Պատկառելի պատկեր
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համերգը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին արձագանգները կը շարունակուին։
Դիւանագիտական կառոյցի մը կողմէ մշակութային ձեռնարկի մը կազմակերպումը, ըստ էութեան, կարգ մը յստակ նպատակները կը թիրախաւորէ։ Այս տեսանկիւնէն սոյն նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ արդարացած է եւ այս հանգամանքը կու գայ վերագրուիլ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի արհեստավարժ կարողութեան։
Գալով յստակ արդիւնքներուն, հիմնականին մէջ, անոնք երկու առանցքի շուրջ կը բիւրեղանան։ Առաջին՝ դիւանագիտական լծակ մը մշակութային ծրագրի մը հետամուտ կ՚ըլլայ՝ ծանօթացնելու համար տուեալ երկրի արժէքները։ Այս պարագային, Անուշ Նիկողոսեան, Սօնա Բարսեղեան եւ Միքայէլ Նաւասարդեան բառին բուն իմաստով բարձունք մը նուաճեցին եւ իրենց վարպետութեամբ հնարաւորութիւն ընձեռեցին, որպէսզի բոլոր ներկաները վերանան հայկական երաժշտութեամբ՝ մանաւանդ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ։
Երկրորդ՝ դիւանագիտական լծակ մը մշակութային ծրագրի մը հետամուտ կ՚ըլլայ՝ սեփական, հետեւաբար նաեւ ներկայացուցած երկրի ձգողականութեան համար։ Այս առումով ալ համերգին արդիւնքը պատկառելի ու ծափահարելի էր։ Բոլորին համար ուրախութիւն էր վկայել Անգարայի դրական վերաբերմունքին։ Բաց աստի, թէ՛ դիւանագիտական եւ պաշտօնական, թէ՛ հասարակական եւ թէ համայնքային հարթութիւններու վրայ վերընդգծուեցաւ արդիւնաւէտ համախմբման ներուժը։
Նաիրի Պետրոսեան պատկառելի նուաճումով մը կ՚ընթանայ դէպի իր պաշտօնավարութեան առաջին տարեդարձը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ