ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԴԷՊՔ ՄԸ՝ ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ ԿԵԱՆՔԷՆ…
Այս տարի Գահիրէի մէջ վերահրատարակուեցաւ հայ մեծանուն երգիծանկարիչ, հրապարակախօս Ալեքսանտր Սարուխանի յուշերու գիրքը՝ խմբագրուած եւ նոր ծանօթագրուած տարբերակով: Ալեքսանտր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան-Պլատեան ստանձնած է իր անուանի մեծ հօր ստեղծագործութիւններու պահպանման եւ տարածման պատասխանատուութիւնը եւ մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ալ ըսաւ, թէ նպատակ ունի «Յուշեր»ը հրատարակել նաեւ արեւելահայերէնով եւ հայաստանցի ընթերցողին նոյնպէս հասու դարձնել Սարուխանի կեանքը: Սարուխան շատ կապուած էր իր ժողովուրդին, Հայաստանի արուեստագէտներուն եւ անոր արժեւորումը հայրենիքի մէջ ուշացած, բայց ողջունելի գաղափար է: Իր յուշերուն մէջ անուանի նկարիչը կը պատմէ, թէ ինչպէս, Կովկաս ծնած ըլլալով, ուսանած, ապրած, աշխատած է Պոլիս, Եգիպտոս, ապա մեկնած է Եւրոպա, նաեւ կը ներկայացնէ յատկանշական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն: Այս գիրքը լոյս տեսած է 2018 թուականին եւ Ալեքսանտր Սարուխանին վերաբերող ամենավերջին հրատարակութիւնն է:
Այս տարի ալ Եգիպտոսի մէջ (ուր գործած եւ մահացած է Ալեքսանտր Սարուխան) աւարտին հասան անոր ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները, որոնք տօնուեցան նաեւ պետական մակարդակով: Սարուխան օրին ընդունուած է եգիպտական ամենաբարձր շրջանակներու կողմէ, սակայն իր Եգիպտոս հասնիլն ու հոն հաստատուիլը դիւրին չէ եղած, ինչ որ ան կը պատմէ իր յուշերուն մէջ: Բայց յատկանշական է, որ Սարուխան յայտնուած է նաեւ զաւեշտալի իրադրութիւններու մէջ, որոնցմէ մէկն ալ նկարագրած է: Յուշագրութեան այդ հատուածը Սարուխան խորագրած է «Ինչպէ՞ս Եգիպտոս եկայ. Եգիպտոսի հողը կոխեցի՝ կրակի վրայ կոխելու պէս»:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵԳԻՊՏՈՍ ԵԿԱՅ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀՈՂԸ ԿՈԽԵՑԻ՝
ԿՐԱԿԻ ՎՐԱՅ ԿՈԽԵԼՈՒ ՊԷՍ
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ
Թէ մէկ քանի վայրկեանի ընթացքին ինչպիսի՛ արմատական վերիվայրումի կրնայ ենթարկուիլ մարդու մը ճակատագիրը, թէ ինչպէս երազներու երանաւէտ աշխարհէն դէպի յուսահատութեան անդունդը կրնայ իյնալ մէկը՝ ատոր ամենէն դաժան փորձառութիւնը անձամբ ստուգեցի, երբ զիս Թրիէսթէէն Եգիպտոս փոխադրող իտալական «Հելուան» շոգենաւը մօտեցաւ Աղեքսանդրիոյ քարափին։ Շոգենաւին սանդուխներէն սկսեալ մինչեւ քարափ ոտք կոխելուս միջեւ ապրեցայ կեանքիս ամենէն դժնդակ ողբերգութիւնը, այնքան անակնկալ, այնքան յանկարծական, որքան դառն, որ հակառակ անկէ ի վեր յիսուն տարիներուն՝ դեռ մինչեւ այսօր սոսկումով կը վերյիշեմ զայն։
Արդարեւ, 1924, յուլիս 27-1, Ադրիականի եւ Միջերկրականի կապոյտ ու հանդարտ ջուրերը ճեղքելով, Եգիպտոս ուղղուող շոգենաւին մէջ՝ խանդավառ, վարդագոյն երազներով եւ գեղեցիկ յոյսերով լի երիտասարդ մըն էի, որ անցուցած Պոլսոյ անորոշ ու անապահով կեանք մը, Վիեննայի ուսանողական անձուկ դժուարին հանգրուանները՝ վստահ քայլերով կը դիմէր դէպի Փարաւոններու երկրին մէջ իրեն սպասող փայլուն հեռանկարներով լի ապագան։ Ուրախ եւ անհոգ «թուրիսթ» մըն էի, շուրջիններէս ոչինչով պակաս։
Բարեկամներու պատկառելի շրջանակ մը կազմած էի նաւուն վրայ, եւ անոնց նման ինքզինքիս կ՚արտօնէի գրպանիս մէջ գտնուող մէկ քանի ղրուշները առանց վախի ծախսելու, իրարու կենացներ խմելու։ Չորս օրուան «իշխանական» կեանք մը, մէկ խօսքով։ Ի՞նչ բանէ կը վախնայի։ Չէ՞ որ Եգիպտոս հրաւիրուած էի Վիեննայի Կրաֆիք հաստատութեան մէջ ծանօթացած մեծահարուստ եգիպտացիի մը կողմէ, որ ոչ միայն գործով, այլեւ բնակարանով եւ ապրուստի բոլոր միջոցներով ապահոված էր զիս...: Իր ծրագրած թերթին երգիծանկարիչը պիտի ըլլայի, իր ապարանքին մէջ պիտի ապրէի...
Վիեննայի մէջ օրը օրին հազիւ ապրող ուսանողի մը համար փոքր բանե՞ր էին ասոնք։ Քանի՜ քանի՜ աւստրիացի ուսանողներ նոյն հիմնարկին մէջ՝ երանինե՜ր կու տային ինծի։ Անոնցմէ շատերը «կոկորդիլոսիկ» մը, «ռնգեղջիւրիկ» մը կ՚ապսպրէին՝ իբրեւ նուէր։ Չէ՞ որ Նեղոսը լի էր անոնցմով։
Ինչի՞ պէտք պիտի ըլլային գրպանիս մէջ ծուարած մէկ քանի ղրուշները, երբ ապահով էի որ քիչ ատենէն դէմ դիմաց պիտի գայի քարափին վրայ անհամբեր ինծի սպասող Ապտէլքատէր ԷլՇեննաուիին, Մանսուրայի մեծահարուստ համբաւաւոր ընտանիքի շառաւիղէն, ինք ալ մեծահարուստ մը։
Վիեննայի մէջ մեր բերնին ջուրերը կը հոսէին, երբ կ՚իմանայինք, թէ ամսական երեսուն եգիպտական ոսկի կը ստանար, երբ մենք, հայ ուսանողներս, հազիւ երկու կամ երեք ոսկի կը յաջողէինք քով քովի բերել։ Քիչ ետք ես ալ անոր աստիճանին բարձրացած պիտի ըլլայի...։ Որքա՜ն անհամբերօրէն կը սպասէի երանելի այդ վայրկեանը։
«Հելուան»ը մօտեցաւ քարափին։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը, ֆէսերու կարմիր ովկիանոս մը։
Բարեկամներէս հրաժեշտ առնելէ ետք, կռթնած շոգենաւին բազրիքին՝ աչքս կը պտտցնէի բազմութեան վրայ։ Ապտէլքատէր մէջն էր անոնց անշուշտ, եւ ինք ալ աչքերը շոգենաւին ուղղած, կասկած չկար, թէ զիս կը փնտռէր, մանաւանդ որ իրեն համար աւելի դիւրին էր զիս նշմարելը, քան ինծի համար՝ զինք։ Երբեք զարմանալի չէր թուեր ինծի, երբ հազարաւորներու մէջէն առաջին իսկ ակնարկով չգտայ զինք։ Բայց կասկածը պատեց միտքս, երբ քանի ժամանակը կ՚իջնէր, անոր հետքն իսկ չէի գտներ, մինչ ճամբորդները մէկիկ-մէկիկ վար կ՚իջնէին սանդուխներէն, կ՚ընդունուէին եւ կ՚ողջագուրուէին իրենց հարազատներուն հետ։ Ի վերջոյ, ո՛չ ճամբորդ, ո՛չ ալ սպասող մնաց քարափին վրայ։ Միայն քանի մը վերնազգեստ հագած բեռնակիրներ պոռպռալով հոս ու հոն կը վազէին։ Ո՛չ մէկ հետք մեր Ապտէլքատէրէն։
Անասելի ու անբացատրելի յուսախաբութիւնը եւ յուսահատութիւնը պատեց զիս։ Վար իջնել քարափ ի՞նչ ընելու, ո՞ւր երթալու համար։ Շշմած ու գլուխս ուղեղէ պարպուած՝ գամուած, կռթնած մնացած էի բազրիքին, մինչ շոգենաւի պաշտօնեաները կը հասկցնէին, թէ չէի կրնար երկար մնալ հոն...։ Անկամ եւ մտածելու կարողութենէ զուրկ, պարպուած ուղեղով՝ քուրջի կտորի մը վերածուած էի։ Մինչեւ որ բեռնակիրներ քարափէն վեր ելլելով՝ շալկեցին մէկ քանի խեղճուկրակ ճամպրուկներս, զիս ալ պարտադրեցին միանալ իրենց։
Պահ մը կանգ առի հոն, շրջապատուած բեռնակիրներէն, որոնք կ՚ուղղէին ինծի բարձրաձայն հարցումներ, որոնցմէ ոչ իսկ բառ մը կը հասկնայի։ Ինձմէ աւելի խելացի եւ թերեւս փորձառու ալ՝ իրենցմէ մին առաւ որոշում մը, առանց կարծիքս հարցնելու։ Առարկայ մ՚ալ ես էի, ճամպրուկներուս նման։
Շոգենաւին մէջ շինած գեղեցիկ երազներս՝ շոգենաւի ծուխին եւ քարափը լեցնող բազմութեան նման յօդս ցնդած էին։ Մէկ հարցում կը հալածէր միտքս։ Ո՞ւր էր Ապտէլքատէրը, ինչո՞ւ չէր եկած զիս դիմաւորելու։ Չէ՞ որ լաւ գիտէր, թէ ո՛չ դրամ ունէի գրպանս, ո՛չ լեզու՝ բերնիս մէջ եւ ո՛չ մէկ ծանօթ՝ հսկայ քաղաքին մէջ։ Աւելին։ Ո՛չ մէկ կերպով նախատեսած էի այսպիսի կացութիւն մը եւ զայն դիմագրաւելու համար ձեռք առած կանխազգուշական միջոց մը...։ Չլարուած խաղալիքի մը նման, աչքերս ու միտքս մթագնած՝ անկարող էի քայլ մը առնելու, առանց դուրսէն եկած օգնութեան։ Քայլ առնե՞լ... բայց ո՞ր ուղղութեամբ, ո՞ւր, ի՞նչ ընելու։ Թող առնէին տանէին զիս ուր որ կ՚ուզէին, միայն թէ դուրս ելլէի այստեղէն։ Ով կ՚ուզէ թող ըլլար ան։ Ահա, թէ ինչու երախտագէտ իսկ եղայ այն բեռնակիրին, որ կառք մը կանչեց, հոն տեղաւորեց ճամպրուկներս եւ զիս, ու ինք ալ դէմս նստելով՝ բաներ մը ըսաւ կառապանին։ Ու կառքը ճամբայ ելաւ։
Դժոխք ալ տանելու ըլլային զիս, դարձեալ երախտապարտ պիտի մնայի իրենց։ Հարցնելս աւելորդ էր։ Ամենէն առաջ՝ որովհետեւ պիտի չկարենայի հարցնել, երկրորդ՝ որովհետեւ ոչինչ պիտի հասկնայի ըսածէն։ Թող տանէր զիս տեղ մը, ուր պահ մը հանգիստ ընէի, գտնէի ինքզինքս, յագեցնէի զիս կրծող ծարաւը ու խորհէի յետագայ քայլերուս մասին։ Կառքը կը յառաջանար՝ կը բաւէր։
Երջանիկ էի։ Ըսուած է «կը խորհիմ, ուստի՝ կամ»։ Իմ կարգիս կը խորհէի՝ «քաղաք կը մտնենք, փրկուած եմ»։
Հին, կիսախարխուլ շէնքերը փոշոտ փողոցին երկու կողմերը եզերող՝ դրախտ կը թուէին ինծի։ Ոլոր-մոլոր փողոցները, որոնց մէջէն կ՚անցնէինք, Վիեննայի հրաշալի, կանաչազարդ եւ լայն ու մաքուր փողոցներուն հետ պիտի չփոխէի։ Դրախտի ճամբան իսկ վարդերով ծածկուած չէր, որքան սորվեցուցած էին ինծի։ Ազատարար հրեշտակս՝ սեւամորթ այդ բեռնակիրը, պատահական հարցումներ կ՚ուղղէր ինծի։ Ժպիտով մը կը պատասխանէի՝ եթէ նոյնիսկ հայհոյելու մտքով ըսուած էին անոնք: Նկատեցի սակայն, որ որքան դէպի քաղաքին կեդրոնը կը յառաջանայինք տեսարանը ամբողջութեամբ կը փոխուէր, մեծ քաղաքի մը երեւոյթը առնելով։ Քովնտի նեղ փողոց մը մտանք եւ կառքը կանգ առաւ, երկյարկանի հին շէնքի մը առջեւ։
«Օթէլ» ըսաւ բեռնակիրը, եւ ճամպրուկներս վար առնելով՝ ինծի ալ իրեն հետեւելու հրամանը արձակելէ եւ կառապանին ալ վարձքը իր գրպանէն վճարելէ ետք՝ վեր ելանք պանդոկի երերացող սանդուխներէն։ Թերեւս ես էի տատանողը, ա՛լ չեմ կրնար որոշել։ Յայտնի էր, որ պանդոկապետն ու ինք հին ծանօթներ էին իրարու հետ, եւ բեռնակիրին առաջին փորձառութիւնը չէր ասիկա։
Պանդոկին մուտքի դուռը բաց էր, կարասիներուն ամենէն համեստ տեսակով կանոնաւորուած. որո՞ւն հոգը։ Տէրը խիստ դէմքով յոյն մըն էր։ Խրիսթօ։ Բեռնակիրը եւ ինքը շատ շուտով հասկցան իրար։ Խրիսթոն, ըստ իր ազգին յատուկ աւանդութեան, յունարէն սկսաւ խօսիլ հետս, առանց այլեւայլի։ Ֆրանսերէն պատասխանեցի իրեն։ Մարդը զարմացաւ, թէ ինչպէ՛ս կը պատահէր որ եւրոպացին յունարէն չգիտնայ։ Աչքի փոքր նշանի մը փոխանակում՝ եւ որոշումը առնուած էր։
Որս մը ինկած էր իրենց ձեռքը, զոր պիտի փետտէին, եթէ փետտելիք բան մը գտնէին վրաս։ Ակնարկ մը ճամպրուկներուս՝ բաւական եղած էր անոնց մօտաւոր արժէքը գնահատելու։ Բեռնակիրը, ի վարձ իր ծառայութեան եւ կառքին, վաթսուն ղրուշ պահանջեց, որ քիչ մը չափազանցուած թուեցաւ ինծի։ Բայց յոյնը հասկցուց, թէ սուղ չէ։ Խնդրեցի իրմէ վճարել գումարը, ցոյց տալով ճամպրուկներս։ Սենեակին վարձքը 10 եգիպտական ղրուշ՝ օրական, տրամաբանական էր։ Վճարեց ու ճամբու դրաւ բեռնակիրը։ Թէ որքան էր վճարածը՝ չեմ գիտեր, բայց ինչ որ ալ եղած ըլլայ վճարած գումարը «հալալ» էր ազատարարիս։
Ո՜վ անծանօթ բարերարս, Ապտէլքատէրէն աւելի արժանի ես երախտագիտութեանս եւ այսօր՝ մօտ յիսուն տարի ետք իսկ, չեմ մոռնար ըրած բարիքդ։ Ասկէ զատ, իբրեւ գրպանի անմիջական ծախք՝ հինգ ղրուշի փոխառութիւն մը խնդրեցի Խրիսթոյէն, որ ամենայն հաճոյակատարութեամբ կատարեց խնդրանքս, չմոռնալով «ճենթլմէն»ի հովեր տալու ինքն իրեն։ Պարզ էր մարդուկին հաշիւը. մէկ քանի օրէն տիրանալ ճամպրուկներուս ու ապա փառաւոր կիցով մը փողոց նետել զիս։ Այսուհանդերձ դիւրութեամբ վերագտայ ինքզինքս։ Բարձ մը ունէի գլուխս դնելու։ Այդքանը կը բաւէր, որ հանդարտ մտքով եւ լաւատեսութեամբ կազմէի ընելիքներուս ծրագիրը։ Ի վերջոյ Աղեքսանդրիոյ մէջ հայեր շատ կային, որոնց հետ միասին միջոցը պիտի գտնէի անելէն դուրս գալու։
Այս տրամադրութեամբ մտայ սենեակս, ուր միայն անկողինն էր, որ կը հետաքրքրէր զիս։ Քիչ մը երկնցայ վրան։ Աչքերուս քուն չէր գար, բայց ամէն ինչ աւելի պայծառ կը թուէր։ Աւելի գէշ օրերուս մէջտեղ չէի մնացած, չէի յուսահատած. հիմա՞ է որ պիտի անճրկէի։
Քիչ ետք ելայ, լուացուեցայ, կազդուրուած՝ հագուեցայ եւ ինքզինքս նետեցի փողոց։ Ինչի՞ նման էր Միջերկրականի «մարգարիտ»ը՝ Աղեքսանդրիան, ուր ատենին մեր մեծագոյն մտաւորականները ապաստան գտած ու արտադրած էին։ Արդէն մութը կոխած էր։ Բայց քաղաքը գոհացուցիչ կերպով լուսաւորուած էր։ Անդիմադրելի պէտքը կը զգայի թարմ եւ զով օդի՝ քանի մը ժամու անորակելի վերիվայրումներէս ետք։ Աւա՜ղ, յուլիսի վերջին օրերուն Աղեքսանդրիոյ օդը ո՛չ թարմ էր, ո՛չ ալ զով։ Աւելի՝ հեղձուցիչ էր։ Փոքրիկ շրջան մը ըրի փողոցներուն մէջ, ամէն զգուշութիւն ձեռք առնելով՝ շատ չհեռանալ պանդոկէս։
Հակառակ գիշերուան ժամը 10-ին մօտ ըլլալուն՝ կեանքը կ՚եռար, սրճարան ու ճաշարան բաց էին ամէն կողմ, տեղ-տեղ յունական երգերու ձայներ կը լսուէին։ Այդ ժամուն Վիեննա ամէն կեանք դադրած՝ քաղաքը քունի մէջ թաղուած կ՚ըլլար։
Աչքս յառած խանութներու ցուցատախտակներուն՝ հայու անուն կը փնտռէի այս ու այն կողմ։ Նկատելի էր որ յոյնի, իտալացիի անունները կը վխտային ամէն կողմ։
Երբեմն կը փորձէի ներս մտնել հայու մը խանութէն, սիրտս բանալ, պարզել կացութիւնս։ Բայց ամէն անգամ ալ համարձակութիւնը կը պակսէր ինծի։ Այս պարագային մեծագոյն դժբախտութիւնս այն էր, որ ամէն տեղ անունիս ծանօթ էին, Պոլսէն հասած թերթերուն միջոցով։ Հազիւ խանութէ մը ներս մտած՝ երբ իմանային անունս, այնպիսի յարգալիր վերաբերում մը կը ցուցաբերէին ինծի հանդէպ, որ ստիպուած էի ինծի վերագրուած համբաւին համեմատ վարուիլ։ Զիս թուրիսթի տեղ կը դնէին, մինչ ես մտադրած էի ցաւս պատմել անոնց։ Ու գոհանալով փոխադարձ ուրախութեան եւ գոհունակութեան խօսքերով՝ ժպտախառն դուրս կ՚ելլէի մարդոց մօտէն։ Համբաւէն շատ շատեր մեծ շահեր կ՚ապահովեն, իսկ իմ պարագայիս անիկա ամբողջ ծրագիրներս խանգարելու միայն կը ծառայէր։ Բայց մեծ է Աստուծոյ զօրութիւնը։ La nuit porte conseil (գիշերէն առաւօտ հարցը կը լուծուի) կ՚ըսեն ֆրանսացիները։ Արդարեւ, յանկարծ յիշեցի Աղեքսանդրիա հաստատուած ծանօթ գրավաճառ Ներսէս Ղազիկեանի անունը։ Վստահաբար ծանօթ էր անունիս եւ լաւ պիտի հասկնար զիս։ Այս գիւտով գօտեպնդուած՝ փրկուած կը զգայի ինքզինքս։ Գլխուս վերեւ կուտակուած ամպերը մոգական հարուածով մը փարատեցան կարծես։ Հոգեկան այս թեթեւացումը, սակայն, յիշեցուց ինծի ուրիշ թեթեւութիւն մը՝ ստամոքսիս։ Նոր կ՚անդրադառնայի, թէ շոգենաւէն իջնելէս ի վեր պատառ մը բան դրած չէի բերանս։ Ուտե՞լ, բայց ո՞ւր եւ ի՞նչ դրամով։ Դատելով բեռնակիրին ինծի արժած գինէն, ուտելիքներուն գինը կրակ պէտք է ըլլար։
Իսկ ո՞ւր գտնել տեղ մը, ուր ուտելիքներուս ծախքը սեղմուէր գրպանս գտնուած հինգ ղրուշին հետ։
Ծովեզերքին երկայնքով կը վխտային տեսքով եւ յաճախորդներով շատ համեստ գարեջրատուներ։ Կ՚ենթադրէի, թէ հոն նստողները մէյ մէկ Կրեսոսներ (մեծահարուստներ) չէին։ Այսուհանդերձ, իրենց սեղաններուն վրայ, գարեջուրով լի գաւաթներուն շուրջ, առատօրէն դրուած էին տասնեակ մը փոքր պնակներ, զանազան ուտելիքներով լեցուած։ Երեւի գիները մատչելի պէտք է եղած ըլլային։ Բայց միակ հինգ ղրուշս, գրպանիս մէջէն կը յանձնարարէր զգոյշ ու խոհեմ ըլլալ։ Ի վերջոյ որոշումը տուի։ Քաջաբար մտայ ներս՝ գոնէ ծարաւս կը յագեցնեմ, խորհելով։ Նստայ պարապ սեղան մը։ Հարցուցի յոյն կարսոնին գարեջուրին գինը։ Միա՛յն գարեջուրին։ «Երկու ղրուշ» պատասխանեց։ Ապսպրեցի։
Քիչ ետք՝ սեղանիս վրայ շարուեցան գաւաթ մը գարեջուրի կողքին՝ մէկ քանի փոքր պնակներ՝ մէկուն մէջ տապկուած ձուկ, միւսին՝ ճերմակ պանիր, գետնախնձոր, ֆասուլիա, փիյազ, մսի կլոր գնդիկներ, աղցան, հաց՝ որքան ուզես։
Որքան որ այս բոլորին տեսքը եւ հոտը ստամոքսիս մէջ գալարումներ յառաջ բերին, բայց անոնց հաւանական արժէքն ալ իր կարգին՝ սրտիս մէջ վախ մը ստեղծեց։ Ես ապսպրած չէի զանոնք, բայց եթէ ուտէի, բնական պիտի ըլլար վճարել փոխարժէքը...։ Վիեննայի մէջ, գարեջուրի հետ ապսպրուած որեւէ ուտելիք՝ առանձին կը վճարուի։
Բայց՝ ինչո՞վ։ Ամենայն պաղարիւնութեամբ ետ հրեցի բերուած ուտելիքները, եւ մատուցողէն խնդրեցի ետ տանիլ զանոնք։ Մարդը՝ ապուշ կտրած կը վերցնէր զանոնք՝ զարմանքի ակնարկներ նետելով վրաս։
Վճարեցի 2 ղրուշը, եւ գոհ սրտով՝ բայց պարապ փորով դուրս ելայ գարեջրատունէն, առանց քեփազէ եղած ըլլալու։ Ուղղուեցայ- տեղն է ըսելու- թեթեւ հոգիով ու աւելի թեթեւ ստամոքսով՝ դէպի պանդոկ։
Հակառակ ֆիզիքական թէ հոգեկան տառապանքներուս, թերեւս ալ ճիշդ անոնց եւ մանաւանդ պանդոկի տակ գտնուող սրճարանէն բարձրացած խօսակցութեան, նարտիի, երգերու եւ կռիւներու ձայնին պատճառով, աչքերս կը յամառէին բաց մնալ։ Քուն չունէի։ Ի վերջոյ բնութիւնը պարտադրեց ինքզինք եւ մինչեւ առաւօտ մէկ շունչով քնացայ։
Առտուն, հազիւ թեթեւ մը յարդարուած՝ ինքզինքս փողոց նետեցի, Ներսէս Ղազիկեանին հետքը վայրկեան առաջ գտնելու անհամբերութեամբ։ Կարծես ժամադրուած ըլլայի հետը, այնքան որ հաւատք ունէի իր վրայ։
Յուսախաբ չեղայ։ Հազիւ մուտք գործած իր գրախանութէն ներս, որուն տարածութիւնը խոտոր կը համեմատէր արտասահմանի մէջ ունեցած իր համբաւին ու հանած աղմուկին, եւ ինքզինքս ներկայացուցած՝ բարձրաձայն եւ անկեղծ ուրախութեամբ ողջունեց զիս ու ջերմօրէն ողջագուրուեցանք։ Կարծես տարիներու մտերմական բարեկամութեամբ կապուած ըլլայինք իրարու հետ։
Մարդամօտ, սրտբաց ու համակ բարեկամական՝ իր դէմքին վրայ ժպիտը կը փայլէր։ Իր առաջին եւ գլխաւոր մտահոգութիւնն էր որպիսութիւնս եւ կեանքի պայմաններս: Ան ամէն պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ կարելի եղածին չափ օգտակար ըլլալու ինծի։ Ճիշդ փնտռած մարդս։ Առանց քաշուելու ամէն ինչ պատմեցի իրեն, ամենայն մանրամասնութեամբ։
-Բնաւ մի՛ վախնար։ Ես կռնակդ կեցած եմ, ըսաւ։ Դրամ ունի՞ս։
-Ինչպէ՞ս չէ։ Երեք ղրուշ ունիմ գրպանս։ Այդքանն ալ պիտի չունենայի, եթէ երէկ գիշեր, գարեջրատան մէջ՝ գարեջուրին հետ միասին բերուած մեզէները կերած ըլլայի, ըսի։
-Կո՞ւշտ էիր,- հարցուց միամտօրէն։
-Կո՞ւշտ։ Կէսօրուընէ ի վեր անօթութենէ կը մարէի, բայց ի՞նչ ըրած՝ պէտք եղած դրամը չունէի,- աւելցուցի...
-Համմէ՞,- գոչեց։ Անօթի էիր եւ զանոնք չկերա՞ր։
-Պէտք եղած գումարը չունէի։ Ետ ճամբեցի։
-Երկու ղրուշը չվճարեցի՞ր։
- Վճարեցի...
-Վճարեցիր եւ չկերա՞ր... Վա՜յ, անմիտ մարդ, վայ, բացագանչեց։- Բայց այդ բոլոր մեզէները՝ այդ երկու ղրուշին մէջն էին...։ Մե՜ղք..., մե՜ղք...։ Փորդ պարապ՝ ուտելիքը ոտքիդ եկեր է, իսկ դուն կիցով ետ հրեր ես զայն... է պրա՜ւօ քեզի։ Ըսել է անօթի՞ ես...
-Գայլի պէս։
-Ես ալ,- ըսաւ,- հիմա վրէժը կը լուծենք։ Հաւկիթով ֆուլ (պակլա) կը սիրե՞ս։
-Ֆուլը ի՞նչ է։
-Այս երկրին ամենէն պատուական, ամենէն ընդհանրացած, ամենէն համով կերակուրն է։ Բնաւ չե՞ս ճաշակած։ Մէյ մը որ համը առնես՝ ա՛լ ուրիշ բան չես ուտեր..., եւ քովի մանչուկին ապսպրեց, որ երթայ երկու պնակ բերէ,- Երեսին՝ հաւկիթ եւ ձէթը առա՜տ..., աւելցուց։
Այսպիսով՝ Եգիպտոսի աւանդական ֆուլին մկրտութիւնը կատարեցի այդ օրը։ Սիրեցի, բայց անկէ զատ դեռ ուրիշ շատ բաներ եւս կերայ։ Ապա, անոր հետեւեցաւ անխուսափելի սուրճը, «սուքքար զիյատէ» (շաքարը շատ)։ Հինէն, նորէն, Վիեննայէն եւ Պոլիսէն պատմութիւններ, ծիծաղ, խնդուք, կատակ...։
Ո՞ւր էր նախորդ օրուան լքուած, յուսահատ Սարուխանը։ Կարծես արտասովոր ոչինչ պատահած ըլլար։ Կարծես ապագաս արդէն ապահովուած էր։
-Հոս քու խանութդ է։ Մի՛շտ եկուր։ Եթէ կ՚ուզես՝ պանդոկդ ալ ձգէ՛ մեր տուն եկուր, աւելցուց հրաժեշտ առած պահուս։
Անկեղծ էր Ղազիկեան։ Անկեղծօրէն ալ շնորհակալութիւններս յայտնեցի։ Բաժնուելէս ետք, հակառակ տրուած ապահովութիւններուն, վիճակիս անորոշութիւնը ամբողջութեամբ ցցուեցաւ աչքիս դիմաց։
Ամէն ինչ անորոշ, ամէն ինչ օդին մէջ կախուած էր տակաւին։
Դեռ ծայրն էի ծրարոց։ Չէի կրնար երեւակայել, թէ տակաւին ի՛նչ անակնկալներ վերապահուած էին ինծի, որոնց մասին գաղափար իսկ չունէի, եւ որոնց հանդիպելու ո՛չ պէտք, ոչ ալ պատճառ ունէի։
«Խելօք մը Վիեննա նստած՝ գէշ աղէկ կ՚ապրէիր կոր, գլուխդ դնելիք անկիւն մը եւ ուտելիք պատառ մը հաց ունէիր, ա՜յ մարդ։ Ուրկէ՞ ուր ինկար այս փորձանքին մէջ», հարց կու տայի ինքս ինծի։ Բայց շուտով կ՚արդարացնէի ընթացքս։ Չէ՞ որ փայլուն խոստումներ, հաւաստիքներ տրուած էին ինծի... Ի վերջոյ ուսանող, կէս-կուշտ, կէս-անօթի կեանք մը անցընելով պիտի չգոհանայի, չէ՞։
Առաջնորդարան դիմելու մասին խորհիլն իսկ անտեղի էր։ Դեռ հոս-հոն օգնութեան ձեռք կարկառելու վիճակին հասած չէի։ Փառք Աստուծոյ։
Զիս յուսադրող վերջին, զօրաւոր յոյս մը ունէի։ Այդ օրերուն քարիւղի ծանօթ Մանթաշէֆ Տան Աղեքսանդրիոյ տնօրէնն էր Պր. Յովհաննէս Մութաֆեանց։ Իսկ հօրեղբայրս՝ Առաքել Սարուխան, նոյն հաստատութեան Փեթերսպուրկի կեդրոնին մէջ՝ արտաքին բաժնին ընդհանուր տնօրէնն էր, այսինքն Պր. Մութաֆեանցը ենթակայ էր անոր։ Նախքան Եգիպտոս գալս, հօրեղբայրս Պրիւքսէլէն յանձնարարական քարթ մը տուած էր ինծի՝ յանձնելու համար անոր, խնդրելով որ ի հարկին օգտակար ըլլար ինծի։
Ոսկի առիթ մը զայն օգտագործելու՝ անելէն դուրս գալու համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024