«ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԸ ՀԱՅ Է»
Անցեալ շաբթուան մէջ վեց օր շարունակ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգի բարձրագոյն աստիճանին արժանացած վեց եպիսկոպոսները Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցեցին իրենց ուխտի պատարագները:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Տ. Առէն Վարդապետ Շահէնեան (Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեան (Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Նարեկ Վարդապետ Աւագեան (Արթիկի թեմի առաջնորդ), Տ. Մակար Վարդապետ Յակոբեան (Սիւնեաց թեմի առաջնորդ), Տ. Պարթեւ Վարդապետ Բարսեղեան (Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ) եւ Տ. Խորէն Վարդապետ Առաքելեան (Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ)։
Տ. Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան ծնած է Հայաստան, Սեւան քաղաքի մէջ: Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսումնառութենէն յետոյ, ձեռնադրուելով կուսակրօն եկեղեցական, սպասաւորութեան անցած է Գեղարքունեաց թեմէն ներս, ապա ծառայութեան նշանակուած է Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին մէջ։ Այնուհետեւ, հոգեւոր ուսումնառութիւնը կատարելագործած է Փարիզի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ եւ հովուական ծառայութեան անցած՝ Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս, ապա Թեմական-երեսփոխանական ժողովի կողմէ ընտրուած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ: Ան դարձած է Ֆրանսայի թեմի երրորդ առաջնորդը՝ յաջորդելով Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանին եւ Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանին:
Կը շարունակենք մեր զրոյցները նորաօծ եպիսկոպոսներուն հետ:
Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեանի ձեռնադրութեան առթիւ Մայր Աթոռ հասած էին ո՛չ միայն հայ հաւատացեալներ, այլեւ՝ ֆրանսացի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը։ Ձեռնադրութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Ալֆորվիլի, Փարիզ, քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ այս հանգամանքը անգամ մը եւս կը փաստէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին: Պատուիրակութիւնը ընդունուած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ:
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը, թեմէն ներս իր անդրանիկ պատարագին (որ նախատեսուած է նոյեմբերի 14-ին) նոյնպէս հրաւիրուած են պաշտօնեաներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի գրեթէ բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները եւ հաւատացեալներ, որոնց յղելով իր ջերմ խօսքերը՝ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեան ըսաւ.
-Իմ ուրախութիւնս շատ մեծ է, որովհետեւ գիտեմ, թէ այս առիթով թեմի բոլոր հաւատացեալները աղօթած են ինծի համար, ինչպէս որ աղօթեցին տարի մը առաջ, երբ ես անհանգիստ էի, առողջական խնդիրներ ունէի եւ իրենց աղօթքներու շնորհիւ այսօր ոտքի եմ եւ կը ծառայեմ իրենց:
-Սրբազան Հայր, դուք ստացաք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի օրհնութիւնը, այդ առիթով ի՞նչ զգացողութիւններ ունիք:
-Ինծի համար մեծ պատիւ էր ձեռնադրուիլ եւ օծուիլ Հայոց Հայրապետի ձեռամբ եւ ներկայութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին: Փոքրիկ գաղտնիք մըն ալ բանամ. երբ ես ֆրանսահայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցայ եւ այցելեցի Մայր Աթոռ՝ ստանալու Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը, այդ առիթով Վեհափառէն նուէր ստացայ լանջախաչ մը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքը եւ այդ լանջախաչը Պատրիարքը յանձեց ինծի՝ իր օրհնութեամբ հանդերձ: Եւ այս անգամ նոյնպէս պատրիարքը ներկայ էր եւ իր օրհնութիւնները կրկին բաշխեց մեզի:
Պոլսահայութիւնը առհասարակ կարեւոր դեր ունի մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, մեր թեմին մէջ մանաւանդ միշտ ներկայ է պոլսահայութիւնը: Մեր եկեղեցիներու ծխական վարչութիւններուն մէջ պոլսահայերը գերակշռող մեծամասնութիւն են, թեմի հիմնադրման հիմքերուն մէջ նոյնպէս կեցած են պոլսահայ քահանաները, թեմի հիմնադրման հիմքերուն մէջ նաեւ պոլսահայ գործարարները կեցած են, որովհետեւ 1800-ական թուականներուն Պոլիսէն առեւտրականներ երբ կ՚երթային մինչեւ Անգլիա, Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքը որոշակի առումով հանգրուան էր անոնց համար եւ անոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եկեղեցական կառոյցներու կազմաւորման մէջ:
-Այդ պատմական ժառանգութիւնը յառաջ տանելու գործը ձեր ուսերուն վրայ է, պատասխանատուութիւնը մե՞ծ է:
-Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը միշտ կայ, անկախ բոլոր հանգամանքներէն:
-Ֆրանսահայ համայնքը զանազան երկիրներէ հաստատուած հայերէ կազմուած է: Այդ առումով դժուա՞ր է աշխատանքը:
-Ո՛չ, որովհետեւ ինծի համար հայը հայ է՝ պոլսահա՞յ է, պէյրութահա՞յ, թէ՞ հնդկահայ՝ նշանակութիւն չունի, հայը կը մնայ հայ եւ այստեղ զիս ճանչցողները գիտեն, որ ես երբեք բաժանումներ չեմ դրած, չեմ դներ եւ երբեւէ պիտի չդնեմ:
-Այնուամենայնիւ, գիտենք, որ շրջան մը առաջ երկփեղկուած վիճակ մը կար՝ առընչուած Նիսի տագնապին: Հիմա յաղթահարուա՞ծ է ատիկա:
-Մեծ մասամբ այո՛, յաղթահարուած է, քիչ մնաց: Մէկ շաբաթէն, մօտաւորապէս տասն օրէն հոն ժողով մը ունինք՝ այդ հարցն ալ կը կարգաւորուի վերջապէս:
-Յօգուտ որո՞ւ:
-Յօգուտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ յօգուտ հայ հաւատացեալին: Երկու կրօնական ընկերակցութիւններու անդամները միացած են մէկ կրօնական ընկերակցութեան մէջ, շուտով ծխական խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն պիտի կատարուի, ատկէ վերջ այդ ընկերակցութիւնը դիմում պիտի կատարէ՝ վերադառնալու Հայ Եկեղեցւոյ գիրկը եւ մենք ալ զինք պիտի ընդունինք Հայ Եկեղեցւոյ թեմէն ներս: Նիսի մէջ պիտի ունենանք մէկ եկեղեցի, մէկ ծուխ:
-Այսօր ի՞նչ հիմնական մարտահրաւէրներ ունի թեմը:
-Սփիւռքի մարտահրաւէրներէն առաջինը, առհասարակ, հայապահպանութիւնն է, ինչ որ մենք կը ջանանք իրագործել եկեղեցիներէն եւ դպրոցներէն ներս, ունինք ինն դպրոց: Եւ ի հարկէ, մեր առջեւ կայ հայութիւնը համախումբ պահելու հրամայականը, որպէսզի բաժանումներ չըլլան՝ հնդկահայ, պարսկահայ, պոլսահայ եւ մնացեալ… այլ կարեւոր է, որ ըսենք՝ մենք հայ ենք, հպարտութեամբ ըսենք այդ մէկը եւ, ի հարկէ, օգտակար ըլլանք մեր հայրենիքին, Հայաստան աշխարհին:
-Ձեր ուխտի պատարագի քարոզին մէջ խօսեցաք նուիրաբերումի մասին, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
-Ամէն մարդ իր խաչը առած՝ պիտի երթայ Քրիստոսի ետեւէն եւ իր անձը չկորսնցնելու համար այդ անձը պիտի զոհէ Քրիստոսի համար, որպէսզի իր անձը շահի: Իսկ ի՞նչ է այդ խաչը, որ պիտի առնենք եւ երթանք Քրիստոսի ետեւէն. այդ մէկը, ըստ իս, մեր կեանքն է, որ պիտի նուիրաբերենք Քրիստոսին, այսինքն՝ ապրինք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, ըլլա՛նք ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ քրիստոնէական արժէքները իրագործենք կամ կատարենք մեր կեանքի իւրաքանչիւր օր, րոպէ ու վայրկեան:
-Ձեզի հետ ձեռնադրուեցան նաեւ հինգ եպիսկոպոսներ եւս, որոնք նոյնպէս վերադարձան իրենց թեմերը, ի՞նչ կը մաղթէք իրենց:
-Կը մաղթեմ, որ իրենց գաւազանը միշտ ծաղկեալ ըլլայ, եւ իրենց գործունէութիւնը ըլլայ ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ իրենց թեմերու:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եւրոպայի տարածքին կը գտնուի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կը պատկանի ֆրանսահայոց թեմը, որ թէեւ կազմաւորուած է 2006 թուականին, սակայն անոր արմատները աւելի հին պատմութիւն ունին: 2006 թուականին կազմաւորուելով իբրեւ թեմ՝ միաւորած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան Փարիզի հայոց թեմը, Լիոնի եւ Մարսէյլի շրջանները։ Առաջնորդանիստը Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ տաճարն է, որ կառուցուած է 1900-ականներու սկզբին՝ 20-րդ դարու խոշորագոյն հայ գործարար եւ բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանցի միջոցներով, ֆրանսացի ճարտարապետ Ալպէր Տեզիրէ Ժիլպէրի նախագծով։
Ընդհանրապէս, Ֆրանսայի մէջ հայերու հաստատման եւ մշտական բնակութեան մասին տեղեկութիւնները կը թուագրուին վաղ միջնադարին։ Խաչակրաց արշաւանքներու շրջանին կ՚աշխուժանան Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի թագաւորութեան յարաբերութիւնները՝ ռազմական, տնտեսական, քաղաքական եւ կրօնական ոլորտներուն մէջ։ Աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւններէ եւ քաղաքական որոշ իրադարձութիւններէ յետոյ, յատկապէս ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէն ետք աստիճանաբար կ՚աւելնայ հայերուն թիւը, որ կտրուկ կ՚աճի անցեալ դարասկիզբին:
Հայերը Ֆրանսայի մէջ կը բնակին հիմնականը Փարիզ, Մարսէյլ, Վերսայ, Լիոն, Նիս, Պուատիէ, Լա Ռոշէլ, Պորտօ, Սեն Շամոն, Վիէն, Վալանս եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Ֆրանսահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ստեղծուած են բազում դպրոց-վարժարաններ, հասարակական, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, որոնք հայապահպանութեան իւրայատուկ կեդրոններ են։ Երկրին մէջ գործող շուրջ 500 համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպություններու մասնաճիւղերու մեծ մասը ընդգրկուած է 2001 թուականին ստեղծուած Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի կազմին մէջ: Ֆրանսա արտագաղթած հայաստանցիներու կողմէ 2016 թուականին Փարիզի մէջ ստեղծուած է «Հայասսա» ընկերակցութիւնը, որ կը ներառէ շուրջ երեք տասնեակ կազմակերպութիւն եւ ունի իր մարմինները՝ Լիոն ու Մարսէյլ:
Ֆրանսահայերը ներգրաւուած են երկրի գրեթէ բոլոր ասպարէզներէ ներս, ներկայացուած են նահանգային եւ միւս իշխանութիւններու մէջ: Ներկայիս ֆրանսահայութեան թիւը որոշ տուեալներով կը հասնի շուրջ 650 հազարի:
Ֆրանսիայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ փողոցները կը կրեն Հայաստանի աշխարհագրական վայրերու եւ նշանաւոր հայերու անունները։
Միաժամանակ Ֆրանսան ամենամեծ թիւով քոյր քաղաքները ունի Հայաստանի հետ. ինչպէս՝ Փարիզն ու Երեւանը, Պանյոն ու Վանաձորը, Վալանսն ու Իջեւանը, Մասիսն ու Էքսան-Փրովանսը, Վիէնն ու Գորիսը, Ալֆորվիրն ու Օշականը եւ այլն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ԲՈԼՈՐԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅԵԼ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ…»
Սիրելի՛ Սրբազան Հայրեր,
Հայրապետական մեր պատգամն է ձեզի՝ որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ մշակներ՝ քաջ ու հետեւողական ըլլալ մեր հաւատի պաշտպանութեան մէջ, մշտարթուն հովուել ու խնամել Տիրոջ հօտը: «Կը յիշեցնեմ քեզի, որ վերարծարծես Աստուծոյ շնորհը, որ տուի քեզի՝ իմ ձեռքերը դնելով քու վրայ, որովհետեւ Աստուած մեզի երկչոտութեան ոգի չտուաւ, այլ՝ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ Տիմ. 1.6-7): Առաքեալի այս խօսքերով հայրական մեր յորդորն է իւրաքանչիւրիդ՝ բոլորանուէր ծառայել մեր ժողովուրդին, առաջնորդելով ապրելու աստուածադիր պատուիրաններով եւ հաւատարիմ մեր երանեալ հայրերու աւանդներուն, որպէսզի հոգեւոր արժէքներու պայծառութեամբ ամուր եւ աներեր մնայ մեր ժողովուրդի հաւատը, որով իրականութիւն պիտի դարձնենք մեր ազգի իղձերն ու երազները։ Ձեր գործերուն եւ վճիռներուն միշտ առաջնորդուեցէք Քրիստոսի օրինակով եւ ձեր ընթացքով բարի օրինակ ծառայեցէք հաւատացելոց՝ յիշելով, որ Աստուած կը գործէ ձեր մէջ եւ ձեր միջոցով։ Ուստի, աննկուն եւ հաստատակամ մնացէք՝ մեր զաւակաց կեանքին մէջ՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ առատացման պարտականութեան մէջ։
Առ Տէրն ապաւինութեամբ արդիւնաւորեցէք առաջնորդական ձեր գործունէութիւնը՝ ի բարգաւաճում տիրախնամ թեմերու, ի պայծառացում եւ ի զօրացում հայրենիքի եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի:
Հայրապետական սիրով եւ օրհնութեամբ մեր գնահատանքը կը բերենք բոլոր հաւատաւոր հայորդիներուն, որոնք աջակից են մեր թեմակալ առաջնորդներուն ու հոգեւոր դասին եւ սատար են թեմական կեանքի շինութեան ու յառաջընթացին:
Կ՚աղօթենք առ Ամենակալն Աստուած, որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ ողջ աշխարհին ու մեր հայրենիքին եւ Իր Սուրբ Աջի հովանիի ներքոյ անվտանգութեան ու բարօրութեան մէջ պահէ համայն մեր ժողովուրդը՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։ Թող շնորհը, սէրը եւ ողորմութիւնը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքի այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024