ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Այս հանդիպման առթիւ Գումգաբու փութացած էին քաղաքիս Ասիական ափի համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք եւս միացած են Գալֆաեան տան ի նպաստ սկսած զօրակցութեան արշաւին՝ գլխաւորութեամբ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուի։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գալֆաեան տան ի նպաստ նախատեսուած տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ՝ վարչայինները այցելեցին Պատրիարքարան օրհնութիւն ստանալու համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Գալֆաեան տան յարատեւութեան համար գործադրուած ջանքերը։
Հարկ է նշել, որ Գալֆաեան տան տարեկան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է հոկտեմբերի 27-ին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024