ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՇԷ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին այ­սօր կը վեր­յի­շէ Ս. Ստե­փա­նոս նա­խա­սար­կա­ւա­գը։ Քրիս­տո­նէու­թեան ա­ռա­ջին նա­խավ­կա­յին ձօ­նուած ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Մինչ այդ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցով, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Ստե­փա­նո­սի նա­խա­տօ­նա­կը, որ հա­մախմ­բեց քա­ղա­քիս սար­կա­ւագ­ներն ու կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րը՝ հա­մա­կուած տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւ բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր։ Ա­ւան­դա­կան հան­դի­սու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ո­րոնք հա­ղորդ դար­ձան օ­րուան խոր­հուր­դին։

Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան յայտ­նեց, որ մեր քա­ղա­քին մէջ ու­նինք ե­րե­սունհինգ սար­կա­ւագ եւ ե­րե­սու­ներ­կու կի­սա­սար­կա­ւագ։ Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր ութ սար­կա­ւագ։ Քա­րո­զիչ Հայր Սուր­բը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին բե­րուած մաս­նակ­ցու­թիւնն ու սպա­սար­կու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015