ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՖՈՐՈՒՄԻ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորները ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան, որու կողքին էր Պատրիարքարանի Հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ այս ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց հիւրերը։ Ան մատնանշեց, որ ուխտաւորներու խումբը կը բաղկանար Հայաստանի՝ Քրիստոնեայ կանանց ֆորումի անդամուհիներէն։ Ուրեմն, այս ֆորումի ինն անդամուհիներէն բաղկացեալ հիւրերը ուխտի այցելութիւն մը տալ փափաքած էին քաղաքս եւ այս շրջանակէն ներս ալ այցելած էին Պատրիարքարան։
Հիւրերուն անունով արտայայտուեցաւ Մարիաննա Ապրեսեան, որ նշեց, թէ իրենց ֆորումը արդէն տասն տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ, մաս կը կազմէ Եւրոպայի քրիստոնեայ կանանց ֆորումին։ Իր խօսքով՝ ուխտաւորներուն տեսակէտէ ուրախառիթ էր շնչել Պատրիարքական Աթոռի մթնոլորտը եւ տեղեկութիւններ քաղել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ հիւրերուն բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութեան ողջոյնի խօսքէն ներս հանդիպումը շարունակուեցաւ հաճելի զրոյցի ձեւաչափին մէջ։
Ուխտաւորները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեցին հայոց ազգային սրբուհիի՝ Ս. Սանդուխտ կոյսի սրբանկարը, մանկական պատկերազարդ աղօթագիրք մը, ինչպէս նաեւ գեղատիպ Ս. Գիրք մը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ուխտաւորներուն, որոնց մաղթեց բարի կեցութիւն եւ իրենց գործունէութեան մէջ յաջողութիւն։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուխտաւորներուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի հրատարակութիւններէն նմոյշներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ հրաժեշտ առնելէ վերջ հիւրերը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ուխտի աղօթք մը կատարեցին՝ առաջնորդութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Այս փուլէն վերջ անոնք առաջնորդուեցան Պատրիարքարանի թանգարանը, ուր շրջայցի ընթացքին իրենց ուղեկցեցաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։