ԿԵԱՆՔԻ ՆՊԱՏԱԿԸ
Մարդ, այնքան հարցերուն, զբաղումներուն եւ մտահոգութիւններու մէջ կը հետաքրքրուի նաեւ կեանքին նպատակին հետ։ Ի՞նչ է աշխարհի գոյութեան իմաստը, մարդ ինչո՞ւ համար կայ, ինչո՞ւ համար կ՚ապրի։ Մարդուն իմացականութիւնը սահմանաւոր ըլլալուն, ամէն հարցի լուծումը գտնելու կարող չէ եւ, ըստ էութեան, կարող պիտի չըլլայ երբեք։
Ահաւասիկ, այս պատճառաւ, մարդ Աստուծոյ յայտնութեան կը կարօտի, աշխարհի եւ իր գոյութեան նպատակը եւ իմաստը հասկնալու եւ իր քրիստոնէական աշխարհահայեացքը կազմելու համար։
Կրօնը, իր ամենալայն առումով, այս հարցումներուն պատասխանելով չի՛ գոհանար. ան մարդս կ՚առաջնորդէ ճանչնալու Գերագոյն Էակը՝ զԱյն փառաբանելու իր կեանքով։
Ուստի, մարդ կ՚ուզէ գիտնալ եւ ճանչնալ տիեզերքի Արարիչը եւ զինք ստեղծողը եւ թէ զինքը ինչո՞ւ ստեղծած է, ի՞նչ է կեանքին նպատակը եւ ի՞նչ միջոցներով կարող է անոր հասնիլ։ Այս հարցումներուն պատասխանը դարերէ ի վեր չեն կրցած տալ ո՛չ իմաստասէրներ եւ ոչ ալ գաղափարախօսներ, քանի որ մարդ էակին միտքը սահմանափակ է եւ անոնք բոլորն ալ «մարդ» են եւ որոշ մտահորիզոն եւ մտածելու կարողութիւն մը ունին։ Մինչդեռ Աստուած մարգարէներու եւ Սուրբ Գիրքի միջոցաւ կը յայտնէ ճշմարտութիւնը՝ հարցումներուն պատասխանները։
Մարդ, որպէս բանաւոր էակ, բնութեան եւ ողջախոհութեան ձայնին անսալով կրնայ անվարան ըսել, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնը ամէն կասկածէ վեր է, ի՛նչ որ լրջամիտ գիտուններ անհերքելի փաստերով ապացուցած են։
Աստուծոյ նախախնամութիւնը՝ որ մարդս յաւիտենական երջանկութեան՝ երանութեան համար ստեղծած է, ստոյգ է, որ մարդուն վրայ կը հսկէ եւ իր շնորհները երբեք չի՛ զլանար, բաւ է, որ ան իր ազատութեամբ չզեղծանի։ Եւ, այն ատեն կը տեսնուի, որ ինչո՞ւ ստեղծուած է մարդը։ Ընդհանրապէս, սակայն, կը գործածուի «պարապ աշխարհ» խօսքը։ Մարդիկ, երբ հաճոյքներէ յափրանան «պարապ աշխարհ» բացատրութիւնը կը գործածեն։ Երբեմն ալ այս խօսքը կը գործածեն մարդիկ մահուան ակնարկելով կամ ուրիշ տխուր առիթներով, յայտնելու համար, թէ ի՛նչ որ ընեն վերջը ոչնչութիւն է…
Այսպէս մտածողներու կարելի է պատասխանել, թէ Աստուած մահը, ցաւը եւ վիշտը հաստատելով, որոշ նպատակ մը կը հետապնդէ եւ քանի Ինք բարի՛ է, այս նպատակն ալ բարի է եւ թէ չար չի կրնար ըլլալ, թէեւ մարդ իր տկար եւ թերի մտքով անմիջական հետեւանքը չի տեսներ։
Իսկ «տառապելու գաղափար»ը. մարդիկ կը տառապին, որովհետեւ իրար սիրելու եւ իրարու օգնելու անհրաժեշտութիւնը դեռ չեն ըմբռնած եւ ընդհակառակը իրարու բեռը միշտ կ՚աւելցնեն, կը ծանրացնեն։ Ողջախոհ մարդը կը զարմանայ մարդոց կուրութեան եւ անտարբերութեան վրայ, հակառակ որ պատուիրանը մեկին է եւ յստակ. «զիրար սիրեցէ՛ք»։ Աւելի քան երկու հազար տարի է այս պատգամը տրուած է մարդկութեան, եւ այսօր ամենէն աւելի անտեսուած պատուիրան մըն է ասիկա։
Մարդիկ արդեօք պիտի շարունակե՞ն մնալ այս անտարբերութեան մէջ, Աստուծոյ այս վսեմ պատգամը պիտի շարունակե՞ն անտեսել։
Յայտնի չէ։ Բայց երբ ատելութիւնը կը տիրէ մարդոց մէջ փոխանակ սիրոյ, այս վսեմ պատգամը պիտի մնայ միայն «ձայն բարբառոյ յանապատի»։
Բանաւոր մարդու համար որքա՞ն վայել է ասիկա, խնդրական է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 15, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024