ԵՐԲԵՄՆ ԱԼ ԺՊՏԵԼՈ՛Ւ Է…
Կեանքը պայքար է, եւ ամէն պայքար անձկութիւն, սրտնեղութիւն, հոգ եւ մտապէս յոգնածութիւն կը պատճառէ մարդուս։ Եւ քանի որ կեանքի պայքարը մշտատեւ է մարդկային կեանքի մէջ, եւ մարդ տեւապէս կ՚ընկճուի, կը ճնշուի այս պայքարին պատճառած լուծին ներքեւ եւ, անշուշտ, պահանջքը կը զգայ հանգստանալու, լուծին պատճառած ծանրութիւնը մեղմացնելու՝ թեթեւցնելու։ Երբեմն ժպտիլ անհրաժե՛շտ է այս պատճառով։
*
Կեանքի մէջ առաջին անգամ օդանաւ նստող մարդ մը, օդանաւի սպասաւորը կանչելով՝ կը գանգատի ականջի ցաւէն։ Սպասաւոր աղջիկը քիչ ետք կը վերադառնայ կտոր մը ծամոնով եւ կ՚ըսէ, թէ ատիկա պիտի օգնէ իրեն։
Երբ ճամբորդութիւնը կը վերջանայ, ճամբորդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ուղեւորուհի աղջկան ըսելով, թէ իսկապէս ծամոնը լաւ գործ տեսած էր, միայն կը մնար ծամոնը ականջէն հանելու խնդիրը…
*
Գէր մարդը կը հարցնէ իր բժիշկին, թէ ինչպէ՞ս կրնար մէկ ամսուան մէջ 10 քիլօ կորսնցնել։ Բժիշկը խորհուրդ կու տայ ամբողջ ամիս մը օրական 10 քիլօմեթր վազել։
Ամիս մը ետք մարդը դարձեալ կը հեռաձայնէ բժիշկին ըսելով.
*Յարգելի բժիշկ, խօսքդ մտիկ ըրի եւ 10 քիլօ կորսնցուցի, սակայն հիմա ըսէ, թէ ինչպէ՜ս կրնամ տուն դառնալ, քանի որ 300 հարիւր քիլօմեթր հեռո՛ւ եմ տունէս…
*
Տգեղ մարդ մը, կ՚ուզէ նկարել տալ իր դիմագիծը եւ կը դիմէ լուսանկարիչի մը։ Լուսանկարիչը կը նկարահանէ եւ նկարը ցոյց կու տայ մարդուն։ Բայց նկարը անյաջող է, քանի որ մարդուն երեսը նկարին մէջ աւելի տգեղ լուսանկարուած է։
Լուսանկարիչը կը հարցնէ մարդուն.
-Ինչպէ՞ս է, հաւնեցա՞ք լուսանկարը։
Մարդը չ՚ուզեր վարկաբեկել եւ վիրաւորել լուսանկարիչին արժանապատուութիւնը, կ՚ըսէ անոր.
-Կարելի՞ է որ լուսանկարին տակ գրես. «Մի՛ վախնաք, ես եմ…»։
*
Տաս-տասներկու տարեկան երկու ընկեր կը խօսին։
Առաջինը կ՚ըսէ ընկերոջը.
-Եթէ կ՚ուզես արագ եւ շատ դրամ շահիլ, ով որ տեսնես ըսէ. «Ես ամէն ինչ գիտեմ»։
Ուրեմն այս տղան կ՚երթայ եւ մօրը կ՚ըսէ.
-Ես ամէն ինչ գիտեմ։
Մայրը անմիջապէս հազար ոսկի տալով կ՚ըսէ տղուն.
-Հօրդ բան չըսե՛ս…
Դրամի հոտ առած այս լակոտը անմիջապէս կ՚երթայ հօրը մօտ եւ նոյն բանը կը կրկնէ։
Հայրը իր կարգին, հազար ոսկի դրամ կու տայ տղուն եւ կը պատուիրէ մօրը բան չըսել…
Կէսօրէ ետք այս տղան կը տեսնէ, թէ մէկը կը մօտենայ իրենց տան եւ տղեկին կ՚ըսէ, թէ ջուրի ընկերութեան պաշտօնեան էր։
Տղեկը ասոր ալ կը կրկնէ նոյն բանը.
-Ես ամէն ինչ գիտե՛մ։
Պաշտօնեան ուրախութեամբ կը պատասխանէ.
-Քանի որ ամէն ինչ գիտես, եկո՛ւր եւ հօ՛րդ լաւ մը փաթթուէ…
*
Երկու ընկեր կը խօսին։ Մին կ՚ըսէ միւսին.
-Եթէ գիտնաս, թէ այս տոպրակին մէջ ի՞նչ կայ, քեզի հոնկէ ձուկ մը կու տամ։
-Անպայման ծով կայ այդ տոպրակին մէջ, կը պատասխանէ ընկերը…
*
Մարդը բժիշկին կը դիմէ եւ կ՚ըսէ.
-Յարգելի բժիշկ. ի՛նչ որ ալ ընեմ չեմ յաջողիր ձեռքիս դողը կեցնել։
-Կ՚երեւի շատ կը խմես, կը պատասխանէ բժիշկը։
-Հաւատա՛ յարգելի բժիշկ, ո՛չ, կը պատասխանէ մարդը, որովհետեւ արդէն խմիչքին մեծ մասը կը թափի…
*
Ուսանող տղուն կը հարցնեն.
-Ո՞ր դասարանն ես։
-Լուացարանի քովի, կը պատասխանէ տղան…
*
Օգտակա՛ր է երբեմն ժպտիլ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 12, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024