ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՄՔ՝ ՄԵՂՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանրապէս կը հարցուի, թէ մարդկային կամքի ազատութիւնը կրնա՞յ պատճառ ըլլալ մեղքի, քանի որ եթէ գոյութիւն չունենար այդ ազատութիւնը՝ մեղք ալ գոյութիւն պիտի չունենար։ Այս հարցումը կը բերէ երկրորդ հարցում մը՝ թէ մարդ եթէ միայն բնազդով շարժէր, մեղք պիտի գործէ՞ր։ Զոր օրինակ, բնազդով շարժող անբան անասուններ «մեղք»ի գաղափարը չունին, քանի որ բանականութիւն եւ ազատ կամք չունին, եւ չարը եւ բարին զանազանելու եւ ընտրելու կարողութիւն չունին։
Մարդուն բանականութիւնը եւ կամքի ազատութիւնը սահմանաւոր է եւ սխալակա՛ն։ Մարդ, իրապէ՛ս կը սխալի, քանի որ ընտրութիւն մը ընելու կոչուած է։ Եւ մարդ կը մեղանչէ ազատօրէն։ Ըսենք՝ մարդ մեղանչելու ազատութիւնը ունի։
Նախամարդը մերժելով Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը, ան ինքզինք խաբեց։ Մարդը մեղքին ստրուկ դարձաւ։
Մարդուն այս առաջին օտարացումը ծնունդ տուաւ բազմթիւ այլ օտարացումներու։ Մարդկութեան պատմութիւնը, իր ծագումէն սկսեալ, վկան է դժբախտութիւններու եւ կեղեքումներու՝ որոնք ծնան մարդուն սրտէն, իբր հետեւանք ազատութեան եւ բանականութեան յոռի գործածութեան։
Սա անվիճելի է, որ ազատութեան կիրարկումը չի պարունակեր ամէն ինչ ըսելու եւ ամէն բան ընելու իրաւունքը։
Սխալ է յաւակնիլ, թէ ազատութեան ենթակայ մարդը ինքնաբաւ եւ ամեանակարող է, թէ իբրեւ նպատակ ունի գոհացնել իր անձնական շահը՝ երկրաւոր բարիքներու վայելքին մէջ։
Այլուստ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային պայմանները, որոնք կը պահանջուին ազատութեան ուղիղ գործածութեան համար, շատ անգամներ անգիտակցուած են եւ բռնարարուած։
Կուրացումի եւ անտարբերութեան՝ անարդարութեան այս կացութիւնները կը ճնշեն բարոյական կեանքին վրայ եւ թէ՛ զօրաւորները եւ թէ տկարները ընդդէմ սիրոյն մեղանչելու փորձութեան մէջ կը ձգեն։ Շեղելով բարոյական օրէնքէն, մարդը վնաս կը հասցնէ իր իսկ ազատութեան, ինքզինք կը կաշկանդէ, կը խզէ եղբայրութինը՝ մարդասիրութիւնը իր նմաններուն նկատմամբ եւ կ՚ըմոստանայ «աստուածային Ճշմարտութեան» դէմ։
Քրիստոսի շնորհքը մեր ազատութեան հետ ինքզինք բնաւ մրցակից չի դարձներ, երբ ազատութիւնը կը համընկի ճշմարտութեան եւ բարիին զգացումին հետ, զոր Աստուած դրած է մարդուն սրտին մէջ։
Ընդհակառակը, ինչպէս որ քրիստոնեայ փորձառութիւնը եւ աւանդութիւնը մանաւանդ աղօթքին մէջ կը վկայէ, մենք որքան աւելի հնազանդ ըլլանք շնորհքին դրդումներուն, այնքան աւելի մեր մէջ կ՚աճին մեր ներհուն ազատութիւնը եւ մեր ինքնավստահութիւնը նեղութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին ճնշումներուն եւ ստիպողութիւններուն դիմաց։
Շնորհքին ներգործութեամբ, Սուրբ Հոգին կը դաստիարակէ մեզ հոգեւոր ներքին ազատութեան մէջ, որպէսզի մեզ ազատ գործակիցներ ընէ Իր գործին՝ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի վրայ։
Իր փառաւորեալ Խաչով, Քրիստոս ձեռք ձգեց փրկութիւնը բոլոր մարդոց։ Փրկանաւորեց զանոնք մեղքէն, որ զանոնք ստրուկ կը պահէր։ «Քրիստոս մեզ ազատագրեց որպէսզի ազատ մնանք». (ԳԱՂ. Ե 1)։ Անոր մէջ մենք կը հաղորդուինք ճշմարտութեան, որ մեզ ազատ կը դարձնէ։ Սուրբ Հոգին տրուեցաւ մեզի, եւ ինչպէս կ՚ուսուցանէ Առաքեալը. «հոն… ուր Հոգին է, հոն ազատութիւն է». (Բ ԿՈՐ. Գ 17)։ Մարդ կը փառաւորուի Աստուծոյ որդիներուն ազատութեամբը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 8, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024