Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ս. Քաղաքի վիճակաւորը՝ Հուսամ Նաում արքեպիսկոպոսը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ հայոց վանքը։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Բարձրաստիճան հիւրը զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը յառաջիկային պիտի այցելէ Ս. Երկիր։ Ան Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեց այս առթիւ ձեռնարկուած կազմակերպչական ու նախապատրաստական աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024