ԿԱՆԱՆՑ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ… ՏԱԿԱՒԻՆ…
Մարդու իրաւունքներու ոտնահարումն ու բռնութիւնը, որ համաշխարհային խնդիր է, հասարակութեան վրայ կործանարար ազդեցութիւն ունեցող երեւոյթ մըն է։ Բռնութեան զոհերու մեծամասնութիւնը կը կազմեն կիներ, ինչ որ վերջին օրերուն ողողած է օրակարգը։ Սա ընկերային կարեւորագոյն խնդիրներէն մին է։
ՄԱԿ-ի Կանանց դէմ խտրականութեան վերացման կոմիտէի տուեալները ցոյց կու տան, որ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր երրորդ կին կ՚ենթարկուի ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան, սովորաբար զուգընկերոջ կողմէ:
Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն՝ կանանց սպանութիւնները սովորաբար կը կատարուին այր մարդոց կողմէ, սակայն երբեմն կը մասնակցին ընտանիքի կին անդամները։ Կանանց սպանութիւնները մեծ մասամբ կը կատարուին ամուսիններու կամ նախկին զուգընկերներու կողմէ։
Կանանց դէմ բռնութիւնը կը յանգեցնէ մարդու հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման. օրինակ՝ կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի արգելումը, ազատութեան ու անվտանգութեան իրաւունքը եւ ֆիզիքական ու հոգեբանական առողջութեան իրաւունքը։ Կանանց իւրաքանչիւր սպանութիւն ոտնձգութիւն է կիներու՝ վատ վերաբերմունքի արժանանալու եւ անոնց կեանքի իրաւունքի դէմ:
Ընկերային եւ տնտեսական կեանքի, կախուածութիւն յառաջացնող նիւթերու օգտագործման եւ բռնութեան նման բազում գործօններ ազդեցութիւն ունին անհատի վրայ՝ սկսեալ մանկութեան տարիներէն։ Այս համատեսքին վրայ կարեւոր է համակարգուած եւ բազմաչափ ուսումնասիրութիւններ իրականացնել՝ բռնութեան պատճառները, ինչպէս նաեւ բռնութեան պատճառները վերացնելու եւ կանանց սպանութիւններու դէմ արդիւնաւէտ պայքարելու նպատակով: Կանանց սպանութիւններու կանխարգիլումը եւ կանանց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը կը պահանջէ համապատասխան կառոյցներու համագործակցութիւնն ու պայքարը՝ օգտագործելով բոլոր համապատասխան միջոցները։
Կանանց դիտաւորեալ սպանութիւնը տակաւին ներկայիս կը շարունակէ մնալ համաշխարհային խնդիր: ՄԱԿ-ի վերջին գնահատականներու համաձայն՝ տարեկան 50 հազար կին եւ աղջիկ կը սպաննուի զուգընկերներու կամ ընտանիքի այլ անդամներու կողմէ: Այս թիւը կը ներառէ միայն ընտանիքի անդամի կամ զուգընկերոջ կողմէ սպաննուած կանանց դէպքերը եւ չի ներառեր կանանց եւ աղջիկներու նպատակային ու դիտաւորեալ սպանութիւնները պատիւի կամ ընտանիքէ ներս հակամարտութեան հետ կապուած սպանութիւններու համատեսքին մէջ:
Հակառակ թիւրուն, այս դէպքերուն շատերը չեն հաղորդուիր: Բացարձակ թիւով, զուգընկերներու կամ ընտանիքի անդամներու կողմէ կանանց սպանութիւնները աւելի տարածուն են Ասիոյ մէջ, ՄԱԿ-ի վերջին զեկոյցին մէջ կարելի է տեսնել 20 հազար սեռային սպանութիւն։ Ասիոյ կը յաջորդեն Ափրիկէն (19 հազար) եւ Ամերիկան (8 հազար) եւ Եւրոպան (3 հազար)։
Կանանց սպանութիւններու վերաբերեալ տուեալներ հաւաքելը եւ անոնց թիւը որոշելը շատ դժուար է, քանի որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդասպանի եւ զոհի յարաբերութիւններու եւ սպանութեան պատճառներու վերաբերեալ տուեալներ չեն արձանագրուիր սպանութեան գործերուն: Սակայն կան ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ կանանց սպանութիւնները տարածուն են ամբողջ աշխարհի վրայ։
Այն ինչ, որ կը փտացնէ հասարակութիւնը, չկիրառուող օրէնքներն են։ Հասարակութիւնը կը քայքայուի ոչ թէ ինքն իրեն, այլ իշխանութեան քաղաքականութեան արդիւնքին, ինչ որ կը վտանգէ ընկերային համերաշխութիւնն ու հաւասարութիւնը։ Կիներ երբ դիմեն ոստիկանական բաժանմունքներ եւ բողոքեն, թէ իրենք յամառօրէն կը հետապնդուին, անոնք յաճախ հաշուի չեն առնուիր։ Հետեւաբար, կանանց մահերու մեծամասնութիւնը պարզ տեսանելի կը դառնայ: Կարելի է կանխատեսել, որ դէպքերը համակարգուած ձեւով կ՚աւելնան։
Բռնութեան կանխարգիլումը եւ ձեռնարկուելիք քայլերը բաղկացած չեն միայն յանցագործներու բուժումէն կամ վերականգնումէն: Բռնութեան անպատժելիութիւնը լուրջ անվստահութիւն եւ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ հասարակութեան մէջ. միայն թմրանիւթի օգտագործումը բռնութիւնը բացատրող գործօն չէ: Իրատեսական չէ ակնկալել, որ կանանց դէմ բռնութիւնը կը վերջանայ այնպիսի քաղաքականութիւններով, որոնք հաշուի չեն առներ կամ ուղղուած չեն սեռային հաւասարութեան:
Փորձագէտներու կարծիքով, երբ խօսքը կը վերաբերի կանանց սպանութիւններուն, յանցագործները յաճախ կը պատճառաբանեն թմրամիջոցներու ազդեցութեան տակ գտնուելու, խելագարուելու, մտաւոր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելու կամ դատարանի մէջ հոգեբանական շեղումներ ունենալու նման պատրուակներ: Այնուամենայնիւ, անոնք կը նշեն, որ կանանց նկատմամբ բռնութիւնը «օրինականացնող եւ բնականացնող» որեւէ ջանք պէտք է կանխուի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024