ՀԱՅՈՑ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Թարգմանչաց տօնը հայոց տօնացոյցի այն տօներէն է, որ յաճախ խոհերու տեղիք կու տայ: Այս տօնը կը հմայէ, կը ներշնչէ եւ ինքնավստահութեամբ կը լեցնէ մեր հոգիները:
Առհասարակ, թարգմանութեան պատմութիւնը քաղաքակրթութեան պատմութիւն է: Հինգերորդ դարու հայ թարգմանիչներուն կատարած աշխատանքը փարոսի պէս լուսաւորած է հայ մշակոյթի, պատմութեան, մեր ինքնութեան ճանապարհը:
Որքան կրօնական, նոյնքան ալ ազգային բնութագիր ունեցած է հայ թարգմանիչներուն կատարած գործը:
Ակնյայտ է, որ հայ ինքնութեան հիմքը դրուած է այդ շարժման սկզբնաւորմամբ:
Միայն տառեր ունենալը բաւարար չէ, պէտք էր աշխարհը հասկնալի դարձնել այդ տառերով, ինչն ալ ըրին առաջին հայ թարգմանիչները: Յստակ է, որ հայերը, տառերու գիւտին հետ միասին քալած են քաղաքակրթութեան ճանապարհով:
Այն լեզուներէն է հայերէնը, որով ընդհանրապէս թարգմանուած են համաշխարհային գրականութեան գոհարները:
Թարգմանիչներու տօնը խորհելու կ՚առաջնորդէ նաեւ այն առումով, որ այս գործը ձեռնարկած մարդը որքա՜ն համբերութիւն, տքնանք, գիտելիք կը դնէ իր աշխատանքին մէջ: Մասնագիտական, մարդկային ազնիւ որակներ կը կրէ թարգմանիչ մը. ան նաեւ շատ զգոյշ է՝ վրէպներ չկատարելու, ստեղծագործութեան ամբողջ ոգին փոխանցելու համար: Այս մէկը նաեւ քաջութիւն կը պահանջէ, ու անպայման քաջ գիտնալու է այն լեզուն, որմէ կը կատարուի թարգմանութիւն մը: Յաճախ թարգմանիչ մը իր ողջ կեանքը կը ներդնէ՝ այս գործին ողջ գաղտնիքները իւրացնելու, անոնք կրելու եւ կիրառելու համար:
Թարգմանիչներու տօնը նախ այն տօնն է, որ Հայ Եկեղեցին սահմանած է քանի մը անգամ եւ այդ մէկը պատահական չէ, քանի որ մեր եկեղեցին անչափ կարեւոր խորհուրդներ եւ պատգամներ կը տեսնէ այս տօնին մէջ:
Բուն Բարեկենդանին նախորդող կիրակիէն առաջ՝ շաբաթ օրը, կը տօնուի յիշատակը Ս. Սահակ Պարթեւին, որ բացի հայ առաջին թարգմանիչներէն մէկը ըլլալէ, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 10-րդ կաթողիկոսն էր, քաղաքական եւ մշակութային նշանաւոր գործիչ, քարոզներու եւ հոգեւոր օրհներգերու հեղինակ: Ստոյգ յայտնի է, որ թագմանչական առաջին փորձը Մեսրոպ Մաշտոցին կը պատկանի, բայց Ղազար Փարպեցին Սուրբ Գիրքի ամբողջական թարգմանութիւնը կը վերագրէ Ս. Սահակին: Օրմանեան, յենլով Փարպեցիի գրածին, կ՚եզրակացնէ. «Ս. Գիրքի առաջին կտորները, կամ փորձերը Մեսրոպը կատարեց ասորերէնէ, սակայն արդիւնքը գոհացուցիչ չնկատուեցաւ, եւ յունական թարգմանութեան գերազանցութիւնը յայտնի ըլլալով, Սահակը պարտաւորուեցաւ կամ առաջին թարգմանութեան մէջ յունականի հետ համապատասխան ուղղումներ ընել, կամ իր ձեռքի տակ ունենալով ասորերէն բնագիրը՝ յունարէնի հետ համեմատական նոր թարգմանութիւն մը ստեղծել: Եւ այսպէս ստեղծուեցաւ Սուրբ Գիրքին հայերէն ամբողջական թարգմանութիւնը Սահակի կողմէն թարգմանուած եւ անոր թէ՛ կաթողիկոսական եւ թէ՛ գիտական հեղինակութեամբ հաստատուած»:
Հայ ժողովուրդը յունիսի վերջին կամ յուլիսի սկիզբին կը նշէ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Սահակ Պարթեւին տօնը՝ Օշականի մէջ («Սրբոց թարգմանչացն մերոյ Սահակայ եւ Մեսրոպայ»)։
Այս շրջանին՝ հոկտեմբերին՝ Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցին եւ իր աշակերտ-թարգմանիչներուն տօնը («Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ՝ Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսիսի Քերթողին, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացիի եւ Ներսէսի Կլայեցւոյ»):
ՓՈՒԹԱՆԱԿԻ ԵՒ ԸՆԿԱԼԵԱԼ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Գիրերու գիւտէն յետոյ ի յայտ եկած Թարգմանչաց շարժումը ոչ միայն թարգմանական գործունէութիւն կատարելու նպատակ ունէր, այլ ստոյգ է, որ գաղափարաքաղաքական անկախութեան հաստատման կը ձգտէին այդ շարժման առաջնորդները:
Այդ շարժումը նաեւ պետական շահեր առաջ կը տանէր. թուլցած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէնէն հայերէնի վերածելու նպատակ կար: Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին ինքնութեան պաշտպանման:
Ըստ Մովսէս Խորենացիի, ամբողջ Սուրբ Գիրքը թարգմանուած է Սամոսատի մէջ։ Այս թարգմանութիւնը կը նկատուի «Փութանակի թարգմանութիւն», որով հապճեպ եւ աճապարանքով կատարուած է: Աստուածաշունչի թարգմանութեան զուգահեռ կը թարգմանուէին նաեւ եկեղեցւոյ հայրերու երկեր։ Թարգմանական արուեստին մէջ հմտանալու նպատակով Եդեսիա եւ Բիւզանդիա կը ղրկուին Եզնիկ Կողբացին, Յովհան Պաղնացին, Կորիւնը եւ այլք։ Եփեսոսի տիեզերական ժողովէն յետոյ Հայաստան վերադառնալով՝ անոնք կը բերեն Սուրբ Գիրքի ընտիր օրինակներ։ Ասոնց հիման վրայ կը ճշդուի արդէն եղած թարգմանութիւնը, կը սրբագրուի եւ կը խմբագրուի: Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը արդէն կ՚անուանուի «Ընկալեալ»։
Ըստ Խորենացիի վկայութեան՝ ի սկզբանէ Հին կտակարանէն թարգմանուած են նախականոն գիրքերը։ Թէ ո՛ր լեզուէն կատարուած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, մասնագէտները այս հարցին մէջ համակարծիք չեն։ Որոշներ կը կարծեն, թէ թարգմանուած է յունարէնէ, միւսներն ալ կը նշեն ասորերէնը: Առաւել ընդունելի եւ գերիշխող տեսակէտը այն է, որ Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքեր թարգմանուած են ասորերէնէ, յետոյ սրբագրուած յունարէն թեքստերու համեմատութեամբ։ Սակայն սրբագրման ժամանակ սրբագրիչներու տեսադաշտէն որոշ բաներ դուրս մնացած է կամ անկարեւոր նկատուած անոնց կողմէ։
Հայ հոգեւոր-մտաւոր մշակոյթի զարգացման պատմութեան մէջ մասնագէտները անգնահատելի կը նկատեն Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան դերը: Միջնադարեան գրականութիւնը, արուեստը, գիտութիւնը ներծծուած են Սուրբ Գիրքի գաղափարներով:
Աստուածաշունչը ծնունդ տուած է հսկայածաւալ բնագաւառի մը՝ Մեկնողական գրականութեան, որ մասնաւորաբար Հայ եկեղեցական մատենագրութեան ամենատարածուած մարզերէն է։ Օտար մասնագէտներու կարծիքով ալ արեւելաքրիստոնէական գրականութեան մէջ մեկնողական գրականութեամբ ամենահարուստը հայ գրականութիւնն է, որ վերլուծած է սուրբգրային թեքստերը, բացատրած այլաբանական իմաստները, ի վերջոյ՝ քարոզած Աստուածաշունչը: Մեկնողական երկերու շնորհիւ Աստուածաշունչը անուղղակիօրէն նպաստած է միջնադարեան Հայաստանի մէջ բնագիտական եւ տիեզերագիտական հայեացքներու ձեւաւորման։
Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է միջնադարեան հոգեւոր բանաստեղծութիւններու վրայ: Յիշատակելի են մասնաւորապէս Սուրբ Գիրքի վերապատումը հանդիսացող Գրիգոր Մագիստրոսի, Ներսէս Շնորհալիի Առաքել Սիւնեցիի եւ այլոց կարգ մը քերթուածներ։ Սաղմոսներու որոշակի ազդեցութեամբ յօրինուած են շարականները։
Աստուածաշունչը զգալի հետք ձգած է նաեւ դաւանաբանական, սրբախօսական, ճառագրական երկերու, միջնադարեան կերպարուեստի՝ մանրանկարչութեան վրայ։ Գրչութեան արուեստի զարգացման մէջ նոյնպէս անփոխարինելի է Աստուածաշունչին դերը: Ըլլալով ամենալաւ մագաղաթի վրայ ընդօրինակուած մատեաններէն, ի մտի ունենալով անոր բացառիկ կարեւորութիւնը՝ միջնադարու գրիչները յատուկ հոգածութեամբ վերաբերուած են անոր բազմացման գործին։
Մեծ է Աստուածաշունչի ազդեցութիւնը նաեւ ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ, քանի բազմաթիւ աւանդութիւններ եւ զրոյցներ իրենց ակունքներով կը կապուին Սուրբ Գրքին։ Անոնցմէ շատեր պարզապէս աստուածաշունչեան պատումներու տեղայնացուած տարբերակներն են:
Եւ վերջապէս մեր լեզուի, մեր ոսկեղենիկ մայրենիի ուսումնասիրութեան համան անհերքելի է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան դերը: Այս իմաստով ան առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան մէջ՝ ըլլալով ճշգրիտ թուագրուած յուշարձան։ Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ Սուրբ Գրքի՝ մեզի հասած բնագիրը կը ներկայացնէ հինգերորդ դարու թարգմանութեան եւ հայերէնի անաղարտ վիճակը եւ առատ նիւթ կը մատակարարէ հայոց լեզուի ուսումնասիրման կարգ մը մարզերու՝ հնչիւնաբանութեան, ստուգաբանութեան, բառակազմութեան, շարահիւսութեան, ձեւաբանութեան համար։
Եւ նաեւ պէտք չէ մոռնանք, որ թարգմանութիւնը ինքը այնքան կատարեալ եղած է, որ օտարներու կողմէ Նոր կտակարանի հայերէն թարգմանութիւնը նկատուած է «Թագուհի թարգմանութեանց»: Հաստատուած է, որ անոր միջոցով հնարաւոր է վերականգնել յունարէն բնագրի նախնական ընթերցուածները։
18-19-րդ դարերուն արդէն հայերէն Աստուածաշունչը օգտագործուած է որոշ հրատարակչութիւններու մէջ՝ յունարէնը վերականգնելու համար։
Սուրբ Գրքի հայերէն թարգմանութիւնը նոյնքան օգտակար է նաեւ ասորական եւ վրացական աստուածաշնչական թարգմանութիւններու ուսումնասիրման համար։ Վրացերէն Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքերու թարգմանութիւնը կատարուած է հայերէնէն։
Հետաքրքրական փաստ է այն, որ հայերէն Աստուածաշունչը դարեր շարունակ խմբագրման չէ ենթարկուած: Սահակ-Մեսրոպեան թարգմանութիւնը, դառնալով Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական բնագիրը, այնպիսի հեղինակութիւն մը ձեռք ձգած է, որ անոր որեւէ փոփոխութիւն սրբապղծութեան համազօր նկատուած է:
Աստուածաշունչի հայերէն բնագիրը առայժմ քանի մը հրատարակութիւն ունեցած է, որոնցմէ առաջինը ինչպէս յայտնի է, Ամսթերտամի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տպագրատան մէջ հրատարակուած է՝ հայ հոգեւորական, մշակութային գործիչ, տպագրիչ եւ լեզուաբան Ոսկան Երեւանցիի ջանքերով՝ 1666-1668 թուականներուն: Ամսթերտամի մէջ տպագրուած այս մատեանը կը նկատուի հայ հին տպագրութեան լաւագոյն նմոյշներէն մին:
ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԱՐՈՒԵՍՏ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գիտական հիմնարար գրադարանի մասնագէտները ստեղծած են «Թարգմանչաց արուեստ» առցանց շտեմարանը, որու խորագիրը արդէն կը յուշէ հայերէն թարգմանական գրականութիւնը ներկայացնելու մասին:
Շտեմարանին մէջ ներառուած են զանազան ժամանակահատուածներու ընթացքին այլ լեզուներէ հայերէն թարգմանուած տպագիր գիրքերը՝ համապատասխան մատենագիտական նկարագրութիւններով, հնարաւորութեան պարագային նաեւ՝ թուային տարբերակներով։ Այս շտեմարան ստեղծողները ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են միայն առանձին գիրքերու կամ ժողովածոներու մէջ տպագրուած թարգմանութիւններու վրայ: Յետագային նախատեսուած է շտեմարանին մէջ նաեւ ներառել պարբերական մամուլին տպագրուած թարգմանութիւնները։
Շտեմարանի ձեւաւորման նպատակն է նաեւ ընդհանուր դաշտի մը մէջ ներկայացնել հայ թարգմանիչներուն՝ առանց գործունէութեան վայրի, ժամանակի եւ լեզուի սահմանափակումներու։ Ուսումնասիրելով շտեմարանին մէջ ներառուած թարգմանական գրականութեան աշխարհագրութիւնը՝ նկատելի է, որ 18-19-րդ դարերուն, ինչպէս նաեւ՝ 20-րդ դարու սկիզբին Պոլիսը եղած է հայ թարգմանական գրականութեան յառաջատար կեդրոններէն մէկը: Հոս անմիջապէս բնագիր լեզուէն հայերէնի թարգմանուած են համաշխարհային գրականութեան գլուխ գործոցներ, որոնց հայերէն թարգմանութիւնները մինչեւ հիմա կը մնան անգերազանցելի՝ շնորհիւ այդ ժամանակներու պոլսահայ թարգմանիչներու, որոնք եւրոպական լեզուներու բարձրակարգ կրթութիւն ստացած էին:
«Թարգմանչաց արուեստ» առցանց շտեմարանը հասանելի է բոլորին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024