205-ԱՄԵԱԿ. ՆԱՀԱՊԵՏ ՌՈՒՍԻՆԵԱՆ. ԻՆՉՊԷՍ ԻՐ ՖՐԱՆՍՈՒՀԻ ԿԻՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԱՒ
205 տարի առաջ Կեսարիոյ Էֆքերէ գիւղին մէջ, Ս. Կարապետ վանքէն քիչ հեռու, ծնած է մեր գրականութեան, միտքի լուսաւորութեան, մանկավարժութեան ակնառու դէմքերէն մէկը՝ Նահապետ Ռուսինեան, որ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ բժիշկ:
Ինչպէս Յակոբ Օշական կը բնորոշէ. «Զարթօնքի սերունդին ձախ թեւը իր գործունէութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը կը դաւանէր Նահապետ Ռուսինեանը»:
Լայն հայաշխարհին համար Ռուսինեան կը մնայ «Կիլիկիա» անմահ երգի բառերուն հեղինակը:
Նահապետ Ռուսինեանի տոհմական մականունը եղած է Պաղվանտեան, զոր ան փոխած է մէ՛կ Ռուբինեանի, մէ՛կ Ռուսինեանի (ըստ գրող, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանի, որն ալ այս տեղեկութիւնը քաղած է հնագոյն յօդուածէ մը՝ տպուած «Մասիս»ի մէջ):
Նահապետ ունեցած է նաեւ երեք քոյրեր:
Տասը տարեկանին կը բաժնուի գիւղէն եւ Պոլիս կ՚երթայ իր հօր հետ, որ պալատական նկարիչ մըն էր։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Սկիւտարի թաղային վարժարանին մէջ։ Մայրենի լեզուն, գրաբարը եւ ֆրանսերէնը Նահապետ սորված է Պոլսոյ մէջ:
Հօր անակնկալ մահը պատճառ կը դառնայ, որ թարգմանի պաշտօն ստանձնէ թուրք փաշայի մը քով։
Յետագային ազնուական մեծատուներու՝ Յովհաննէս Սերվերեանի, Կարապետ Պալեանի եւ Գրիգոր Օտեանի նիւթական օժանդակութեամբ, կը մեկնի Փարիզ, համալսարանական ուսման եւ կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ Փարիզը իր կնիքը տուած է բժիշկ, գրագէտ եւ հանրային մարդ Ռուսինեանին, որ 1800-ականներու կէսերու ֆրանսական յեղափոխութեան ընկերային եւ իմացական բոլոր անդրադարձները կ՚ապրի։ Ըստ տեղեկութիւններու, Փարիզի Բժշկական համալսարանէն վկայուած գրեթէ առաջին հայ բժիշկն էր:
1851 թուականին Պոլիս կը վերադառնայ, երբ պայքարը սկսած էր ժողովրդավարութեան եւ լեզուական յեղաշրջումի համար։
Ռուսինեան անդամակցած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական ընկերութեան եւ եղած է բժիշկ՝ Սպարապետութեան հիւանդանոցին: Մասնագէտներ կ՚ըսէին, թէ Ռուսինեան կրնար բժշկական շատ մեծ աշխատութիւններու հեղինակ ըլլալ, բայց ազգային գործերու բարդ զբաղումները մէկ կողմէն եւ համաշխարհային հեղինակներու՝ իր կողմէն թարգմանութիւնները միւս կողմէն արգելք եղած են իրեն եւ հազիւ կրցած է քանի մը առողջապահական յօդուածներ զետեղել իր «Տարեցոյց»ներուն մէջ եւ ձեռք զարնել պատրաստութեան հայ-բժշկական բառարանի մը, որու քանի մը էջերը միայն պահպանուած են: Ըստ կրկին բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանի, Ռուսինեանի վերջին բժշկական գործը եղած է դասախօսութիւնը Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ, եւ այդ տարիներուն ալ ֆրանսերէն մասնագիտական գիրք մը գրած է բժշկական փիլիսոփայութեան մասին, զոր Գրիգոր Օտեան հայերէնի թարգմանել տուած է 1879 թուականին:
Ան նաեւ Պոլսոյ մէջ մասնաւոր ուսումնական յանձնաժողովի անդամ էր 1854 թուականին։
Ռուսինեանի բառակերտական-թարգմանական շնորհին ուրիշ մէկ վկայութիւնն է՝ ֆրանսերէն կարգ մը բառերու հայացումները։ Կը պատմուի, թէ Ռուսինեան տունէն կառք նստած ու աճապարած է «Մասիս»ի խմբագրատունը, երբ օրին մէկը տեսած է կտրօն (coupon) բառը, բայց, մասնագէտներ կը հաստատեն, որ Ռուսինեանի անհատականութիւնը ամենէն աւելի ի յայտ կու գայ իր ժողովականութեան մէջ։
Տակաւին 1849 թուականին Փարիզի մէջ, Ծերենցի գործակցութեամբ, ստեղծած է ուսանողական «Արարատեան ընկերութիւն»ը, որուն խնդիրն էր՝ «սատարել Հայաստանի յառաջադիմութեան»։
Ռուսինեան, 1857 թուականի ազզային կանոնագրութեան եւ 1860 թուականի ազզային սահմանադրութեան մշակումին մէջ ունեցած է գերակշիռ դեր։
1853 թուականին տպագրուած «Ուղղախօսութիւն արդի Հայոց լեզուին» աշխատութեամբ պաշտպանած է աշխարհաբարը, փորձած է մշակել անոր քերականութիւնը։ Պոլսոյ Պատրիարքարանի կողմէ գիրքը արգիլուած է 1854 թուականին։
1863 թուականէն սկսեալ Ռուսինեան պարբերաբար ընտրուած է Ազգային ժողովի երեսփոխան, ղեկավարած է անոր նիստերը, հանդէս բերելով ազգային կարիքներու համար հանգանակութիւն կազմակերպելու, աղքատ երեխաներուն անվճար պարտադիր կրթութիւն տալու եւ այլ կարեւոր հարցերու քննարկման նախաձեռնութիւն։
Կրկին իր կենսագիրներուն գալով՝ կը տեսնենք, որ եղած է անզաւակ, մահացած է երիտասարդ տարիքին՝ 57 տարեկանին, 1876 թուականին, Պոլիս։ Ան ունեցած է ուղեղի կաթուած:
Մինչ այդ ամուսնացած էր ֆրանսուհիի մը հետ, եւ մայրը, գիտնալով այդ լուրը՝ որդին անմիջապէս Պոլիս կը կանչէ:
Կինը ամուսինի մահէն յետոյ սուգ պահած է՝ քաշուելով ֆրանսական իր գիւղը: Տիկին Ռուսինեանի հետ երբեմն նամակագրութիւն ունեցած է Տիգրան փաշա Փէշտիմալճեանը, իսկ Յակոբ Օշական ալ իր գրութեան մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս այդ օտարուհին, ամուսինի սիրոյն հայերէն սորված էր:
*
…Իր ընտրած մասնագիտութիւնը բժշկութիւնն էր, որ 1850-ին աւելի բան մըն էր, քան մեր օրերու անկնիք ու անաւանդ, չըսելու համար չարչի դասակարգը՝ մարդ դարմանելով իրենք զիրենք դարմանողներուն (բացառութիւնները կը յարգենք)։ Մեր հասարակութեան մեծագոյն մարդերը տուաւ մեզի այդ ասպարէզը՝ տակաւին բաւական մը տարիներ վերջն ալ:
Ռուսինեանի Փարիզը կրկնութիւնն է Միսաքեանի, Զօրայեանի, Ոսկանի, Ծերենցի, Իւթիւճեանի Փարիզին. 1848-ը կանխող ու անոր անմիջապէս հետեւորդ խռովայոյզ տարիներուն Փարիզը։
…Էականը՝ կեսարացի այս երիտասարդին աշխարհի այն օրերուն ամենէն կեդրոն ոստանէն իւրացուցած ըլլալն է այն ոգին, որուն ցուցմունքներուն ներքեւ անիկա պիտի ապրի իր չափահասութեան քառորդ դարը, լուրջ, խանդոտ, կրքոտ ու անյողդողդ գործիչի կեանք մը, ուր այսօր մենք կը տեսնենք թերեւս աւելին, որքան չըրին ատիկա իր ժամանակակիցները:
Ոչ մէկ ամիրայ՝ այս երիտասարդին կռնակը։ Բայց անիկա կեդրոնական անձնաւորութիւնն է այն խմբակին, որուն մտատանջութիւնը պիտի ըլլար հիմնական բարեկարգումը ապրումի մեր բազմազանակ պայմաններուն, անշուշտ ազգային վերանորոգման աշխատելու համար, ամենէն առաջ սեփական կազմաւորումը: Այնքան ճիշդ սա առաջադրութիւնը քանի քանի անգամ ինքզինքը ըրեր է զգալի դարու մը ընթացքին: Զարթօնքի սերունդին յաջողութեան գրաւականը ուրիշ տեղ պէտք չէ փնտրռել, այլ անոր գործաւորներուն սա արմատական վերակազմութեան ներսը: Ռուսինեան ամենախոր, պայտագին հիացումով մը պիտի վերաբերուի Նիկողոս Պալեանի, այդ վաղամեռ սքանչելի երիտասարդին, զոր Օտեանն ալ կը գնահատէ նոյն չափերով։ Հարուստներէն այս երիտասարդը, մի մոռնաք, հոգին իսկ է մօտիկ ապագային իրագործելի ընդարձակ ձեռնարկներուն, որոնք մեզի պիտի տան մեր լեզուն, գրականութիւնը, մամուլը, դպրոցները եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Յակոբ Պալեանը մեր փառքերուն ամենէն ազնիւներէն, նոյն ատեն մեր գրական վաստակաւորներուն ինքնաբեր մեկենասը։ Օտեանը՝ ուրիշ գեղեցկութիւն։ Այսպէս, այդ Փարիզին շնորհիւ աղքատուկ ներկիչի, նկարչի մը տղան՝ Ռուսինեան, կը դառնայ տիրական, մղիչ ուժ մը:
Ռուսինեանի Փարիզը ուրիշ կերպով մըն ալ կը գրաւէ իմ ուշադրութիւնը։ Հոն անիկա ունեցած է սրտի տագնապ մը՝ սիրահարուելով ալզասցի ուսանող աղջկան մը։ Այս յիշատակութիւնը հոս վեր է անէքդոտին վարկէն, վասնզի, այդ ուսանողութեան մէջ Ռուսինեան մինակն է, որ լրջութեան, նկարագրի պարկեշտութեան, արիութեան փաստը պիտի արժեւորէ, արիաբար ամուսնանալով իր սիրած աղջկան հետ, երբ պղատոնական համակրանքէն դուրս ոչինչ ունի իրեն նպաստող կամ նպաստաւոր: Առանց ապրուստի որեւէ միջոցի, Ռուսինեան կը յօժարի կորուստին, որ հարուստ ամուսնութեան մը գրաւականով, պարզ էր բոլոր մագաղաթեայ վկայականներով պատուուածներուն համար: Շիտակութիւն, պարզութիւն, վճռականութիւն: Ու խորհիլ, թէ որքան բնական էր հետեւիլ հասարակաց սովորութեան, գլուխը առնել ու ձեռքերը թօթուելով հեռանալ, ու Զօրայեանի պէս մահուան նախատարր սերմը ողնածուծին ու ուղեղին՝ իյնալ Պոլիս: Փաստ մը աւելին կայ սակայն։ Հայ բժիշկին կինը պիտի սորվի մեր լեզուն, պիտի գրէ անով, պիտի մասնակցի իր ամուսինին իմացական, առաքելական տագնապանքին, պիտի ըլլայ լայնօրէն հաղորդ մեր ժողովուրդի հոգեկան կիրքերուն, հոգեբանութեան, մանաւանդ այդ խռովայոյզ երկունքի օրերուն կենալով ամուսինին կողքին, անոր ուժերը խորանարդելով ճշմարիտ ներշնչողի մը ջերմութեամբը, պաշտամունքովը։ Կ՚ըսեն թէ բոլոր ցանկութիւնները իր ամուսինին անիկա կը բաժնէր զարգացած կնոջ մը թափանցումով, ինչպէս զգացումէն պաշտպանուած հաւատքով մը։
Այդ ամուսնութիւնը չէ նուիրագործուած զաւկի բարիքով, պարագայ, որ իր կարգին այդ սէրը ըրած է տեսակ մը վերնական յարդարում՝ Ռուսինեանը ամբողջութեամբ գերեվարելով իր դերին։ Հոս հովուերգութիւն չունիմ պատմելիք: Սրտառուչ է սակայն վախճանը: Այդ օտարուհին, երբ հողը պիտի դնէ իր մեծ մարդը, հազիւ յիսունը անցած, իր երազներուն ամբողջ պսակները գլխուն ու կարօտներով թերեւս աչքերը փակելու իսկ անկարող, գերագոյն իմաստութեամբ մը, candeurով մը, թերեւս իր մարդուն հանդէպ ազնուական յարգանքի պարտքէ մը մղուած, պիտի խնայէ այրիութեան տրտմութիւնները, մելոտռամը։ Պարզ, պարկեշտ, թերեւս հոգիին մէջն ալ իր առջի աղջիկնութեան, առանց ազգային հիւանդանոցին չարաշուք յաճախանքէն քաշուելու կամ պատրիարքները ձանձրացնելու՝ իբրեւ «սգաւոր այրի», պիտի դառնայ իր Ալզասը, ապրելու համար երազներուն ամենէն անթառամը, իր սէ՛րը, զոր ա՛լ չեն կրնար վիրաւորել աշխարհին բոլոր չարքերը՝ այնքան առատ՝ Պոլիս, մեծ մարդոց շրջանակին։ Ֆրանսացի կնոջ մը յիշատակին սա տողերը թող շատ չթուին։ Ազնուութիւնը այն դժբախտ առաքինութիւնն է, որմէ ամենէն շատ զուրկ է եղած այս ժողովուրդին բարձր դասակարգը:
Այս առիթով չեմ կրնար մոռնալ Ռուսինեանի մայրը: Տեսէք թէ ի՛նչ կը գրէ Փարիզ նոր ամուսնացած զաւկին, սարսափին մէջը՝ ալ այդ զաւակը ընդմիշտ կորսնցուցած ըլլալու. «Քու սիրոյդ համար գիր գրել սորվեցայ ծեր հասակիս մէջ. նամակս հասնելուն պէս գիրկս դարձիր, եթէ ոչ՝ կաթս, մօր իրաւունքս հէլալ չեմ ըներ»: Իր պարզութեան մէջ սա երկու տողը ինծի կ՚ըսէ այնքան բան, որքան պիտի չըսէին անոր պարունակած բառերուն թիւով քերթուածներու հատորներ՝ մեր անզուգակա՜ն քերթողուհիներէն: Անոնք կը պարունակեն մայրական զգացման վսեմը, գործածելու համար գրագիտական գէշ բառ մը։
Սակաւախօս, անժպիտ, մտածման շուք մը վրան, երբեք թեթեւ, երբեք Փարիզեան՝ այդ կեսարացին իր բժշկական թէզն ալ գրած է յառաջահայեաց, առնուազն ոչ սովորամոլ ոգիով։ Ինք որ հանդիսաւորութիւնը պիտի անգիտանար, ամենէն բարձր դիրքերու իսկ վրայ, երիտասարդի ամբողջ լաւատեսութեան ու խանդին մէջ, պիտի ներէ իրեն այդ արարքը (իր թէզին խմբագրումը) ընել հանդէս մը հոգեկան խռովքներու: Տքթ. Թորգոմեան, որ նուիրած է երկար ուսումնասիրութիւն մը Ռուսինեանի, տեսած է այդ թէզին բնագիրը ու կու տայ շատ յատկանշական քանի մը մանրամասնութիւններ: Այսպէս, գրքոյկին առաջին հինգ էջերը Ռուսինեան յատկացուցած է ձօներու՝ բժշկական աշխատասիրութեան մը մէջ մեզի համար քիչ մը տարօրինակ: Առաջին էջը անիկա կը ձօնէ հօրը, մօրը, քոյրերուն եւ գոլէճի իր երկրորդ հայրը նկատուող տնօրէնին։ Կ՚արձանագրեմ այս փաստը, մտքովս երկարելով դէպի իր աշխատասենեակը, ուր իր հազար հոգերուն մէջ այս պատուական գիտունը ատեն պիտի ճարէ ու յատկացնէ Հիւկօ, Լամառթին հայացնելու:
Երկրորդ էջը կը պարունակէ՝ «Իբր երախտեաց տէրեր», անունները Յովհաննէս Սերվիչեան, Կարապետ Պալեան, Պօղոս Պետրոսեան (հայրը Գրիգոր Օտեանին) արքունի ճարտարապետներուն, որոնց շնորհիւ էր, որ յարդարուեցաւ իր ուսանողութիւնը ու խնամուեցաւ իր մայրը իր Փարիզ գտնուած միջոցին։ Կ՚արձանագրեմ այս փաստն ալ ու կը լռեմ։
Այդ էջին մէջ կան դարձեալ անունները Խաչատուր Պարտիզպանի, Պալեան հարազատներուն՝ Անտոն, Նիկողոս, Սարգիս, երեքն ալ իրեն պէս Փարիզ ուսանող: Որոնցմէ Նիկողոսին համար անոր սէրը (ըսի անգամ մը) կը հասնի անբացատրելի խորութեանց։ Եթէ աւելցնէք Օտեանի շատ սրտայոյզ դամբանականն ալ այդ երիտասարդին դագաղին վրայ, դուք կ՚ունենաք զգայնութիւնը, որ հասարակաց էր այդ սերունդին ու այդ օրերուն։
Աւարտական ճառին վերջին Ձօնը յաւիտենական Ֆրանսայինն է: Կը լռեմ…
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
«ԿԻԼԻԿԻԱ»Ի ԲԱՌԵՐԸ
Մտաւորական գործիչին կենսագիրներուն համաձայն, Ռուսինեան անձնական բժիկն էր Օսմանեան բարձրաստիճան գործիչ Մեհմէտ Ֆուատ փաշայի, որ Թանզիմաթի ժամանակաշրջանին գլխաւոր բարեփոխականներէն էր։ Խրիմի պատերազմի (1853-1856) տարիներուն ան Ֆուատ փաշային կ՚ընկերանայ յունական ճակատին վրայ։ Իսկ 1860-ին, Ֆուատ փաշան յատուկ առաքելութեամբ կ՚ուղարկուի Լեռնալիբանան, ուր եղած էին միջհամայնքային բախումներ, որոնց ընթացքին մարոնիներ կոտորուած էին տիւրզիներու կողմէ։ Ռուսինեան դարձեալ Ֆուատ փաշային կողքին է լիբանանեան այս ճանապարհորդութեան ամբողջ տեւողութեան։ Այս ընթացքին է, որ ան կ՚այցելէ Լիբանանի լեռները, Կիպրոս եւ Կիլիկիա, որմէ ետք կը գրէ յետոյ երգ դարձած «Կիլիկիա»ին բառերը՝ ներշնչուած ֆրանսական քերթուածէ մը, բայց այնքան հայացուցած է զայն, որ ստեղծագործութիւնը իբրեւ հեղինակային գործ մը մտած է հայկական երգարաններուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024