Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
Տ. ԹԷՈԴԻԿ ՔՀՆՅ. ՉԵԹԻՆՔԱՅԱ՝ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսում ստանալէ վերջ երկար տարիներ ծառայած էր Հայաստանէ ներս։ Տէր հայրը վերջերս որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը եւ այս առթիւ ան ընդունուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ, որ իրեն տուաւ իր օրհնութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, թէ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը, ուր կը համալրէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը։
Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա նշանակուած է Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024