, ո՞ւր՝ մեզի ծանօթ չէ: Ան ստեղծագործեր է երեք լեզուներով՝ հայերէն, վրացերէն եւ թրքերէն: եւ նոյնիսկ ունի երգ մը՝ գրուած չորս լեզուով (վերոյիշեալ երեք լեզուներով ու նաեւ պարսկերէն): Ըստ որոշ տուեալներու, ան եղած է պալատական երգիչ, վրացական արքունիքին մէջ շատ ճանչցուած եւ սիրուած անձնաւորութիւն:
«Սայեաթ-Նովան ստեղծագործեր է համեմատաբար կարճ ժամանակ՝ 1742-էն մինչեւ 1759 թուականը: Որմէ ետք, այսօր մեզի անյայտ պատճառներով, հաւանաբար ամբաստանութեամբ մը զինք հեռացուցեր են պալատէն եւ արքունիքէն:
«Այնուհետեւ՝ 1762 թուին զինք պարտադրաբար կը ձեռնադրեն քահանայ, Տէր-Ստեփանոս անունով, եւ կ՚ուղարկեն հեռաւոր փոքրիկ աննշան գիւղ մը:
«Սայեաթ-Նովայէն մեզի հասած է 185 խաղ: Մեծ թիւ չէ, բայց անոնք բոլորն ալ ընտիր ու կատարեալ բանաստեղծութիւններ են: Սայեաթ-Նովայի հայերէն խաղերը գրուած են Տփղիսի բարբառով, վրացական մայրաքաղաքի բնակչութեան երեք քառորդի առօրեայ խօսակցական լեզուով:
«Սայեաթ-Նովան սիրոյ անզուգական, անգերազանցելի երգիչ է: Անոր մասին հրաշալի խօսք ունի մեր մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը. «Եւ ինչ գեղեցիկ է, ճշմարիտ, որ էսպէս՝ մի հոյակապ սիրահար է, բռնուած ու բռնկած սիրոյ հրդեհով, նրա լոյսի տակ էլ նկատում է աշխարհքն ու իրերը, զգում է, որ էրւում, վերջանում է ինքը, բայց մնում է արի ու բարի, անչար ու անաչառ, վեհ ու վսեմ, որպէս աշխարհքի ու մարդու մեծ բարեկամը...»:
«Սայեաթ-Նովայի սիրային քնարերգութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր խոհական փիլիսոփայական սքանչելի բանաստեղծութիւնները մեր ժողովուրդին հոգիի գեղեցկութեան ու նրբութեան, զգացմունքային հարստութեան եւ խորապէս մարդասիրական էութեան վկայութիւններն են: Մենք միշտ կրնանք ուրիշ ժողովուրդներուն մատուցել Սայեաթ-Նովայի սիրոյ երգերը եւ ըսել. «Ահա՛, հայ մարդը այսպէս կը սիրէ, հայ հոգին ընդունակ է այպիսի մեծ, հզօր, գեղեցիկ ու համապարփակ զգացումի»:
«Արհեստով աշուղ ըլլալով՝ Սայեաթ-Նովան միեւնոյն ատեն մեծ բանաստեղծ է, բացառիկ օժտուած բանաստեղծ, որ ստեղծեր է երգային ու բանաստեղծական մեծ արուեստ:
«Ժողովուրդը Սայեաթ-Նովային սիրած է գրեթէ առասպելական սիրով, անոր անձին եւ անուան շուրջ հիւսելով զարմանալի պատմութիւններ ու աւանդազրոյցներ: Անոնցմէ մէկը կ՚ըսէ, թէ հանճարեղ երգիչին սպաններ են 1795 թուին Տփղիս ներխուժած Աղա-Մահմէտ խանի հրոսակները հայկական եկեղեցւոյ շեմին, ուրիշ աւանդութիւն մը կ՚ըսէ, թէ ան վախճանած է իր բնական մահով 1800 թուականէն ետք...։
«Այս գիրքը, Սայեաթ-Նովայի միւս բազում հրատարակութիւնները, իր արուեստին սիրահարները եւ, ի վերջոյ, բովանդակ հայ ժողովուրդը կը վկայեն մեծ երգիչին անմահութիւնը»:
Ապա յաջորդաբար կը տրուին Սայեաթ-Նովայի 57 երգերու բառերը, ինչպէս որ կ՚երգուին, եւ անոնց արեւմտահայերէնի վերածուած բառերը: Կրնանք ըսել, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանանք մեծ աշուղի երգերու բառերուն, արեւմտահայերէնով:
Էջ 139-ի վրայ կը ներկայացուին ծանօթագրութիւններ, Սայեաթ-Նովայի տաղերուն մէջ յիշուած եւ մեզի անծանօթ բառերուն կամ հերոսներուն մասին:
Մեր մեծ աշուղի մասին էջ 141-ի վրայ վկայութիւններ տուած են Յակոբ Օշականը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վալերի Պրիւսովը եւ Եղիշէ Չարենցը:
Էջ 143-147-ի վրայ կայ երգարանին բովանդակութիւնը՝ իւրաքանչիւր երգին վերնագիրի վերածուած առաջին տողը, անշուշտ արեւմտահայերէնի թարգմանութեամբ: Չենք գիտեր ինչո՞ւ անոնք չեն տրուած իւրաքանչիւր երգին սկիզբը եւ ձգուած են վերջաւորութեան:
148 էջ, առաւել գունատիպ կողքը, կը կազմեն «Շիրակ Երգարան 2016»ը, որ մանաւանդ այս օրերուն, մեծ նուէր մը կը նկատուի հայ երգի եւ ի մասնաւորի Սայեաթ-Նովայի երգերու սիրահարներուն, որոնք մէկ գիրքի մէջ կը գտնեն անոր երգերը՝ այդ օրերուն օգտագործուող եւ արեւմտահայերէն բառերով:
Իսկապէս շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արժանի գործ մը, որուն համար պէտք է շնորհաւորել «Շիրակ» հրատարակչատունը եւ անոր պատասխանատուները, մանաւանդ այս գործին լոյս աշխարհ գալուն հսկած մարդերը՝ Կարապետ Հաննէսեանը եւ միւսները:
ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
«Զարթօնք»