ԱՆԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՌԱՆՑՔ

Թուրքիա եւ Քաթար անմիջական ու բարձր մակարդակի շփումները կը շարունակեն միջազգային առկայ բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Անգարա-Տոհա առանցքը միշտ բանուկ է՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքը շատ լուրջ վտանգներ կը դիմագրաւէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ-Սանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս պետական բարձր արարողակարգով դիմաւորուեցաւ հիւր ղեկավարը։ Նախագահն ու էմիրը ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին Թուրքիա-Քաթար Բարձր մակարդակի ռազմավարական կոմիտէի 10-րդ ժողովը։ Բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ երկու երկիրներուն միջեւ ութ նոր համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։

Անգարայի մէջ լայնօրէն արժեւորուեցան Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան բոլոր ծալքերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան Իսրայէլի յարձակումները՝ Կազզէի եւ Լիբանանի վրայ։ Նախագահն ու էմիրը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանային կամ համաշխարհային օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Մինչ երկու երկիրները համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու հետամուտ են, Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա-Քաթար սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն ամրապնդուիլ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024