ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ (1856-1905)
Մակար Եկմալեան՝ այս ականաւոր երաժիշտը եւ պատուական խմբավարը ծանօթ է իր սքանչելի «Պատարագ»ով։
Ան ծնած է Վաղարշապատ 1856 թուականին։ Իր մանկական հետաքրքրութիւնը երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած բացառիկ ընդունակութիւնը այդ արուեստին հանդէպ զինք առաջնորդած են մինչեւ բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններ։ Սուրբ Էջմիածնի Ժառանգաւորաց վարժարանը առաջին կեդրոնը եղաւ Մակարի միտքը եւ կազմաւորելու անոր նկարագիրը։ Այս վարժարանին մէջ Եկմալեան իբրեւ լաւագոյն ուսուցիչ ունեցաւ երաժշտագէտ Նիկողայոս Թաշճեանը։
Արդարեւ, Սուրբ Էջմիածնի շրջանակը ներշնչման ակնաղբիւր էր Եկմալեանին համար։ Յատկապէս տօնական օրերու առթիւ կազմակերպուած խրախճանքները մշտական առիթ էին վանքի ուսանողութեան եւ հոգեւորական դասուն՝ ականջալուր եւ ականատես ըլլալու ազգային զանազան պարաձեւերու, զուարճութեան խաղերու եւ պարերու, նուագածուներու կատարման եւ տոհմիկ երգերու հանդիսադրման։ Խանդավառութիւն առթող եւ կենսունակութիւն բուրող մթնոլորտը իր անմիջական բարերար ազդեցութիւնը կը ներգործէր շրջապատին վրայ։ Այս հրաշալի՜ պատեհութենէն մասնաւորաբար կ՚օգտուէր հետաքրքրասէրներու խմբակ մը՝ որ ուշի-ուշով կը հետեւէր եւ անդադար կը սղագրէր լաւագոյն երգերը եւ պարեղանակները՝ զանոնք ի սպաս կորուստէ փրկելու ազնիւ մտադրութեամբ։
Մակար Եկմալեանի երաժշտական ծաւալուն եւ եռանդուն գործունէութիւնը դժբախտաբար երկար չտեւեց, որովհետեւ հոգեկան խանգարում մը պատճառ հանդիսացաւ, որ հէգ երաժիշտը ժամանակ մը տուայտի եւ ապա հանգի՝ իր հոգին աւանդէ Թիֆլիզի մէջ՝ 1905 թուականին։ Անոր խոնջած մարմինը ամփոփուած է Թիֆլիզի Խոջեվանքի գերեզմանատունը։
Մակար Եկմալեան երաժշտի մեծագոյն արժանիքը անկասկած Ս. Պատարագի ներդաշնակումն է։
Եկմալեանէն առաջ բազմաձայնութեամբ զբաղուած են Գ. Երանեանը, Եղիա Տնտեսեանը, Տիգրան Չուխաճեանը եւ Ք. Կարա-Մուրզան։ Հայ երգերը բազմաձայնութեամբ օժտելու նախնական փորձերը եւ աշխատանքները բնական էր, որ ունենային իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Մակար Եկմալեան նոյնիսկ երբ ձեռնարկեց Պատարագը քառաձայնի վերածելու գործին, յակամայից դիմեց եւրոպական երաժշտամթերքին՝ օտար տարրերով եւ իւրայատկութիւններով տարազելու հայ հոգեւոր երգերը։
Կարելիութեան պարագային, Եկմալեան չվարանեցաւ եւրոպական երաժշտութեան գանձարանէն փոխ առնելու եւ կիրառելու այնպիսի ձեւեր եւ միջոցներ, որոնք կրնային համապատասխանել հայ երաժշտութեան առանձնայատկութիւններուն եւ նկարագրին։
Եկմալեանի Պատարագի հրատարակութենէն քանի մը տարի ետք, 1898 թուականին, «Արարատ» պաշտօնաթերթին մէջ երեւեցաւ Կոմիտասի յօդուածը՝ «Երգեցողութիւնք Սուրբ Պատարագի» վերնագրով։ Եկմալեանի Պատարագի յառաջաբանի մէջ արտայայտուած այն թիւր կարծիքը՝ որ հայ երաժշտութիւնը «արաբա-իրանական»ի ճիւղ մըն է, արդարօրէն զայրացուցած է Կոմիտասը, որ իր համոզիչ փաստերով եւ խիստ գիտական եւ տրամաբանական ապացոյցներով կը պնդէ, թէ՝ հայ ժողովուրդը ունի իր ուրոյն, ինքնատիպ եւ հարուեստ երաժշտութիւնը։
«Հայ ինքնուրոյն երաժշտութեան մը չգոյութեան մասին շատեր արտայայտուած էին։ Անոնք կ՚առարկէին որ. հայը չունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն, իսկ եղածն ալ ինչ որ «ասորա-բիւզանդական», «հնդկա-պարսկական» խառնուրդ է»։
Ինչ խօսք, որ Եկմալեանի փափուկ սիրտը սաստիկ վշտացած էր այդ քննադատական գրախօսականէն։
Կոմիտաս սակայն անաչառ էր եւ արդա՛ր։ Ուստի, տկար կողմերու քննադատութեամբ չսահմանափակեց իր յօդուածը, այլեւ մատնանշեց լաւ կողմերը։ Անոր գնահատականը ամփոփուած է հետեւեալ ձեւով՝ «Պատարագի ներդաշնակութիւնը, պարզութեամբ հանդերձ, շքեղ է հնչումով»։
Արդարեւ, ի հակադրութիւն Կոմիտասի «Պատարագ»ին՝ որ բազմաձայնական է. «polyphonic», եւ ուր ձայները միահիւսուած են սքանչելի եղանակներով, Եկմալեանի «Պատարագ»ը գերազանցապէս միաձայնական է. «homophonic»։
Ձայներու շարժումը տեղի ունեցած է միայն համաձայն երաժշտական կանոններու…
- Օգտուեցանք՝ Զենոբ Քհնյ. Նալպանտեանի ուսումնասիրութենէն, հրատարակուած՝ «Արմաշ» պարբերագրքի մէջ. Մոնթրէալ, 1990։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 16, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024