ՓԱՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹԸ
Մեր հրապարակախօսութիւններուն մէջ վստահաբար բազմիցս խօսած ենք կորսուող սփիւռքին մասին. մերօրեայ սփիւռքը այսպէս կամ այնպէս, կէս մը կիսամահ, կէս մը մահամերձ կը փորձէ իր գոյութիւնը պահել, սակայն կան որոշ գաղութներ, որոնք շատ աւելի շուտ մահանալու դատապարտուած են՝ քան ուրիշներ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Եգիպտոսի հայ գաղութը. այս գաղութը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունի եւ պէտք է ունենայ իր ուրոյն դերն ու տեղը, որովհետեւ այսօր թէեւ լճացած, անցեալին եղած է սփիւռքի ամենէն աշխոյժ գաղութը՝ իր ազգային գործունէութեամբ: Եգիպտահայ գաղութի աշխուժութիւնը պարզելու համար բաւարար է ըսենք, որ անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսած են աւելի քան 82 տարբեր օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր եւ պարբերականներ։ Եգիպտահայ գաղութը ունեցած է մի քանի տասնեակ տպարաններ. ինչպէս օրինակ՝ «Արեւ»ը, «Յուսաբեր»ը, «Նեղոս»ը, «Արգոս»ը եւ ուրիշներ:
Հայ բանասէր ու պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան իր «Եգիպտոսի նահանգը եւ հայերը» աշխատութեան մէջ կը յայտնէ, որ եգիպտահայ գաղութը գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. Ա. դարուն եւ անոր մասին յիշատակումներ կարելի է գտնել հռոմէական պատմիչ Սալիւստոսի մօտ, որ երկար տարիներ եղած է Եգիպտոսի կառավարիչը: Դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը մի՛շտ Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւնները պահած է առողջ սիւներու վրայ. օրինակի համար՝ մեր մեծագոյն իմաստուններէն Մովսէս Խորենացի եւ Եղիշէ Պատմիչ իրենք մեկնած են Եգիպտոս, այդտեղ կատարելագործելու համար իրենց ուսումը. այնքան շա՛տ եղած է հայերուն թիւը Եգիպտոսի մէջ, որ մինչեւ իսկ ունեցած ենք հայ կառավարիչներ. պատմութիւնը անոնցմէ կը յիշէ Ներսէս Բասենցին, Արտաւան Արշակունին եւ ուրիշներ:
Պատմութիւնը կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի մէջ հայութեան թիւը աճ արձանագրած է մասնաւորաբար Ֆաթիմեան սուլթաններու օրով. յիշատակութեան արժանի է նաեւ պատմական այն փաստը, որ Ներսէս Շնորհալիի հօրեղբայրը՝ Վահրամ Պահլաւունին եղած է Եգիպտոսի վէզիր, որու օրով Եգիպտոսի մէջ եղած է նաեւ հայկական բանակ:
Սակայն վերջին հարիւրամեակներու ընթացքին Եգիպտոսի հանդէպ սէրը զարգացաւ առեւտուրի միջոցով. Եգիպտոս տնտեսական վերելք ապրեցաւ եւ այս մէկը պատճառ եղաւ, որ բազմաթիւ հայեր գաղթեն Եգիպտոս եւ իրենց գործունէութեամբ զբաղին. այս ժամանակահատուածին երեք հազար հաշուող եգիպտահայ գաղութի թիւը բարձրացաւ 15 հազարի։ Եգիպտոսի մէջ հայերը կը զբաղէին ծխախոտի, կօշիկի եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու արտադրութեամբ։ Անոնցմէ կարելի է յիշել Շաւարշ Իմիրզեանը, Նազարէթ Զամպաքճեանը, Պօհճալեան եղբայրքը, Կարապետ Սըմսարեանը, Ներսէս Չաքըճեանը եւ ուրիշներ, որոնք եղած են յայտնի վաճառականներ եւ իրենց բարիքներով օժտած նաեւ հայ համայնքը: Այդ վաճառականներու հայրենասիրութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ հայկական մեծագոյն բարեգործական հաստատութեան՝ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), որուն գլուխն էր Պօղոս Նուպար փաշան, որ իր կարեւոր տեղը ունի թէ՛ ընդհանուր ազգային եւ թէ՛ մասնաւորաբար եգիպտահայ կեանքին մէջ:
Այսօր որպէս «հարուստ» գաղութ կը նկատուի Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը եւ ուրիշներ, սակայն անցեալին այդ մէկը բաժինն էր Եգիպտոսին, որ հայրենիքէն դուրս նոր հայրենիք մըն էր:
Տարիներ շարունակ այդտեղ գործած է «Հայ ոսկերչաց կրթասիրական միութիւն»ը, «Ազգային Գալուստեան վարժարան»ը, «Նուպարեան ազգային վարժարան»ը, «Արարատեան քոլէճ»ը, «Թաշճեան վարժարան»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ. երկար տարիներ գործած է «Արծիւ» թատերախումբը. ունեցած ենք մարզական խումբեր՝ հեծանիւի, ոտնագնդակի, ըմբշամարտի եւ այլ մարզաձեւերու երիտասարդ մարզիկներով. ունեցած ենք «Նուպար» մարզական միութիւնը:
Եգիպտահայ գաղութի յաջողութիւնները կարելի է ամփոփել բազմահազար էջերու մէջ, սակայն մեր նպատակը այդ չէ. մերը պարզապէս մտահոգութիւն է, որ նման գաղութ մը ինչպէ՞ս այսօրուան «համեստ» վիճակը ստացաւ եւ նօսրացաւ. արդեօք նոյնը պիտի ըլլա՞յ մեր միւս գաղութներուն հետ եւս. այն գաղութները, որոնք անցեալին եւ ինչու չէ մինչեւ այսօր փայլուն պատմութիւն ունին, պիտի արժանանա՞ն եգիպտահայ գաղութի ճակատագիրին. երէկ հպարտութեամբ խօսեցանք սուրիահայ համայնքի աշխոյժ գործունէութեան մասին, սակայն կը վախնանք, որ ուշ կամ կանուխ բոլոր գաղութները արժանանան եգիպտահայ գաղութի դժբախտ ճակատագիրին եւ ժամանակի ընթացքին նօսրանան եւ քիչ քիչ ոչնչանան:
Այդ ճակատագիրէն հեռու մնալու համար այսօր մեզի պէտք է են հայրենասէր անձեր՝ վաճառականներ, որոնք ազգն ու ազգութիւնը աւելի առաջնահերթ կը նկատեն քան սեփական շահերը։ Անցեալի պատմութիւնը ապացոյց է անոնց անհրաժեշտ գոյութեան, որովհետեւ եգիպտահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ եւ նոյնիսկ միւս գաղութները անձնուէր հայերու շնորհիւ ստեղծուեցան, սակայն անտարբերութեան պատճառով կը մերկանան իր փառքէն... եւ դէպի անդունդ կ՚ընթանան:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նոյ Նահապետ առաջին անգամ Հայաստանի մէ՞ջ ապրեցաւ:
Պատասխան. Աւանդութեան համաձայն, ջրհեղեղէն ետք Նոյ հաստատուած է Հայաստանի տարածաշրջանին մէջ. պատմութեան համաձայն, Նոյի տապանը հանգրուանած է Արարատ լերան վրայ, որ Հայաստանի ազգային խորհրդանիշն է: Այդ իսկ պատճառով Նոյ յատուկ տեղ ունի հայ ժողովուրդի մշակութային պատմութեան մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024