ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ
Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւններէն մէկ ամիս անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ դարձեալ տեղի կ՚ունենան հոգենորոգ արարողութիւններ: Մայր Տաճարի վերաօծումէն ետք առաջին անգամ տաճարին մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարուեցաւ, ինչ որ կրկին մեծաթիւ ուխտաւորներու այցելութիւններու առիթ դարձաւ եւ հաւատացեալներու աղօթարար շունչով լեցուց Մայր Աթոռի շրջափակը: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ վեց նոր սրբազաններով, որոնք ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ երկար տարիներու ծառայութիւն ու վաստակ ունին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Տ. Առէն Վարդապետ Շահէնեան (Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեան (Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Նարեկ Վարդապետ Աւագեան (Արթիկի թեմի առաջնորդ), Տ. Մակար Վարդապետ Յակոբեան (Սիւնեաց թեմի առաջնորդ), Տ. Պարթեւ Վարդապետ Բարսեղեան (Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ) եւ Տ. Խորէն Վարդապետ Առաքելեան (Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ)։
Ուխտաւորները Մայր Աթոռ այցելեցին նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան յաջորդող օրերուն՝ մասնակցելու օծուած վեց հոգեւորականներու ուխտի պատարագներուն, որոնք տակաւին կը շարունակուին…
Միաժամանակ այս օրերուն կը նշուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակը, որու առթիւ ալ երկուշաբթի օրուան պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի:
Ուխտի առաջին Սուրբ Պատարագը Մայր Աթոռի մէջ մատոյց եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արժանացած Տ. Առէն Եպիսկոպոս Շահէնեան, որ առաջնորդական տեղապահն է Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմին: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Ամենապատիւ Տ․ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, Հայաստանի եւ արտերկրի զանազան թեմերու առաջնորդներ, եպիսկոպոսներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, բարերարներ, ուխտաւորներ:
Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նաեւ շնորհաւորեց Հայոց Հովուապետը՝ օծման ու գահակալութեան տարեդարձի առթիւ, անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի հոգեւոր, մշակութային, կրթական ու եկեղեցաշէն գործունէութեան:
Տ. Առէն Եպիսկոպոս Շահէնեան ծնած է 1970 թուականին՝ Իրաքի մայրաքաղաքը Պաղտատի մէջ՝ արմատներով վանեցի ծնողներու յարկին տակ։ Հոգեւոր կրթութիւն ստացած է Իրաքի Բաբելոնի համալսարանին մէջ, յետոյ անցած է Իտալիա, ուր ուսանած է Հռոմի Պապական արեւելեան կաճառին մէջ, հովուական ծառայութիւն իրականացուցած է Իտալիոյ, Հոլանտայի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայոց թեմերէն ներս։
2022 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է:
Ուխտի պատարագէն ետք, նորաօծ եպիսկոպոսը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուաւ իր առաջին հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Սրբազան Հայր, Մայր Տաճարի վերաօծումէն ետք առաջին ուխտի Սուրբ Պատարագը կատարեցիք Մայր Տաճարին մէջ: Ի՞նչ են ձեր զգացողութիւնները այդ առիթով:
-Անհնար է պատկերացնել իմ զգացողութիւններս, որովհետեւ իսկապէս մեծ ուրախութիւն է, նամանաւանդ, որ Տէրը արժանի գտաւ այս բարձր աստիճանին, Վեհափառ Հայրապետը մեզ արժանացուց եպիսկոպոսական աստիճանին, որպէսզի մենք կարողանանք լիակատար ձեւով ծառայել մեր ժողովուրդին՝ մեր համայնքներէն ներս, սփիւռքի մէջ, ո՛ւր որ ալ գտնուինք, մեր ժողովուրդը առաջնորդենք դէպի իր խաղաղ նաւահանգիստը:
Իմ ունեցած զգացումներս այսօր թէ՛ ուրախութեան եւ թէ նոյնչափ ալ եթէ չըսենք տխրութեան, այլ պարտաւորութեան են: Բայց այդ պարտաւորութիւնը եւս ուրախութիւն է, որովհետեւ մեր ընելիքները առաւել են այսօր: Առաւել են, որպէսզի մենք կարողանանք մեր ծառայութիւնը լիակատար ձեւով մատուցել մեր ժողովուրդին:
-Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հեռաւոր թեմերէն է ձեր թեմը: Կը նկատուի Էջմիածինէն երկրորդ ամենահեռու թեմը՝ Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմէն վերջ։ Այդ առումով ի՞նչ կ՚ընէք՝ թեմի աշխատանքը աւելի տեսանելի դարձնելու համար:
-Հեռաւոր է, բայց նաեւ՝ համբաւ ունեցող թեմ է Արժանթինի հայոց թեմը: Բաւական լսուած է մեր թեմի մասին: Եւ միշտ արժանթինահայութիւնը կարեւոր համայնքներէն մէկը եղած է եւ համբաւ ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ, իբրեւ զօրաւոր համայնք, ուր կան բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները եւ համախումբ ձեւով կը գործեն: Մանաւանդ՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ կան թաղամասեր, որոնք հայկական ոգի ունին՝ հայկական դրօշներով, դպրոցներով… Անոնք արժանթինահայեր են, թէեւ կրնան հայախօս չըլլալ, բայց անոնց ազգային ոգին, ինքնութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը շատ զօրաւոր են:
-Ի՞նչ մարտահրաւէրնէր ունի թեմը:
-Արժանիթի եւ Չիլիի մէջ հայութիւնը շուրջ 150 հազար է։ Հոն հաստատուած հայութեան հինգերորդ, վեցերորդ սերունդն է, բաւական կազմակերպուած համայնք մըն է, եօթ եկեղեցի ունինք, եօթ ազգային դպրոց, նաեւ այլ կառոյցներ… Մարտահրաւէրները նոյնն են, ինչպէս օտար ափերուն գտնուող բոլոր թեմերու պարագային, քանի որ օտար երկիրներու մէջ գտնուած ժամանակ հայու վեցերորդ, եօթներորդ սերունդները արդէն լեզուն պահպանելու խնդիր ունին, ազգապահպանութեան մեծ դժուարութիւններ կան, մանաւանդ՝ այնպիսի բաց երկիրներու մէջ, ուր որ ազատամտութիւնը, աշխարհայեացքի մտայնութիւնը աւելի զօրաւոր են, քան թէ ըսենք՝ ազգային ոգին: Այդ առումով մեր ընելիքները շատ-շատ են, պատասխանատուութիւնն ալ շատ-շատ է, որպէսզի մենք կարողանանք այդ ազգապահպանման, եկեղեցապահպանման առաքելութեան մէջ անսասան պահել մեր ժողովուրդը:
-Ձեր քարոզին մէջ անդրադարձաք քաջ հովիւի կերպարին: Այսօր հայ հոգեւորականի համար ի՞նչ աստիճանի քաջութիւն անհրաժեշտ է՝ ներկայ ժամանակներու դժուարութիւններուն առջեւ:
-Հայ հոգեւորականին քաջութիւնը այսօր անսահման պիտի ըլլայ, չափ չկայ: Պէտք է ուղղակի այդ քաջութիւնը գործադրելով՝ մէկը նուիրեալ կերպով կարողանայ իր անձը նուիրել, որպէսզի իր ժողովուրդը փրկէ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ իմ օծակից եղբայրներուս, բոլոր մեր հոգեւորականներուն:
Մաղթանքս է, որ բոլորս ալ մեր կարգերուն մէջ հաստատուն մնանք, լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցենք մեր ժողովուրդին:
Մեր ժողովուրդին ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է: Մեր ժողովուրդի կողքին ըլլալը արդէն կը նշանակէ, որ աշխատանքը հասած է տեղ, իմ խնդրանքս է՝ բոլորս միասնաբար աշխատինք, որպէսզի ամենալաւը մատուցենք:
-Կրնա՞ք անդրադառնալ ձեր թեմի պատմութեան։
-Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի՝ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին գտնուող, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին պատկանող երեք թեմերէն (Ուրուկուայի եւ Պրազիլիոյ թեմերուն հետ միասին) մէկն է, որ կը համախմբէ առաքելական արժանթինահայութեան ու չիլիահայութեան հոգեւոր կեանքը։ Առաջնորդանիստը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին է, որ կը գտնուի Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Թեմը կազմաւորուած է 1983 թուականին։ 1938-1982 թուականներուն արժանթինահայ համայնքը եղած է Հարաւային Ամերիկայի հայրապետական պատուիրակութեան կազմին մէջ (կեդրոնը՝ Պուէնոս Այրէս), որ հովուած է նաեւ Ուրուկուայի, Պրազիլիոյ եւ Չիլիի հայ համայնքները։
1983 թուականին Ամենայն Հայոց Վազզէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակով՝ Հարաւային Ամերիկայի հայրապետական պատուիրակութիւնը բաժնուած է երեք զատ՝ Արժանթինի եւ Չիլիի, Ուրուկուայի, Պրազիլիոյ թեմերու։ Արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցչական համադրիչ մարմինը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն է՝ Հայ կեդրոն անունով, որ եկեղեցիի վարչական խորհուրդն է. մասնաճիւղեր ունի Կորտովա եւ Ռոսարիօ։ Խորհուրդին գլխաւորութեամբ կը գործեն կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ԾԱՆՐ Է ԲԵՌԸ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ…»
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը՝ ինչպէս յայտնի է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մենաշնորհն է, իսկ եպիսկոպոսութիւնը՝ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգի բարձրագոյն աստիճան: Եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ տեսուչն է եւ անոր օծումին մասին ձեռնադրութեան պատարագին հետեւալը ըսած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը.
Քրիստոսի Եկեղեցին նորընծայ եպիսկոպոսներով միշտ կը զօրանայ, քանզի անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը շինութիւն ու պայծառութիւն կը յաւելէ եկեղեցական կեանքին, օրհնութիւն եւ մխիթարութիւն կը պարգեւէ հաւատացեալներուն՝ առաջնորդելով երկնային վարձատրութեան արժանի բարի գործերու։ Ուստի, այս իրադարձութիւնը նշանակալի է ո՛չ միայն նորոգ ձեռնադրեալներու, այլեւ հաւատացելոց համար, ինչպէս եռամեծ վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը հաստատէ, Եկեղեցին Աստուծոյ քաղաքն է, որուն խնամք տանելու կոչուած է եպիսկոպոսը։
Ծանր է բեռը եպիսկոպոսի, դժուարին է ու պատասխանատու անոր առաքելութիւնը։ Եպիսկոպոսի բարձր հանգամանքը ոչ թէ փառքի դափնիներով զարդարուն կեանք կ՚ենթադրէ, այլ խոնարհ եւ ժուժկալ սպասաւորութիւն, յաճախ նաեւ անձնազոհութիւն՝ մեր Տիրոջ նմանութեամբ։ «Մարդու Որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու». Իր օրինակով ա՛յս ուսուցանեց մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս՝ ուղենշելով նաեւ Սուրբ Եկեղեցւոյ սպասաւորներու առաքելութիւնը: Յանձնառութեան այսպիսի ոգին է խրախոյսն ու շարժիչ ուժը տէրունաւանդ հոգեւոր ծառայութիւն ստանձնած բոլոր հոգեւորականներու համար: Եպիսկոպոսը հայր է, որ կոչուած է սիրով եւ ջանադրութեամբ հոգատարելու իր հոգեւոր զաւակներուն, Աւետարանի անյոգնաբեկ քարոզչութեամբ արթուն ու զօրեղ պահելու անոնց հաւատքն ու աստուածսիրութիւնը, խարսխելու անոնց կեանքը հոգեւոր արժէքներու վրայ, նաեւ ի հարկին յանդիմանելու, նախազգուշացնելու վտանգներու մասին ու զերծ պահելու մեղսալի եւ կործանարար ընթացքներէն։
Եպիսկոպոսը տեսուչ է՝ կոչուած նախանձախնդրօրէն հետեւելու ուղղափառ հաւատի անաղարտ պահպանութեան, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգաց եւ կանոնաց յարգման, իր շնորհներն ու կարողութիւնները ծառայեցնելու տէրունապատուէր հոգեփրկչական առաքելութեան, հսկելու եւ կարգաւորելու իր իշխանութեան ներքոյ գործող եկեղեցականներու ծառայութիւնը, օծելու եկեղեցիներ, ձեռնադրելու հոգեւոր նոր սպասաւորներ։ Եպիսկոպոսը առաջնորդ է, որու անդրանիկ պարտականութիւնն է Կենաց Խօսքի ուսուցմամբ Քրիստոսապատուէր շաւիղներով առաջնորդել հաւատացեալները, նաեւ փորձութիւններով լեցուն այս աշխարհին մէջ խիզախաբար պայքարիլ իր հաւատաւոր հօտի իրաւունքներու համար։ Եպիսկոպոսը կոչուած է մեր Տիրոջ պէս ըլլալ քաջ հովիւ, որ, առաքեալի խօսքով, «Իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ փրկէ ամէն անօրէնութենէն եւ մաքրէ որպէս Իրեն սեփական ժողովուրդ՝ նախանձախնդիր բարի գործերու» (Տիտ. 2.14):
Եպիսկոպոսը սպասաւոր է, սիրելինե՛ր, կոչուած միշտ ականջալուր եւ խնամարկու ըլլալու հաւատացելոց հոգեւոր կարիքներուն ու պէտքերուն, քանզի, Տիրոջ խօսքի համաձայն, «Երանելի է մանաւանդ տալը, քան առնելը» (Գործք 20.35)։
Յիրաւի, մեր պատմութիւնը հարուստ է բազում վկայութիւններով, թէ ինչպէս եպիսկոպոսները հայոց հայրապետներու գլխաւորութեամբ անձնդիր գործած են մեր ազգի հոգեւոր խնամքի եւ փրկութեան, հայորդեաց սիրտերուն մէջ հաւատքի, հայրենասիրութեան ու ազգանուիրումի զօրացման, մեր հայրենիքի, համայն մեր ժողովուրդի ապահով կեանքի, յառաջընթացի ու բարօրութեան համար: Անշուշտ, պատմական փոթորկալի զարգացումները, աշխարհաքաղաքական ծանր իրողութիւնները յաճախ մեր ազգը կեցուցած են երբեմն անյաղթահարելի եւ անդառնալի թուացող կորուստներու եւ ծանր հիմնախնդիրներու առջեւ, որոնցմէ անմասն չէ եղած նաեւ Հայոց Եկեղեցին։ Այսօր եւս մեր ժողովուրդն ու երկիրը կը գտնուին լրջագոյն մարտահրաւէրներու յանդիման, հայրենական անդաստանին մէջ արդարութիւնն ու ճշմարտասիրութիւնը զօրացնելու, համազգային միաբանութիւնը հաստատուն պահելու եւ անկախ պետականութիւնը անսասան պահպանելու անհրաժեշտութեան առջեւ:
Տիրող դժուարին իրադրութեան զուգընթաց տարատեսակ վնասակար գաղափարախօսութիւններու տարածմամբ մեր հասարակութեան մէջ փորձ կը կատարուի նսեմացնել մեր Սուրբ Եկեղեցիի պատմական առաքելութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու կարեւորութիւնը, ընտանիքի աւանդական ընկալումը, խարխլել ազգային համերաշխութեան հիմքերը։ Նման տագնապալի պայմաններու ներքոյ հարկ է Տիրոջ օգնականութեամբ բազմապատկել հոգեւորականներուս եւ եկեղեցական կառոյցներու ջանքերը՝ ի նպաստ վիրաւոր մեր հայրենեաց եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներու արժանապատիւ յաղթահարման, ազգային ոգիի զօրացման, այլեւ լուսաւոր մեր նախնեաց կողմէ աւանդուած արժեհամակարգին եւ պատմական նուիրական յիշատակներուն հաւատարիմ՝ մեր ինքնութեան անխաթար պահպանման։
Նորօծեալ եպիսկոպոսները, այսօր նորոգելով հոգեւոր ծառայութեան իրենց ուխտը, պատասխանատուութեան կը կոչուին այսպիսի դժուարին ժամանակներու մէջ՝ արիաբար դիմակայելու առկայ փորձութիւններուն եւ մեր Սուրբ Եկեղեցիի դէմ արտայայտուող մերժելի երեւոյթներուն ու դրսեւորումներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024