Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ՑԱՒԱԿԻՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ցաւակցական մը ուղարկեց՝ նախընթաց օր Անգարայի մէջ TUSAŞ-ի համալիրին վրայ գործուած յարձակման բերումով։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թրքահայ համայնքին անունով դատապարտեց ահաբեկչական այս յարձակումը ու ցաւ յայտնեց հինգ նահատակներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ կ՚աղօթէ, որպէսզի Աստուած երկնային ողորմութիւն շնորհէ նահատակներուն եւ մխիթարութիւն՝ անոնց պարագաներուն։ Հուսկ, ան արագ ապաքինում մաղթեց վիրաւորեալներուն համար։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024