ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նորարարութիւնները՝ մեր օրերուն տարածուած ամբողջ աշխարհի վրայ, տագնապի կը մատնեն մարդկութիւնը։ Նոր մտայնութիւններ, մարդուն հոգին աղարտող նոր ըմբռնումներ, նոր փիլիսոփայութիւններ, նոր մտածողութիւններ, վարդապետական նոր խորհելակերպեր ծնունդ կու տան նորարարութիւններու, նոր ապրելակերպերու եւ պատճառ կը դառնան կեանքի հիմնական փոփոխութիւններու։ Համատարած, ընդհանուր ընկերային վիճակ մըն է այս «նոր կեանք»ը։
Այս նորարարութիւններուն պատճառով մարդկային ընկերութիւններ, հաւաքականութիւններ կ՚աշխատին, ջանք կը թափեն նոր կերպերով ու նոր աշխարհահայեացքով դաստիարակել՝ առաջնորդել իրենց անդամները՝ կարենալ դէ՛մ դնելու այն մտածողութիւններուն, մտածելակերպերուն՝ որոնք մարդկային կեանքի բարոյական հասկացողութիւնը եւ ըմբռնումը կ՚աղարտեն։
Ընդհանուր երեւոյթ մըն է ասիկա։
Եկեղեցին ալ իր բաժինը ունեցած է այս համատարած տագնապէն։ Մեր օրերու «քրիստոնեայ մարդ»ը, ամէն օր ինքզինք, ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «նոր մարգարէ»ներու առջեւ կը գտնէ։
Այս ինքնակոչ «մարգարէ»ները՝ Քրիստոսի Աւետարանին «վաճառական»ներ եղած՝ կը փորձեն Քրիստոսի Եկեղեցին ցրուել։
Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը կը վկայէ՝ թէ անցեալ դարերու ընթացքին միշտ գտնուած եւ գործած են նման մարդիկ՝ որոնք փորձած են Քրիստոսի Եկեղեցին՝ Քրիստոսի հօտը ցրուել, եւ սակայն ո՛չ միայն յաջողած չեն, այլեւ իրենք կորսուած են պատմութեան էջերուն մէջ։
Բարեբախտաբար կա՛ն խելամիտ աւանդապահ մարդիկ՝ որոնք հաստատակամ կը պայքարին ինքնակոչ նորարարներու հետ, որոնք եւս խորաթափանց կ՚աշխատին ճշմարտութեան տարածման համար։ Մարդիկ կան, որոնք երբեք չեն տարուիր անիմաստ հոսանքներէ՝ գիտնալով, որ ամէն նոր ու նորութիւն օգտակար չէ՛։
Հայաստանեայց Եկեղեցին ալ դարերու ընթացքին բուռն եւ հաստատամիտ պայքար մղած է այս ինքնակոչ շարժումներուն դէմ եւ անարատ պահած է քրիստոսարմատ հաւատքը։
Այսօր, Եկեղեցին եւ իր արժանաւոր անդամները պարտին առաւել զգուշութեամբ, խոր գիտակցութեամբ պայքարիլ մոլար շարժումներու հետ եւ պէտք է արտայայտեն իրենց հաւատարմութիւնը եւ հաւատքը։
Աւելին՝ պէ՛տք է ճանչնալ եւ լա՛ւ հասկնալ ու գիտնալ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը եւ կեանքը՝ որպէսզի աւելի եւս ճոխանայ ու հարստանայ հոգեւոր կեանքը։ Եւ եթէ զօրաւոր է հոգեւոր կեանքը՝ աւելի հաստատելու, հաստատ հիմերու վրայ հաստատուի հաւատքը։ Արդարեւ, Եկեղեցին «Մայր» է եւ Աւետարանը՝ «Հա՛յր»։
Ուստի, ի՜նչ պիտի արժէ այս դաւանութիւնը, եթէ չճանչցուի Եկեղեցին իր ամբողջութեանը մէջ։
Յաճախ մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք՝ թէ անտարբերութիւնը հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ, անտարբերութիւնը աւանդական արժէքներու հանդէպ, անտարբերութիւնը ամէն մարզի մէջ լուրջ վնաս կը սպառնայ, վախ կը պատճառէ ապագայ կեանքին համար։ Ուստի, զգո՛յշ ըլլալու է ամէն տեսակ մոլորեցուցիչ հոսանքներու դէմ՝ պէտք չէ՛ տարուիլ նորարարներու հոգին աղարտող մտածողութիւններէ։ Ինչպէս ըսինք՝ ամէն «նոր», ամէն «նորութիւն» նպաստաւոր եւ օգտակար չէ՛. պէտք է զանազանուի «նոր»ը եւ «օգտակար»ը, որպէսզի չվնասուի մարդկութիւնը՝ թէ՛ անհատապէս, եւ թէ հաւաքապէս։
Այս իմաստով պէտք է տէ՛ր կանգնիլ հոգեւոր ու բարոյական բարձր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, հաւատալիքներուն եւ զանոնք ապագայ սերունդներու փոխանցելու պատրաստակամութիւնը ունենանք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024