Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՊԵՐՊՈՔՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք, որ նախընթաց օր Երեւանի մէջ շփումներ ունեցած էր, Պաքու անցնելով տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանէ ներս յետպատերազմեան իրավիճակը, Երեւան֊Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացի առկայ խնդիրները։
Պերպոք եւ Պայրամով անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ փոխադրութեան կապերու բարելաւման հնարաւորութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել տնտեսական աճի եւ համագործակցութեան խորացման։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024