ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ…
Սովորութիւն է եղած ըսել. «ժամանակը փոխուած է…»։ Բայց իրականին՝ փոխուածը ժամանա՞կն է, թէ մա՛րդը։ Սա իրականութիւն է՝ թէ փոխուած է շատ բան, ժամանակ, մարդ, սովորութիւն եւ կեա՛նք։ Արդարեւ, ներկան՝ անցեալին փոխուած կերպն է, ինչպէս ապագան՝ ներկային։ Այս իմաստով, կը փոխուին բարքեր, ընդհանրապէս ապրելու կերպեր, կենցաղ։
Բոլոր այս փոփոխութիւններուն մէջ անփոփոխ կը մնայ մարդկային ընդհանուր նկարագիրը՝ բնաւորութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Մարդը միշտ նոյն մարդն է. ինքնասէր, նախանձոտ, սիրող եւ նաեւ ատող, ներող ե՛ւ ոխակալ… այս կը նշանակէ, որ որքան ալ փոխուի «արտաքին մարդ»ը, անփոփոխ կը մնայ «ներքին մարդ»ը։
Բնութիւնը անշեղ օրէնքն է բարեշրջումի, բայց նաեւ այլասերումը անխուսափելի՛ է այս օրէնքին համաձայն։ Բնութիւնը տեւապէս բարեփոխութեան ենթակայ է. մարդ ալ արտաքնապէս կ՚ենթարկուի այս փոփոխութեան։ Սակայն անփոփոխ կը մնայ «ներքին մարդ»ը։ Ի՞նչ տարբերութիւն կայ դարեր առաջուան եւ ժամանակակից մարդուն մէջ. կռիւ, վարկաբեկութիւն, նախանձ եւ նման զգացումներ փոխուա՞ծ են մարդուն մէջ։
Եթէ մարդը փոխուած ըլլար, այսօր եւս կը քարոզուէ՞ր սէր, ճշմարտութիւն, բարութիւն, բարոյականութիւն եւ կը շարունակուէ՞ր ատելութիւն, ոխակալութիւն, կռիւ, վէճ, գժտութիւն եւ ամէն չարութիւն։
Ներկայ զարգացած եւ փայլուն դարուն՝ նիւթապաշտութիւնը, հաճոյամոլութիւնը եւ ազատամտութիւնը, ծայրայեղութեան պատճառով, մոլութիւններու եւ մոլորութիւններու առիթ կու տան։ Իրականին, ներկայ դարը իրապաշտօրէն վերլուծելով, կը տեսնուի, որ այսօրուան մարդկութիւնը Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ չի՛ գտնուիր, եւ ինչպէ՜ս գտնուի, երբ ի խնդիր չափազանցուած եւ իր նպատակէն շեղած եւ իմաստը խոտորած ազատամտութեան եւ յատկապէս ի խնդիր անարդար շահու եւ հաճոյքի, նուիրական ամէն բան, խիղճ, բարոյականութիւն, մարդկային արժանապատուութիւն, առաքիութիւն, ազնուութիւն եւ այլն, ամէն բան՝ որ մարդս անասուն եւ անբաններէն անհամեմատօրէն վե՛ր կը բարձրացնէ, այսօր ի վաճառ հանուած է։
Ցաւալի է, որ ձրի ծանուցումի եւ շահագործումի, շպարի, սուտի եւ կեղծիքի դարը կ՚ապրուի տակաւին, եւ երեւակայութիւնը մարդս առաջնորդ ընտրած է եւ այս ընտրութեամբ ինքզինք հպա՜րտ կը զգայ։
Կա՛յ եւ աւելի ցաւալին։
Այսօր, երկու ազդեցիկ տարր. մամուլ եւ համացանց, գեղարուեստի եւ մշակոյթի շպարին ներքեւ, եւ բարեբախտաբար ո՛չ ամէն տեղ, կարծես մարդկային այլասերումի համար միաբանած, առ այդ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, եւ զարմանալին, ընդվզումի եւ բողոքի ձայն ալ չեն լսեր՝ առհասարակ։ Բայց, թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար ըսենք, որ մամուլը եւ համացանցը երբ կը գործածուին իրենց նպատակին համաձայն, անշուշտ որ անոնք բացարձակապէս օգտակար են մարդոց թէ՛ մտապէս զարգացման եւ թէ հոգեպէս ազնուացման համար։ Ուստի, ամէն գործիք օգտակար կամ վնասակար կ՚ըլլայ զայն գործածողին նպատակին համեմատ։
Այսօր, եւ դժբախտաբար անտարբերութիւն մը կը տիրէ բարիին, օգտակարին, ճշմարտութեան նկատմամբ։ Եւ այսօր բոլորովին փոխուած է բարոյագիտական եւ գեղեցկագիտական դասական սկզբունքներ, հաւատալիքներ։
Խաբեբայութիւնը, խարդախութիւնը, խաչագողութիւնը, կեղծաւորութիւնը ճարպիկութիւն համարուած է. յաջողութեան համար անհրաժեշտ վարմունքներ եւ ընթացքներ։ Այսօր նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի ընդունուած է։ Մինչդեռ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը, եւ արդարութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 4, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024