ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի եւ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներուն կողմէ, որոնց միացան նաեւ քահանայ հայրեր։ Երգեցողութիւնները ղեկավարեց Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան խօսեցաւ օրուան քարոզը՝ մինչ խորանին վրայ զետեղուած էր Ամենայն Սրբոց սրբանկարը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաչահանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024