ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ. ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ…
Յիսուն տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ մահացաւ հայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուր (Շահնուր Քէրէսթեճեան, ծնած՝ 1903-ին, Սկիւտար):
Ինչպէս ծանօթ է՝ գրողը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Սէն-Ռաֆայէլի ծերանոցին մէջ՝ համեստ պայմաններու ներքոյ եւ հրաժարած է նիւթական օգնութիւններէ: Յատկանշական է, որ ծերանոցի մէջ եղած ժամանակ, 1971 թուականին «Հայկաշէն Ուզունեան» այդ տարուայ երկու գրական մրցանակներէն մէկը կը յատկացուի Շահնուրին եւ ան, ընդունելով մրցանակի բարոյական կողմը՝ կը հրաժարի նիւթական մասէն, ըսելով, թէ ծերանոցը կը հայթայթէ այն ամէնը, ինչի պէտք ունի ինք եւ կ՚առաջարկէ մրցանակի գումարը յատկացուի անձի մը կամ հիմնարկութեան մը, որ պիտի գիտնայ լաւագոյնս գործածել զայն:
Ծերանոց գտնուած ժամանակ իր գրած նամակներէն մէկէն ալ կը տեղեկանանք, որ գրողը դէմ կը կանգնի «Սփիւռք» ամսագրի ձեռնարկած դրամահաւաքին՝ ի նպաստ իրեն, ըսելով, թէ զանգուածային նուիրահաւաքները հակառակ են իր բնաւորութեան եւ խառնուածքին:
Ֆրանսական այդ ծերանոցին մէջ գրողին մահէն երեք տարի առաջ հանդիպած է հայրենի գրող, լրագրող Գոհար Աճէմեան (1926-2023), որ ինչպէս իր յուշերու մէջ կը նկարագրէ՝ գրողը կը գտնէ հիւանդ, տառապած:
Այդ այցելութեան մասին Գոհար Աճէմեան գրած է հետեւեալ յուշագրութիւնը, որ (փոքրիկ յապաւումով եւ արեւմտահայերէնի վերածուած) կը ներկայացնենք Շահան Շահնուրի մահուան 50-ամեակի առթիւ: Գոհար Աճէմեան յիշեալ ծերանոց այցելած է իր դստեր, ֆրանսացի բեմադրիչ Նատին Ռոպիի եւ վերջինիս մայրիկին հետ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԷՆ-ՌԱՖԱՅԷԼԻ ՄԷՋ՝ «ՊՃԵՂ ՄԸ ԱՆՈՒՇ» ՍԻՐՏԻՆ ՀԵՏ
ԳՈՀԱՐ ԱՃԷՄԵԱՆ
…1972 թուականի նոյեմբեր ամիսն է, վերջապէս հիւանդ-տառապած Շահան Շահնուրը հանգրուանած է Միջերկրականի ափին՝ Բարեգործականի հանգստարանը, Սէն-Ռաֆայէլ կոչուող հայկական ծերանոցը:
Երեւի աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ ծովի ալիք այդպէս մեղմիւ ու երգեցիկ կը զարնուէր իր ափերուն, այնպէս կը հառաչէր, ինչպէս այստեղ՝ Ֆրանսայի հարաւը Սէն-Ռաֆայէլի մէջ գտնուող «Home Arme՛nien» ծերանոցի պատերուն տակ: Ալիքները այստեղ հեռացումի երգեր կը յօրինեն կեանքի վերջալոյսին ապաւինած ծերունիներուն համար: Այստեղ ծովը չի փոթորկիր... աւելի ճիշդ ա՛լ չի փոթորկիր: Փոթորիկները անցած են: Հիմա ալիքները կու գան վրայ-վրայ ու ծովի հեռուներէն երգեր կը բերեն:
Ծովափին կան արմաւենիներ, որոնց կանաչ, փարթամ մարմինները դաջուած են մուգ կապոյտ երկնքի բնանկարին: Կանաչ-կանաչ է ամէնուր, ինչ որ անզուսպ դուրս ժայթքած է հողի ընդերքէն եւ ուրախութեամբ լեցուցած Սէն-Ռաֆայէլը: Ու այդ կանաչ շատրուաններուն մէջ գեղեցիկ ու յարմարաւէտ տուն մը կայ, որ կը կոչուի Home Arme՛nien:
-Ծերանոցը բա՞նտ է, հայրի՛կ,- կը հարցնէ Ճոնին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» թատրերգութեան հերոսը: Ու հիմա այդ մի հատիկ նախադասութիւնը, ուրկէ՜ ուր եկած գամուած է ուղեղիս մէջ ու անվերջ կը հնչէ դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանի աստուածային ելեւէջներով:
-Ծերանոցը բա՞նտ է, հայրի՛կ:
-Ծերանոցը բանտ է...
-Ծերանոցը...
Ինչո՞ւ զիս այսպէս կը տանջէ այդ մէկ հատիկ նախադասութիւնը: Ի՞նչ կ՚ուզէ ան ինձմէ, ու ես ոչ թէ Ճոնիի, այլ զիս հանգստացնելու համար կը ճչամ.
-Ո՛չ, ծերանոցը բանտ չէ՛... բանտ չէ... համբերէ՛...
Սէն-Ռաֆայէլը Փարիզէն հեռու է 820 քիլօմեթրով: Մենք կ՚երթանք Սէն-Ռաֆայէլ: Հոն կ՚ապրի Շահան Շահնուրը... Ասիկա իր վերջին հանգրուանն է...
…Փարիզէն Սէն-Ռաֆայէլ 820 քիլօմեթր է, եւ ես խնդրած եմ, որ Նատին զիս տանի Սէն-Ռաֆայէլ, ուր կը գտնուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հայկական ծերանոցը:
Մարզական «Սիթրոյէն» ապրանքանիշի ինքնաշարժը, որուն ղեկը Նատին Ռոպիի ձեռքին է, կլլեց ճանապարհի վերջին մեթրերը ու անաղմուկ կանգնեցաւ ծերանոցին բակը: Նորէն ուղեղիս մէջ արձագանգով հնչեց Վարդուհի Վարդերեսեանի ձայնը.
-Ծերանոցը բա՞նտ է, հայրի՛կ:
Ես ակամայէն կը նայիմ պատուհաններուն՝ երկաթեայ ճաղեր ու զինուած պահապաններ տեսնելու վախով:
Բայց՝ ոչ: Սէն-Ռաֆայէլի մէջ գտնուող այս ծերանոցը բարեկարգ ու գեղեցիկ եռայարկ շինութիւն մըն է՝ պարուրուած կանաչութեան եւ փարթամօրէն աճած ծառերու ու թուփերու մէջ:
1972 թուականի նոյեմբեր ամիսն է: Արեւոտ ու պայծառ օր է: Ծովէն աղահոտ զեփիւռ կը թափուի ծառերու ու մեր դէմքերու վրայ: Ես, աղջիս՝ Մարինէն ու ֆրանսացի մեր բարեկամները կանգնած ենք ծերանոցի բակին մէջ, ուր ամէն ինչ բարեկարգ է ու մաքուր: Տակաւին չէի հասցուցած շուրջս զննել, երբ մեզ իրենց օղակին մէջ առին... Ես հիմա չեմ ուզեր գրել «ծերունիները», չեմ ուզեր օգտագործել այդ բառը, որովհետեւ անոնք ծերունիներ ըլլալէն բացի ուրիշ էութիւն մըն էին, մէկ ուրիշ բան, որ մինչեւ հիմա ոչ ոք տակաւին համապատասխան բառ գտած է... Երբ կը գոցեմ աչքերս, կոպերուս տակ կը յայտնուին անոնց դէմքերը, աչքերը, ձեռքերը, շրթունքները... Ո՛չ, ես կը հրաժարիմ զանոնք «ծերունիներ» կոչելէ, անոնք նման չեն այն մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, զորս ես տեսած եմ Երեւանի զբօսայգիներու մէջ ու փողոցները, անոնք նման չեն աշխարհի ոչ մէկ ազգի ծերունիներու... Անոնք ոչ թէ ծերացած են, այլ հիւանդացած են հիւանդութեամբ մը, որ կարօտ կը կոչուի կամ գուցէ՝ կարօտախտ: Անոնց տարիներու կարօտը չէ, որ ծերացուցած է, այլ իրենց հեռաւոր, իրենց չքնաղ հայրենիքին կարօտը... Օ՜, անոնց աչքերը ներսը թաքնուած տառապանքներու պատուհաններ էին, ուրկէ կ՚երեւէր բզկտուած հոգիները:
-Ո՞վ կ՚ուզէք:
-Ո՞վ էք: Ուրկէ՞ էք:
-Ազգականնե՞ր կը փնտռէք:
Ամէն կողմէ կը հարցնեն անոնք՝ գիտնալու համար արդեօք որո՞ւ այցելութեան եկած ենք եւ ո՞վ պիտի գտնենք այստեղ...
Յոյս, յոյս, յոյս... Յոյսի կանթեղներ կը մարմրին անոնց աչքերուն մէջ, անոնք ամէն օր կը սպասեն ինչ-որ մէկուն, մօտիկ եւ հեռաւոր ազգականի մը կամ հարազատի մը, զոր կորսնցուած էին ինչ-որ ժամանակ ու հիմա անոր կը սպասեն... ու հիմա կը մարին անոնց յոյսի կանթեղները...
Չէ, յոյսը չի մեռնիր: Երբեք: Ոչ մէկ օր յոյսը չի լքեր մարդուն: Անպայման ինչ-որ տեղէ, ինչ-որ հրաշքով կը յայտնուի եղբայրը, քոյրը, հօրեղբայրը, մօրաքրոջ տղան կամ թոռը... Ինչ-որ մէկը կու գայ զինք կը տանի այդ տունէն, որ թէեւ ապահով է ու յարմարաւէտ, բայց... ծերանոց է: Ութսունին մօտ ծերունի մը, հայերէնով, որ աւելի շատ հին երգի նման է, քան պարզ, խօսակցական հայերէնի, ըսաւ.
-Չմշկածագէն եմ, ազգականներս կը փնտռեմ, ահա քանի տարիէ ի վեր անոնց կը սպասեմ... բայց ինծի օգնող չկայ: Ես անոնց տեղը գիտեմ... Չէ, ա՛լ չեմ ուզեր հոս կենալ... երթալ, երթալ կ՚ուզեմ: Է՜, ո՞վ ինծի կը լսէ...
Յետոյ հին երգի նման հայոց լեզուն կախուեցաւ օդին մէջ, բառերը սկսան պղնձաձայն ղօղանջել:
-Չմշկածագցի եմ, ազգականներս կը փնտռեմ... արդեօք կորսուեցա՞ն: Բոլորը կորսուեցան... ինչո՞ւ կորսուեցան, ո՞ւր կորսուեցան...
Շրթունքները կը դողան, աչքերը այրած վանքի խորաններ՝ ծխասեւ, հանգած մոմերով:
-Հայրի՛կ, հո՞ս կ՚ապրի գրագէտ Շահան Շահնուրը,- կը հարցնեմ ես:
Ծերունին երկար կը նայի ինծի: «Հայրիկ» բառը զինք յուզած է: Ո՞վ գիտէ, գուցէ մէկը անոր երբեք «հայրիկ» չէ ըսած:
-Զի՞նք կ՚ուզէք տեսնել: Ես կրնամ առաջնորդել:
-Եթէ նեղութիւն չէ:
-Սիրով կ՚առաջնորդեմ:
Ես խնդրեցի բարեկամներուս ու դստերս՝ սպասել զիս, եւ հետեւեցայ չմշկածագցի հայրիկին, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ աշխոյժ կ՚ելլէր սանդուխներն ի վեր: Ան կեցաւ երկրորդ յարկի սենեակներէն մէկուն առջեւ ու զարկաւ դուռը:
-Ո՞վ է,- լսուեցաւ դռներու ետեւէն:
Ծերունին համարձակօրէն բացաւ դուռը:
-Ո՞վ է,- կրկին լսուեցաւ նոյն ձայնը:
-Հիւր ունիք,- պատասխանեց ծերունին եւ նոյն փութկոտութեամբ ալ հեռացաւ՝ զիս մինակ ձգելով Շահան Շահնուրի սենեակի բաց դռներու շեմին:
-Ո՞վ էք,- կրկին լսուեցաւ տղամարդու նոյն խրոխտ ձայնը:
Շփոթեցայ: Ի՞նչ ըսել: Ի՞նչ պատասխանել: Բոլոր բառերը դուրս թռած էին գլուխէս, ու կը թուար՝ կորսնցուցած եմ խօսելու ընդունակութիւնս:
Իրաւ, ո՞վ եմ ես եւ ի՞նչ կ՚ուզեմ Շահան Շահնուրէն. այն մարդէն, որ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, որուն կեանքը մաքառումներով լեցուն, տառապանքները յաղթելու հերոսական պայքար մըն է՝ յանուն այն հոյակերտ ստեղծագործութիւններու, որոնց ամէն մէկ տողին մէջ կը տրոփէ անոր ըմբոստ ոգին ու բորբոքուն սիրտը... Ու ահա հիմա շուարած կեցած եմ դռներուն մէջ ու չեմ գիտեր՝ ի՞նչ ըսել. մանաւանդ լսած եմ, թէ, կարող է չընդունիլ հիւրը, եթէ չի փափաքիր:
-Ո՞վ էք,- նորէն լսուեցաւ անոր ձայնը:
Այս վերջին հարցը սթափեցուց զիս ու ես քիչ հումորիկ մը երանգով ըսի.
-Հայ մը՝ Հայաստանէն...,- բայց տակաւին դռներու մէջ եմ ու կը սպասեմ այն յոյսով, որ դռները պիտի չգոցուին իմ առջեւս:
-Ներս եկէք, խնդրեմ,- հնչեց նոյն ձայնը:
Ներս մտայ: Նկատեցի, որ սուրճը թանձր չէ, եւ ան կը խմէր այնպէս, ինչպէս թէյը կը խմեն, թէյի բաժակով: Սենեակի միակ պատուհանը այնքան ալ մեծ չէր, այդ իսկ պատճառով սենեակը լուսաւոր չէր: Մահճակալի ուղղութեամբ կեցած էր ձուաձեւ հայելիով զգեստապահարանը, որուն մէջ կը գտնուէին նաեւ անոր գիրքերը: Գիրքերուն մեծ մասը տեղաւորուած էր միջանցքի լայնքով գտնուող պահարանին մէջ: Միւս պատին տակ, ուր ես նստայ, ճաշի սեղանն էր հաւանաբար եւ աշխատասեղանը:
Խոշոր ակնոցի տակէն ինծի կը նայէին շատ խոժոռ աչքեր՝ այնպիսի արտայայտութեամբ մը, որ հասկանալն այնքան ալ դժուար չէր. ո՞վ է այս տիկինը, ինչո՞ւ եկած է, ի՞նչ կ՚ուզէ: Անթիւ հարցականներով լեցուն հայեացքը կախուած էր վրաս:
-Ես հայ եմ,- թոթովեցի ես՝ յուզմունքս չափաւորելով:
Շահան Շահնուր դանդաղօրէն մահճակալէն վեր ելաւ, կանգնեցաւ իմ դիմացս: Ես տեսայ միջահասակ, լայն թիկունքով, արտայայտիչ դիմագծերով, առնական կեցուածքով Շահան Շահնուրը, որուն մասին կարդացած էի, լսած ու երեւակայութեանս մէջ ստեղծած անոր կերպարը: Շահան Շահնուրը շատ նման էր ինքզինքին:
-Ի՞նչ կ՚ուզէք,- հարցուց ան՝ աչքերուս մէջ նայելով:
-Ես հայ եմ՝ Հայաստանէն,- պատասխանեցի ես,- այժմ հիւր եմ Փարիզ, եկայ հոս, որպէսզի հանդիպիմ ձեզի:
-Նստէ՛ք, խնդրե՛մ,- սեղանի մօտ աթոռ առաջարկելով ըսաւ ան:
Նստայ: Պահ մը լռութիւն տիրեց: Շահնուրը կը նայէր ինծի:
-Շուտով Երեւանի հեռուստատեսութեան սթուտիոն պիտի բեմադրէ ձեր «Պճեղ մը անուշ սիրտ»ը, հաւանաբար դուք այդ մասին արդէն լսած էք Հայաստանի ձայնասփիւռէն: Ահա թէ՛ այդ եւ թէ՛ Նոր տարուայ առիթով կ՚ուզեմ ձայնագրել ձեր խօսքը: Արդեօք կ՚արտօնէ՞ք: Գիտեմ, փոքր-ինչ տկար էք, ատոր համար չուզեցի վեր բարձրացնել ձայնագրիչը՝ մինչեւ ձեր համաձայնութիւնը չստանամ:
-Իմ խօ՞սքս կ՚ուզէք ձայնագրել... Ո՛չ, չեմ ուզեր,- կտրականապէս մերժեց ան՝ այնպիսի ձայնի երանգով, որ համոզելը, կամ խնդրելը անիմաստ կ՚ըլլար:
-Բակը կը գտնուին իմ դուստրս եւ ֆրանսացի բեմադրիչ եւ նկարահանող Նատին Ռոպին, որ շարժանկար կը նկարահանէ Հայաստանի մասին:
-Այո՛, տեսած եմ անցեալ տարի՝ Փարիզ, եւ շատ ալ հաւնեցայ, բայց չեմ ուզեր, որ ինքը հոս գայ...,- ան պահ մը դադար առաւ, յետոյ քննախոյզ հայեացքը յառեց վրաս եւ ներողութիւն հայցող երանգով ըսաւ,- ես քիչ մը խենթ եմ եւ երբեմն ծայրայեղ:
Համոզելու վերջին հնարաւորութիւնը օգտագործելով՝ ըսի.
-Փարիզի մէջ ես եղայ փրոֆեսէօր Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի մօտ, նոյնպէս ձայնագրեցի, առանց նեղութիւն պատճառելու: Հայաստանի մէջ դուք շատ գնահատուած գրող էք, երիտասարդ ստեղծագործողները կը հետաքրքրուին ձեզմով, ձեր գործերը կ՚ընթերցուին ձայնասփիւռով, հետաքրքրական կ՚ըլլար նաեւ ձեր խօսքը Նոր տարուայ առիթով՝ ուղղուած երիտասարդութեան:
-Ես շատերէ կը ստանամ իրենց նոր տպագրուած գրքերը եւ կը պատասխանեմ, բայց ոմանք իրենց հասցէները չեն գրեր... ինչո՞ւ չեն գրեր,- զայրացած հնչերանգով ըսաւ ան:
-Կը կարծեմ՝ անփութութիւն է,- ըսի ես:
-Կը կարծէ՞ք...
-Այո՛... բայց լաւ կ՚ըլլար, որ դուք ձայնագրուէիք,- ձայնասփիւռի երբեմնի լրագրողի յամառութեամբ պնդեցի ես:
-Ձայնագրուիլ չեմ ուզեր... մի՛ վրդովիք, կը խնդրեմ: Ես ասանկ բաներ չեմ սիրեր: Կ՚ուզեմ, որ աւելի շատ ինծի գրեն, եւ ես անոնց գրաւոր պատասխանեմ: Բացի ատկէ, նաեւ պատրաստ չեմ, տկար եմ...
Իմ պնդումներս աւելորդ էին. Շահնուրը յամառ էր ու վճռական:
-Այն ժամանակ պիտի խնդրեմ, որ արտօնէք՝ աղջիկս հրաւիրել ձեզ մօտ, քանի որ շատ մեծ ցանկութիւն ունի ծանօթանալ ձեզի հետ:
Եւ առանց սպասելու խնդրանքիս պատասխանին՝ սլացայ ներքեւ. լուսանկարչական սարքը, յուշանուէրները վերցուցի եւ Մարինէին հետ բարձրացայ վեր:
Շահնուրը երբ տեսաւ Մարինէն՝ բոլորովին փոխուեցաւ, դարձաւ մեղմ ու բարի, կարծես քիչ առաջուան Շահնուրը չէր իմ դիմացս կանգնած:
Երբ պատրաստուեցայ զինք լուսանկարելու, անմիջապէս վրայէն հանեց գորշ վերնազգեստը եւ ճերմակ մաքուր վերնաշապիկով կանգնեցաւ Մարինէի կողքին՝ պատրաստ նկարուելու: Ան սիրով նկարուեցաւ նաեւ ինծի հետ, յետոյ՝ զատ: Երբ հայաստանեան յուշանուէրները դրի սեղանին՝ քոնեաք, սեւ ձկնկիթ եւ փայտի վրայ քանդակուած դիմանկարը, յուզուեցաւ:
-Բայց ինծի արգիլուած է խմելը:
-Հոգ չէ, հիւրեր կ՚ունենաք,- ըսի ես:
Կոմիտասի քանդակը շատ ուրախացուց անոր, պայծառացաւ, խոհուն ու երկար նայեցաւ արձանին, յետոյ զայն տեղաւորեց սեղանի վրայ եւ կարծես ինչ-որ հաճելի զգացողութիւն իջաւ վրան:
-Անունդ ի՞նչ է, անուշի՛կ աղջիկ,- Մարինէի մազերը շոյելով հարցուց ան:
-Մարինէ,- պատասխանեց աղջիկս:
-Ամուսնացած չէ՞ տակաւին,- հարցուց ինծի՝ Մարինէէն հեռանալով:
-Ո՛չ, դեռ ժամանակը չէ,- ըսի ես:
-Ժամանակը չէ... ժամանակ...- խոշոր աչքերը խոնարհեց ու շարունակեց խօսիլ,- ես կրնամ ըսել միայն, որ տղամարդը պէտք է ամուսնանայ մինչեւ քսանը՝ առաջին անգամ, այնուհետեւ մինչեւ քառասունը՝ երկրորդ եւ երրորդ անգամ՝ քառասունէն վերջը:
-Բայց կարծեմ դուք այդպէս չէք վարուած, այդպէս չէ՞,- համարձակութեամբ ըսի ես ու յետոյ անյարմար զգացի իմ հարցումէս: Ան զգաց ատիկա, ժպտաց ու կրկնեց քիչ առաջ ըսած նախադասութիւնը.
-Ես խենթ եմ եւ երբեմն խենթութիւններ կ՚ընեմ:
Ես կը սպասէի, որ ան ահա ուր որ է՝ խօսք կը բանայ իր ստեղծագործութիւններու եւ գրականութեան մասին ընդհանրապէս, կը սկսի ինծի հարցումներ տալ, թէ իր գիրքերէն ո՛րը կարդացած եմ, ո՛ր հերոսը կը հաւնիմ, ո՛րը՝ ոչ: Բայց ան ուրիշ բաներու մասին կը մտածէր, միտքը զբաղուած էր յուզող հարցումով մը, որ կը մտահոգէր զինք:
-Տիկին Աճէմեան, նախ կ՚ուզեմ գիտնալ՝ ազգակցական կապ ունի՞ք Գուրգէն Մահարիին հետ:
-Ո՛չ, իմ ծնողքս Խարբերդէն է, իսկ ան վանեցի է:
-Ծնողք ունի՞ք:
-Հայր, մայր, երկու եղբայր եւ քոյր:
-Շատ լաւ է: Հարազատներ ունենալը երջանկութիւն է,- ըսաւ ան ու դարձեալ խորասուզուեցաւ միտքերուն մէջ, յետոյ դարձաւ ինծի:
-Սիրելի տիկին, մեր այս տունին տնօրէնը շատ ազնիւ կին մըն է, որուն հետ քանի մը ամիս առաջ շրջան ըրինք ամբողջ Ֆրանսան, որպէսզի հայկական ոճով յուշարձան մը գտնենք, ընդօրինակենք զայն եւ կանգնեցնենք մեր ծերանոցի գերեզմանատունը: Հայկական յուշարձան մը պէտք է հայկական ծերանոցի գերեզմանոցին համար,- ըսաւ ան՝ աչքերուս մէջ նայելով խոր ցաւով,- Կրնա՞ք օգտակար ըլլալ,- շարունակեց:
Յետոյ յոյսի ժպիտ մը խաղաց դէմքին, ու համոզուած ըսաւ.
-Հայ ճարտարապետներու գիրքեր, ալպոմներ ղրկեցէք ընտրութեան համար:
-Սիրով, անպայման կը ղրկեմ,- խոստացայ ես, ու այնպիսի տխրութիւն մը իջաւ վրաս, որ ես ակամայէն խոնարհեցի գլուխս:
-Գիտէ՞ք արդեօք,- նորէն շարունակեց Շահան Շահնուր,- մեր ծերանոցին մէջ վեց ռուս կայ: Անոնք ալ ոչ ոք ունին: Ուրիշ ազգի ծերանոցներ չընդունեցին զիրենք, բայց մեր տնօրէնուհին սիրով ընդունեց զանոնք: Կը խնդրեմ յուշարձաններու ալպոմները չմոռնաք...,- ըսաւ Շահնուր ու հայեացքը յառեց դէպի պատուհանը, ուրկէ կ՚երեւէր կապոյտ-կապոյտ բուռ մը երկինք, որուն մէջ փշրուած էր արեւը:
Ես հասկցայ, որ Շահնուրը յոգնած է ու մենք պէտք է հրաժեշտ տանք: Ես ու Մարինէն ոտքի ելանք: Շահան Շահնուրը ուղեկցեցաւ մեզի մինչեւ դուռը:
Վերադարձայ Երեւան:
Մինչ կը պատրաստուէի ծանօթ ճարտարապետներու օգնութեամբ գտնել ու Շահնուրին ղրկել հայկական յուշարձաններուն ալպոմը, Փարիզէն Երեւան հասաւ ողբագին լուրը:
...Հայրենի հողէն եւ իր ծննդավայրէն շատ հեռու, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ հիւծուած մարմինը հայ գրողի մը...
Ցաւօք Երեւանի մէջ ես չունեցայ նաեւ այն լուսանկարները, որոնք կատարուած էին մեր հանդիպման ժամանակ, որովհետեւ լոյսը բաւարար չէր այն տարիներու «Քիեւ» կոչուած լուսանկարչական գործիքին համար:
Տարիները յաջորդեցին միմեանց, հրատարակուեցան Շահնուրի ստեղծագործութիւնները ամբողջութեամբ: Լոյս աշխարհ եկաւ նաեւ Շահնուրի նամականին՝ երեք հատորով, որ պատրաստած է գրականագէտ Գրիգոր Քէօսէեան:
Եւ ահա նամականիի առաջին հատորին մէջ 1972թ. 8 նոյեմբերին Սէն-Ռաֆայելէն Շահնուր կը գրէ.
«Սիրելի Քէօսէեան, երէկ այցելութիւնը ստացայ անծանօթ կնոջ մը, որ կու գար Երեւանէն: Ըստ իր վկայութեան, խորունկ ցանկութիւն կայ զիս ունենալ Հայաստանի մէջ, գէթ կարճ ժամանակով: Բերած էր հայաստանեան քոնեաք եւ ձկնկիթ. բաներ որ ուրախացուցին իմ դրացի ռուս կինը»:
Հաճոյքով կարդացի այս տողերը եւ ակամայէն անդրադարձայ հեռաւոր տարիներու ծերանոցին եւ իմ յանդուգն քայլին՝ առանց նախազգուշացնելու գրողին՝ մուտք գործելով Սէն-Ռաֆայէլ:
Ակամայէն յիշեցի Սէն-Ռաֆայէլի հայկական ծերանոցը, յիշեցի այն ծերունիները, որոնք շրջապատած էին մեզ ու կը մրմնջային.
-Դուք հա՞յ էք, Հայաստանէ՞ն էք:
-Մենք ալ հայ ենք, մենք ալ տուն կ՚ուզենք երթալ:
-Համբուրեցէք սուրբ երկիրը:
-Օ՜, ինչպէս չկրցայ ես տուն դառնալ... ախ, էրգիր, էրգիր...
Կը յիշեմ անոնց աչքերը՝ ծխասեւ խորաններ, հանգած մոմերով ու այդ բոլորին մէջ կը տեսնեմ Շահան Շահնուրը՝ երգով նահանջողին, որ պարփակուած էր իր փոքրիկ սենեակին մէջ, եւ ո՞վ գիտէ՝ ի՞նչ կը խորհէր, ի՞նչ կ՚երազէր իր տարաբախտ քոյրերուն ու եղբայրներուն մասին, որոնց համար այլեւս նահանջելու տեղ չկար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024