Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ միշտ Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ։ Ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2024