ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան կեցութեան օրերու իրադարձութիւնները եղան յատկանշական։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան մասնակցեցաւ Էջմիածնի Հայորդեաց տան երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը։ Իսկ երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կեցութեան վերջին օրը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանն ու Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանը։ Երկու սրբազանները տեսախցիկի առջեւ անգլերէնով զրուցեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հետ։ Նկարահանեալ այս զրոյցը յառաջիկային պիտի սփռուի անգլիախօս հաւատացեալներու համար։
Կեցութեան օրերու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Նորին Ամենապատուութիւնը կատարեց հրաժեշտի աղօթքը եւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը առաջնորդուեցաւ՝ ուղեկցութեամբ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի, Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի, Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեանի, Տ. Յովհաննէս Աբեղայ Թորգոմեանի եւ այլ միաբաններու կողմէ։
Այս առաւօտեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքս վերադարձաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի, որ իր հետ էր՝ իբրեւ գաւազանակիր։