ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼ
Շատեր կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս ինքզինքս Աստուծոյ յանձնեմ»։ Արդարեւ, յանձնուիլ կը նշանակէ՝ հնազանդիլ։
Այս իմաստով, հնազանդիլ մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ։ Աստուած մեզմէ չի պահանջեր թողուլ բա՛ն մը՝ զոր պահել մեզի համար շատ կարեւոր է եւ օգտակար։ Մարդ իր անձին ամենամեծ վնասը եւ անիրաւութիւնը կատարած կ՚ըլլայ՝ երբ Աստուծոյ կամքին հակառակ գործէ։ Որեւէ ճշմարիտ երջանկութիւն չի՛ կրնար գտնուիլ այն ճամբուն վրայ՝ որ արգիլուա՛ծ է Անոր կողմէ, քանի որ Ան գիտէ, թէ ո՛րն է լաւագոյնը, եւ որ ամէն ինչ բարին կը տնօրինէ Իր արարածներուն համար։ Անհնազանդութեան ու օրինազանցութեան ճամբան թշուառութեան ու կործանման ճանապարհն է։
Մեծ սխալ մըն է ենթադրել, թէ Աստուած կ՚ախորժի տեսնել Իր զաւակներուն տառապիլը։ Բովանդակ Երկինքը մարդուն երջանկութեանը համար կը գործէ։
Մեր երկնաւոր Հայրը Իր արարածներուն ո՛չ մէկուն առջեւ կը խափանէ երջանկութեան միջոցները։ Աստուածային պահանջումները մեզ կը հրաւիրեն հրաժարիլ այն բաներէն՝ որոնք տառապանք ու յուսախաբութիւն կը պատճառեն մեզի, եւ որոնք մեր առջեւ կը փակեն երջանկութեան, երկինքի դուռը։ Արդարեւ, աշխարհի Փրկիչը կ՚ընդունի մարդիկը այնպէս՝ ինչպէս են իրօք, իրենց բոլոր անկատարութիւններով, թերութիւններով, տկարութիւններով ու կարօտութիւններով. եւ Ան ո՛չ միայն մեղքէ պիտի մաքրէ ու Իր արիւնովը փրկութիւն շնորհէ, այլ գոհացում պիտի տայ սրտի բաղձանքներուն բոլոր անոնց՝ որոնք կը հաւանին Իր լուծը կրել եւ Իր բեռը տանիլ։ Անոր նպատակն է խաղաղութիւն, հանգիստ եւ ուրախութիւն հաղորդել բոլոր անոնց՝ որոնք Իրեն կու գան «կենաց հաց»ին համար։ Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միա՛յն այն պարտականութիւնները եւ կրել այն պատասխանատուութիւնը՝ որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութիւններու բարձրութիւնները։
Եւ այդ բարձրութիւններուն երբեք չի՛ կրնար հասնիլ մէկը՝ որ անհնազանդ է եւ օրինազանց։
Արդարեւ, հոգիին ճշմարիտ, երանելի եւ ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ու հաստատուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը եւ իրականացումը։
Մարդ կը ցանկայ ինքզինք Անոր յանձնել, եւ սակայն տկար է բարոյապէս եւ անկատար. տարակոյսին, կասկածին գերի դարձած, ու մեղաւոր կեանքին սովորութիւններովը կը կառավարուի։
Մարդուս խոստումներն ու որոշումները աւազէ չուաններու կը նմանին։ Մա՛րդ կարող չէ իշխել իր մտածումներուն, դրդումներուն եւ իղձերուն վրայ։ Խոստմնազանցութիւններու եւ վրիպած յանձնառութիւններու գիտակցութիւնը կը տկարացնէ մարդուս անկեղծութեանը վրայ ունեցած վըս-տահութիւնը, եւ զգալ կու տայ իրեն, թէ Աստուած կարող չէ ընդունիլ զինք։ Բայց պէտք չէ երբեք յուսահատիլ ու յուսալըք-ւիլ։ Մարդ պէտք ունի հասկնալու՝ թէ կամքի ո՛ւժն է էականը։
Ահաւասիկ ա՛յս է մարդկային բնութեան մէջ կառավարիչ զօրութիւնը, այսինքն դատելու, որոշելու եւ ընտրելու կարողութիւնը։
Արդարեւ, ամէն ինչ կամքին ուղիղ գործելէն կախում ունի։ Ընտրելու կարողութիւնը Աստուա՛ծ է տուած մարդոց. իրենց կը մնայ զայն մարզել։
Ուստի, մարդ կարող չէ փոխել սիրտը, չի կրնար ինքնիրմէ Աստուծոյ տալ անոր խանդաղատանքը. բայց կրնա՛յ զԻնք պաշտելը, Անոր հնազանդիլը ընտրել։ Մարդ կրնայ տալ իր կամքը, յետոյ Ան պիտի գործէ իր մէջը կամենալը եւ կատարելը Իր հաճութեան համեմատ։
Այսպէս ուրեմն՝ ամբողջ մարդկային բնութիւնը Քրիստոսի Հոգիին ազդեցութեանը տակ պիտի դրուի, զգացումները Անոր վրայ պիտի կեդրոնանան եւ խորհուրդները համաձայն ու համապատասխան պիտի ըլլան Անո՛ր հետ։
Լա՛ւ է անշուշտ սրբութեան եւ բարութեան բաղձանքներ ունենալ, բայց եթէ այդչափով գոհանայ մարդ, ո՛չ մէկ բանի պիտի ծառայեն անոնք։ Բաղձանքներու իրականացո՛ւմն է կարեւորը, թէ ոչ անոնք կը կորսուին եւ անոնց տեղ կու գայ յուսախաբութիւն։
Հնազանդութեան մէ՛ջ է երջանկութի՜ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 3, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024