ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ
Մարդկային «անձ»ը պէտք ունի ընկերային կեանքին։
Ասիկա մարդուն համար պահանջք մըն է՝ որ կը ծնի անոր բնութենէն։ Փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու, ուրիշին հետ փոխանակութեամբ եւ երկխօսութեամբ իր «նման»ներուն հետ, մարդ կը զարգացնէ իր կարողութիւնները եւ զօրութենականութիւնները եւ ա՛յսպէս կը համապատասխանէ Իր բարձր կոչումին։ Արդարեւ, «ընկերութիւն» մը ամբողջութիւնն է անձերու՝ որոնք զօդուած են իրարու անդամական կապով՝ սկզբունքի մը համեմատ, որ գերիվեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Որպէս «ընկերութիւն», միութեան մէջ միանգամայն տեսանելի եւ զգալի է «հոգեւոր համախմբում» մը, որ կը համընթանայ ժամանակի տեւողութեան մէջ, եւ կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագա՛ն։
Ընկերութեան իրականութեամբ իւրաքանչիւր մարդ-անհատ «ժառանգորդ» կարգուած է, եւ կ՚ընդունի բաժիններ՝ որոնք կը զարգացնեն ու կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը։ Անհատին պարտքն ու պատասխանատուութիւնն է օգտագործել այդ «ժառանգ»ը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ-անհատ պէտք է անձնուէր ըլլայ այն հասարակութիւններուն հանդէպ՝ որոնց մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն հեղինակութիւններուն եւ իշխանութիւններուն՝ որոնք պատասխանատո՛ւ են «հասարակաց բարիք»ին։
Ուստի, իշխանութիւնը կոչուած է ապահովելու եւ տեւականացնելու հասարակաց բարիքը։ Այս իմաստով իշխանութիւնը ծառայութեան ոգիով պէտք է մօտենայ հասարակութեան։
Ամէն մէկ հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ այս իսկ պատճառով կը հնազանդի յատուկ կանոններու։ Թէ ի՞նչ է այդ նպատակը։ Անվիճելի է, որ «մարդկային անձ»ը՝ անհատը պէ՛տք է ըլլայ ենթական, նպատակը եւ նախասկիզբը ընկերային բոլոր հաստատութիւններու։ Այս հաստատութիւններու մէջ, զոր օրինակ, ընտանիքը եւ ոստանը, աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդկային բնութեան։ Անոնք անհրաժեշտ են մարդուն։ Մեծագոյն թիւով անհատներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար ընկերային կեանքին, պէ՛տք է ընտրովի ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն գոյութիւնը քաջալերել, զոր օրինակ, մշակութային, ընկերային, տնտեսական, մարզական, ժամանցային, քաղաքական, արհեստաւորական նպատակներու եւ թէ քաղաքական հասարակութիւններու նպատակներուն ծառայող համընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային գետնի վրայ։
Այս «ընկերականութիւն»ը կ՚ենթադրէ նաեւ բնական ձգտում մը՝ որ կը մղէ անհատները ընկերութիւն կազմելու, հասնելու համար բարձր նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն «անհատական կարողութիւն»ները եւ տարողութիւնը։
Արդարեւ, ընկերային կեանքը կը զարգացնէ անձին յատկութիւնները, մանաւա՛նդ անոր նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին։ Ընկերութիւնը իր ամբողջութեամբ կը սատարէ մարդուն իրաւունքները երաշխաւորելու։
Այս ընկերային ամբողջութեան մէջ իւրաքանչիւր անհատ ունի իր պաշտօնը եւ դերը՝ ապահովելու, տեւականացնելու եւ պահպանելու համար այս «ընկերային ամբողջութիւն»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 17, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024