ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Այս առաւօտ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Պատուոյ պահակախումբը ողջունելէ վերջ Խաչատուրեան եւ Տուտա առանձնազրոյց մը ունեցան նախագահական ապարանքի երդիքին տակ։ Անոնք օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կ՚արժեւորուին տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը, նաեւ կը քննարկուին Երեւան-Վարշաւիա առանցքին վրայ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւս կը տեսակցին Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հետ։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ նախագահ Անտրէյ Տուտա յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024