ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Շիշլի մարզակումբի երդիքին տակ կը շարունակուին մարզական ձեռնարկները։ Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած է, քանի որ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, ֆութսալի մարզաձեւերու աւելի քան երեք ամիս տեւած մրցաշարքերը կ՚արժանանան մարզասէր հասարակութեան մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս շրջագծով երէկ երեկոյեան մարզակումբի Թաքսիմի կեդրոնին մէջ կայացաւ ֆութզալի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքերու եզրափակիչ խաղերն ու մրցանակաբաշխութիւնները։
Ի յիշատակ «Ռէիզ» Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքին եզրափակիչը կայացաւ «Պոլսահայս» ու «Քամփ Արմէն» խումբերուն միջեւ։ Առաջնութեան դափնին խլեց «Քամփ Արմէն»։ Երկրորդ հասդիսացաւ «Պոլսահայս», իսկ երրորդ՝ «Ծիծեռնակի ջամբար» խումբը։ Կօլի արքայ հռչակուեցաւ Ինան Մալքոչ, իսկ ամենաազնիւ խաղարկութիւն ցուցաբերող խումբի կոչման արժանացաւ «Փանջունի»։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ մրցավարներ Սարգիս Քարաօղլանեանին, Պերճ Թէրզեանին, Մասիս Յարզուարթեանին ու Արթօ Փեհլիվանեանին։
Իսկ պասքեթպոլի մրցաշարքը կայացաւ ի յիշատակ Արման Մանուկեանի։ Այսպէս, առաջնութեան դափնին խլեց «Նշանթաշը Պրոն» խումբը, երկրորդ հանդիսացաւ «Բերա» եւ երրորդ՝ «Ռաքի Պալպօա»։ Ամենաազնիւ խաղարկութիւն ցուցաբերող խումբի կոչման արժանացաւ «Ռին Թին Թին», իսկ ամենաազնիւ մարզիկն էր Պուրակ Սեչքին։ Յուշանուէրներ ստացան նաեւ մրցավարները՝ Ա․ լիկի մրցավար Ուֆուք Աքեիւզ եւ Մանուկ Սարայտար։
Հանդիսութեան ներկայ էին Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Թաքսիմի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ այլ վարիչներ ու հիւրեր։
Հարկ է նշել, թէ անցեալ շաբաթ ալ կայացած էր Ղազարոս Ունանի անունով կոչուող վոլէյպոլի մրցաշարքին մրցանակաբաշխութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024