ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՊԱՐՍԱՒԱՆՔ

Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր փրոֆ. Տարօտ Աճէմօղլու այս շրջանին ուշագրաւ ձեւով բանավէճի մը կը ներքաշուի Թուրքիոյ մէջ։ Պարգեւը նուաճելէ վերջ, Աթաթիւրքի ժամանակաշրջանին վերաբերեալ արտայայտած շարք մը յետահայեաց խորհրդածութիւններուն համար Տարօն Աճէմօղլու կը թիրախաւորուի կարգ մը շրջանակներու կողմէ։ Երէկ, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ պատմաբան Իլպէր Օրթայլըի ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ Տարօն Աճէմօղլուի դէմ։ Պատմաբանին թերթին ներքին էջերու սիւնակը առաջին էջէն ալ գովազդուած էր՝ «Աթաթիւրքի դաս» վերտառութեամբ։ Իլպէր Օրթայլը այս առթիւ պնդած է, թէ տուեալ նիւթի պարագային Տարօն Աճէմօղլու կարգ մը «թերի» գիտնականներու ազդեցութեան տակ մնացած է։ Ուստի, Իլպէր Օրթայլը համոզուած է, թէ Տարօն Աճէմօղլու պէտք է ըլլայ աւելի ծանրախոհ ու լայնախարիսխ՝ իր արժեւորումներուն մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024