ՄԱՐՔ ՌՈՒԹԷԻ ԱՅՑԸ

Երէկ, Անգարայի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ընդունուելէ վերջ ան ըսաւ. «Մինչ աշխարհ հետզհետէ աւելի անկանխատեսելի կը դառնայ, Թուրքիա անգին նպաստ մը կը բերէ ՆԱԹՕ-ին»։ Ռութէ Անգարայի մէջ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Էրտողան-Ռութէ զրոյցին ներկայ էին՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։

Շուրջ ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընդլայնման հաւանականութեան վրայ։ Բաց աստի, զրուցակիցները շօշափեցին Միջին Արեւելքի տագնապը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Անոնք արժեւորեցին նաեւ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները։ Նախագահ Էրտողան Մարք Ռութէին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ TUSAŞ-ի վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումէն վերջ ցուցաբերած զօրակցութեան համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Պաղեստինի սպանդներուն վերջ տալու համար անհրաժեշտ քայլերուն շուրջ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու վերաբերեալ խնդիրներ։ Նկատի ունենալով, որ ՆԱԹՕ-ի 2026 թուականի գագաթաժողովը Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ այժմէն աչքէ անցուեցան համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքները։ Զրուցակիցները գնահատեցին Թուրքիոյ կողմէ ՆԱԹՕ-ին ապահովուած նպաստները՝ որպէս դաշնակից։ Այս ամբողջին մէջ դաշնակից երկիրներուն կողմէ Թուրքիոյ համար պաշտպանական արդիւնաբերութեան պարագաներու մատակարարման խնդիրներն ալ ուշադրութեան արժանացան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024