ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձին առթիւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Եշիլգիւղի WOW պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուսակալ Տաւուտ Կիւլին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց թրքահայ համայնքին անունով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Այս պաշտօնական հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին դիւանագէտներ, դիւանակալներ, հոգեւոր առաջնորդներ, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գործարար կամ մարզական աշխարհէ դէմքեր, քաղաքական գործիչներ, ակադեմական շրջանակներէ պատասխանատուներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024