ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԲ.)
Մեր գրութիւններուն մէջ նախապէս ըսած էինք, որ յաջողութեան հասնելու չափ դժուար է նաեւ այդ յաջողութիւնը պահելը. շատեր կը հաւատան, որ այդ առիթը մարդուն մէկ անգամ կը տրուի. անգամ մը որ ձախողեցար՝ ալ յաջողութիւնը չի գար: Մենք դէմ ենք այս կարծիքին, որովհետեւ յաջողութիւնը որոշ սահմանափակում մը չունի. յիշեցէ՛ք աւելի քան մի քանի դար հնութիւն ունեցող նշանաւոր խօսքը. «Սահմանք քաջաց զէնն իւրեանց»։ Այո, յաջողութեան հասնիլը դժուար է, սակայն մարդուն մէկ անգամ տրուած պարգեւ մը չէ, որովհետեւ վերջապէս յաջողութիւնը պարգեւ մը չէ՝ այլ ձեռքբերում եւ հետեւաբար մարդ կը յաջողի այնքան՝ ինչքան իր ուժերը կը ներեն:
Յաջողելու համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն մէկն է 1865-1936 թուականներուն ապրած անգլիացի յայտնի գրող Ռ. Քիփլինկի յայտնի «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որուն վերլուծականը նախապէս կատարած ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ. յաջողութեան համար անգլիացի բանաստեղծը կը դնէ որոշ պայմաններ. անոնցմէ մէկն է օրինակ հետեւեալը. «Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին». պէտք է վստահիլ սեփական ուժերուն. բանաստեղծը կը յորդորէ ինքնավստահ ըլլալ նաեւ ա՛յն ժամանակ՝ երբ ուրիշներ կը կասկածին ձեր վրայ. յաջողութեան ճամբուն վրայ կասկածողները (գուցէ նաեւ ծաղրողները) շատ պիտի ըլլան. շատեր ձեր ծրագիրները քաջալերելու փոխարէն յուսահատութիւն պիտի սերմանեն. փորձեն անդադար ընդգծել ձեր ծրագիրներուն «դժուարին» ու «անհնարին» կողմերը, մոռնալով որ իսկական յաջողութիւնը արդէն իսկ զանոնք յաղթահարելն է: Անգլիացի գրողը որպէս երկրորդ պայման կ՚ըսէ. «Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձի». յաջողութիւնը անհամբերութիւն չ՚ընդունիր. մէկ օրէն եկող «յաջողութիւն»ը ինքնին ձախողութիւն մըն է, որովհետեւ չունի սիւն, չունի հիմք. սպասելը՝ որ ժամանակ կ՚ենթադրէ, սիւնն է յաջողութեան. ձախողութեան եւ յաջողութեան մէջ եղած ժամանակամիջոցն է, որ յաջողութեան հիմքը կը դնէ. հո՛ն է, որ մարդ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս կը պատրաստուի յաջողութեան եւ այդ պատրաստութիւնը կրնայ պահել ձեռք բերուած յաջողութիւնը:
Բանաստեղծը կը շարունակէ. «Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով». սուտերու վրայ հիմնուած յաջողութիւն մը սուտի պէս կը ցնդի եւ կ՚անհետանայ. սուտն ու շողոքորդութիւնը հակակրանք կը ստեղծեն. սուտով կարելի է կարճ ժամկէտի վրայ «յաջողութիւն» մը ստեղծել, սակայն մնայուն յաջողութիւնը արդարութիւն ու ճշգրտութիւն կը պահանջէ. արդարութեամբ շահուած կէսը շատ աւելի կ՚արժէ՝ քան ստախօսութեամբ ձեռք բերուած հազարը, որովհետեւ սուտը ծնունդ կու տայ նոր սուտերու՝ մինչեւ մարդ իր «յաջողութենէն» վերադառնայ հոն՝ ուր էր նախապէս:
Արդարութեան կողքին բանաստեղծը պայման կը դնէ բարութիւնը. «Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժով». այստեղ անգլիացի գրողը յստակ տարբերութիւն կը դնէ բարութեան եւ տկարութեան միջեւ. մեր օրերուն այս երկուքին տարբերութիւնը պէտք է լաւապէս շեշտել, որովհետեւ մարդիկ յաճախ ձեր բարութիւնը որպէս տկարութիւն կրնան ընկալել՝ մոռնալով, որ ամէն բարութիւն «տկար» չէ՛. չար եւ ուժով ըլլալուն, ինչպէս նաեւ բարի եւ տկար ըլլալուն միջեւ մեծ տարբերութիւն մը կայ, այդ իսկ պատճառով յաջողութեան ճամբուն վրայ մարդիկ պէտք է գիտնան, որ ձեր բարութիւնը տկարութիւն չի ներշնչեր, այլապէս ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այդ «տկարութիւն»ը շահագործելու եւ ձեր յաջողութիւնը ձախողութեան վերածելու համար:
Բանաստեղծը կարեւոր կը նկատէ երազելը. յաջողութեան մէջ երազին կարեւորութեան մասին խօսեցանք եւ շեշտեցինք, որ երազն ու նպատակը տարբեր իրողութիւններ են. բանաստեղծը կ՚առաջարկէ երազել, սակայն երազելու համար պայման մը կը դնէ. «Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող»։ Պէտք է երազել, սակայն այդ երազներուն գերին չըլլալ, որովհետեւ ճկնութիւնը այդ երազները փոխելու ուժ ալ պէտք է ունենայ. պէտք է յարմարիլ ժամանակին ու պայմաններուն՝ որպէսզի յաջողիս այդ երազները նպատակի վերածել, իսկ նպատակը՝ իրագործումներու: Յաջողութիւնը գագաթն է, իսկ հոն տանող ճամբան երազն ու նպատակը. նոյն տեղը կը մնայ այն մարդը՝ որ առանց երազի կ՚ուզէ մնալ հոն՝ ուր որ է այսօր. այդ յառաջդիմելու եւ յաջողելու պայքարը կեանքին համ կու տայ:
Բանաստեղծը կը շարունակէ. «Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան։ Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող»։ Մարդ իր կեանքի ընթացքին պէտք է լաւապէս հասկնայ տարբերութիւնը յաղթանակին ու պարտութեան, յաջողութեան ու ձախողութեան. միայն յաջողութեան վրայ կեդրոնացող մարդը իր ձախողութեան մէջ չի՛ կրնար շնչել ու վերականգնել. այդ իսկ պատճառով կարեւոր է երկուքը միատեղ ճանչնալ եւ սորվիլ. բանաստեղծը յաղթանակն ու պարտութիւնը «խաբող» կը կոչէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաղթող օր մը պարտութեան եւ իւրաքանչիւր պարտուած օր մը յաղթանակի կրնայ հասնիլ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ձախողութենէն յաջողութիւն տանող գաղտնիքը ի՞նչ է:
Պատասխան. Ձախողութենէն դէպի յաջողութիւն տանող ճամբան սորվելու հաստատակամութիւնն է. ձախողութիւնը պէտք է ընդունիլ որպէս ուսուցիչ, բացայայտելու համար բացթողումները եւ դասեր քաղել, որոնք կը կատարելագործեն դէպի յաջողութիւն տանող ընթացքը: Յաջողութիւնը կը պահանջէ ընդունիլ ձախողութիւնը որպէս քայլ, աւելի հաստատ քայլերով երթալու դէպի նպատակներ: Մտածելակերպի աճով, խոչընդոտները հնարաւորութեան վերածելով մարդ կը հասնի յաջողութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024